«Լաթաքիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 78.
 
Թէեւ տարածքը բնակուած է Ք.Ա. 2-րդ հազարամեակին, սակայն քաղաքը հիմնուած է 4-րդ դարուն, Սելեւկեան կայսրութեան օրով: Հետագային Լաթաքիան ղեկավարած են հռոմեացիները, ապա `8-րդ դարուն՝ Ումմաադներն ու Ապպասիաները: Բիւզանդացիները նոյնպէս իշխած են քաղաքին, յաճախ փախումներ ունենալով  արաբներուն եւ յատկապէս Ֆաթիմիդներուն հետ: Հետագային Լաթաքիան ղեկավարած են յաջորդաբար սելջուկ թուրքերը, խաչակիրները, այյուբիձները, մամլուքները եւ օսմանեանները : Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք, ֆրանսական իշխանութեան շրջանին Լաթաքիան դարձաւ Ալեւիներու ինքնավար տարածքի մայրաքաղաք եւ 1922 թուականին կը հռչակուի անկախ պետութիւն, մինչեւ Սուրիոյ վերամիացումը՝ 1944 թուականին:
 
== Անուան Ծագում ==
Սելեւկեան շատ մը քաղաքներու նման, Լաթաքիան կոչուած է զայն իշխող ընտանիքներու անդամներու անունով: Նախ [[Seleucus I Nicator]]- ի կողմէ ան կոչուած է Լաոտիսիա ի պատիւ իր մօր՝ Լաոտիսի:  Ապա Լատիներէնով  անոր անունը դարձած է «Լաոտիկէ ատ Մարէ»: Բնօրինակ անունը մինչեւ այսօր կը գոյատեւէ արաբական ձեւով, ինչպէս Ալ-Լատիքիէ (արաբերէն, اللاذقية), որմէ կու գան ֆրանսերէն «Lattaquié» եւ անգլերէն «Latakia» կամ «Lattakia» տարբերակները: Օսմանեան կայսրութիւնը զայն կը կոչէր Լազքիյէ:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Լաթաքիա» էջէն