«Լեզուաբանութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 106.
1970–1980-ններուն առաջացաւ ճանաչողական լեզուաբանութիւնը՝ ի հակադրութիւն սերող քերականութեան: Այդ հիմնադիրները տեսաբաններ [[Ռոնալտ Լանգակեր]]ը եւ [[Ճորճ Լակոֆֆ]]ն են: Ճանաչողական լեզուաբանութիւնը կ՛ենթադրուի, որ լեզուն հասարակ նպատակային ճանաչողական գործընթացներէն բխող հատկանիշ է: Հակառակ լեզուաբանութեան սերողական ուսմունքի՝ ճանաչողական լեզուաբանութիւնը ոչ-ձեւակերպային է եւ գործառական: Ճանաչողական լեզուաբանութեան մէջ կարեւոր զարգացումներ են ճանաչողական քերականութիւնը, կառուցուածքային իմաստաբանութիւնը եւ [[Ձղացական փոխաբերութիւն]]ը, որոնք բոլորը հիմնուած են այն գաղափարի վրայ, որ մարմնաւորուած իմացութեանենէն ստացուած արտայայտութիւններու վրայ հիմնուած ձեւ-գործառոյթ համապատասխանութիւնները կը փոխարինեն լեզուի հիմնական տարրերուն:
 
Ճանաչողական լեզուաբանութիւնը լեզուն կը մեկնաբանէ գաղափարներու միջոցով (երբեմն համընդհանուր եւ երբեմն առանձին լեզուին յատուկ), որոնք ինկած են ամոբ ձեւի հիմքին մէջ: Այսպիսով, այդ մէկը սերտ կապուած է իմաստաբանութեան հետ, սակայն կը տարբերուի [[Հոգելեզուաբանութիւն|հոգելեզուաբանութենէն]], որ կը գործածէ ճանաչողական լեզուաբանութեան փորձառական բացայայտումները՝ բացատրելու համար բանաւոր եւ գրաւոր խօսքի ընկալման, ձեռքբերման, պահպանման եւ արտաբերման հիմքին մէջ ինկած գործաոյթները: Ի տարբերութիւն սերողական տեսութեան՝ ճանաչողական լեզուաբանութիւնը հերքին մէջ է այն փաստը, որ միտքին մէջ առկայ է ինչ-որ անկախ լեզուական ընդունակութիւն: Այս մէկը կ՛ըմբռնէ քերականութիւնը գաղափարակազմութեան տեսանկիւնէն եւ կը պնդէ, որ լեզուական գիտելիքները կ՛առջանանկ՛առաջանան լեզուի գործածութեան շնորհիւ: <ref>{{cite book|title=Cognitive Linguistics|author1=Croft, William|author2=D. Alan Cruse|publisher=Cambridge University Press|year=2004|location=Cambridge|page=1|lastauthoramp=yes}}</ref> Այս համոզման պատճառով ճանաչողական լեզուաբանութիւնը երբեմն գործառական մօտեցում կը համարուի, սակայն այս մէկը կը տարբերուի գործառական այլ մօտեցումներէն այն բանով, որ այս մէկը կ՛ըզբաղի այն հարցով, թէ ինչպէս միտքը լեզուի միջոցով իմաստ կ՛ըստեղծէ, այլ ոչ թէ լեզուի գործածութեամբ՝ որպէս հաղորդակցման միջոց:
 
== Հետազօտութեան ոլորտ ==