«Մանուէլ Մամիկոնեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Այլ կիրառումներ|Մանվել Մամիկոնյան (այլ կիրառումներ)}} {{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) | անո...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

18:24, 12 Մայիս 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Այլ կիրառումներ Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) Մանուէլ Մամիկոնեան (ծննդեան թուական անյայտ-386), Մեծ Հայկի սպարապետ, զօրաւար (377-386), Մամիկոնեան նախարարական տան աւագ: Եղած է Մուշեղ Մամիկոնեանի հօրեղբօր՝ Վաչէ Մամիկոնեան որդին: Երիտասարդ ժամանակ, պատերազմի ընթացքին իր եղբօր՝ Կոն (Մամիկոն) Մամիկոնեանի հետ միասին գերի եղած են պարսիկներուն:

Փաւստոս Բիւզանդը կը պատմէ որ ան եւ Կոնը շատ պատերազմներու մասնակցած են պարսկական բանակի կազմին եւ բազմաթիւ յաղթանակներ տարած են: Քուշշաներու դէմ տարած յաղթանակէն յետոյ Սասանեան արքայ Շապուհ Բ-ի համաձայնութեամբ Մանուէլ Մամիկոնեան ազատուած է պարսից գերութենէն, վերադարձած է հայրենիք, ստանձնած է իր տոհմի նահապետութիւնը եւ հայոց սպարապետի պաշտօնը: Պարսկական 10 հազարնոց հեծելազորի օգնութեամբ Կարնո դաշտը յաղթած է եւ տապալած է Հայոց թագաւոր Վարազդատ Արշակունին, ձերբակալած եւ սպաննուած է անոր սպարապետ բատ Սահառունուն: Այնուհետեւ, հայ նախարարներուն համաձայնութեամբ թագաւոր հռչակուած է Պապ թագաւորի անչափահաս որդի Արշակ Գ-ին (378-389)՝ արքայամայր Զարմանդուխտի հետ ստանձնելով անոր խնամակալութիւնը:

Հ. Մանանդեանի եւ ուրիշներու կարծիքով, Մանուէլ Մամիկոնեան ընդունած էր Սասանեաններուն գերիշխանութիւնը: Որոշ ուսումնասիրողներ հաւաստի համարած են Փաւստոս Բուզանդի այն վկայութիւնը, ըստ որ Մանուէլ Մամիկոնեան, օգտուելով Պարսկաստանի տիրող անկայուն ներքին իրադարցութիւնէն, կոտորած է պարսկական զօրքերուն, 7 տարի ձեռք բերել լիակատար անկախութիւն եւ զբաղուած է խաղաղ շինարարական զործերով:

Ծանօթագրութիւններ

Կատեգորիա:Մամիկոնյաններ Կատեգորիա:Հայոց սպարապետներ