«Մեսրոպ Մաշտոց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Replacing Mesrob_Mashtots_1885.jpg with File:Mesrob_Mashtots_1882.jpg (by CommonsDelinker because: File renamed: File renaming criterion #3: To correct obvious errors in file names, inclu
Տող 40.
Մեսրոպ Մաշտոց՝ ազնուական Վարդանի որդին էր (ըստ [[Անանիա Շիրակացի (արեւմտահայերէն)|Անանիա Շիրակացի]]ի «ազատի տնից»)։ Հայաստանի մէջ ստացած է յունական կրթութիւն։ Տիրապետած էր [[յունարէն]] լեզուին, պարսկերէնին, ասորերէնին, վրացերէնին։ Սկզբնական շրջանին սկսած է ծառայել հայոց Խոսրով Դ․ (մօտ [[385]] − [[388]] թթ․) թագաւորի արքունիքին մէջ, եղած է զինուորական, ապա՝ պալատական գրագիր։ Մօտ 395/396-ին դարձած է հոգեւորական եւ մեկնած Վասպուրականի [[Գողթն գաւառ]]ը, ուր տեղի իշխան Շապիթէն՝ ստանալով գործելու ազատ հնարաւորութիւն, հիմնած է [[Քրիստոնէութիւն|քրիստոնէական]] համայնքներ, եկեղեցական դասեր։ Շրջագայած է նաեւ [[Սիւնիք (արեւմտահայերէն)|Սիւնիք]]ի մէջ։ Ունեցած է աշակերտներ, որոնք յետոյ դարձած են անոր օգնականները լուսաւորական գործունեութեան ասպարէզին մէջ։ Այս շրջանին մէջ մտադրած են ստեղծել հայկական գիրեր՝ Աստուածաշունչը թարգմանելու համար։ Վերադարձած է Վաղարշապատ, ուր կաթողիկոսի նախաձեռնութամբ հրաուիրուած է յատուկ ժողովի։
Մօտ 404-ին [[Միջագետք (արեւմտահայերէն)|Միջագետք]]էն բերուած Դանիէլեան նշանագրերով, կատարած է թարգմանական եւ ուսուցողական առաջին փորձերը, սակայն ապարդիւն։ Այդ ժամանակ ստացած է վարդապետի (ուսուցչի) աստիճան։ Վռամշապուհի եւ [[Սահակ Պարթեւ]]ի հրահանգով, անձամբ մեկնած է Միջագետք, հանդիպած նոյն Դանիէլ եպիսկոպոսի հետ։ Մօտ [[420]]-[[422]]-ին մեկնած է [[Բիւզանդիա]]՝ [[Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն)|Կոստանդնուպոլիս]], հանդիպած է Թէոդոս II- կայսրին եւ յոյներու պատրիարք՝ Ատտիկոսի հետ, որմէ յետոյ հայկական դպրոցներ բացած է [[Մեծ Հայք (արեւմտահայերէն)|Մեծ Հայք]]ի բիւզանդահպատակ գաւառներուն մէջ, զուգահեռաբար պայքար մղած է «բորբորիտներ» աղանդի դէմ։ Վերադարձէն առաջ Աղուան Բենիամինի հետ ստեղծած է աղուաններու գիրը։ Բիւզանդական իշխանութիւններէն ստացած է «ակումիտ» (άxουμήτης -ճգնող) տիտղոսը։ Արարատ վերադառնալէն ետք՝ անձամբ մեկնած է Աղուանք, հանդիպած է աղուանի Արսուաղէն արքայի եւ Երեմիա եպիսկոպոսի հետ, կազմակերպած է նոր գիրի տարածումը, ուրկէ անցած է Բաղասական գաւառ, մղած հակաաղանդաւորական պայքար։ Այդ շրջանին եղած է Ուտիքի Գարդման գաւառը, ապա՝ Գուգարաց Տաշիրք։ [[431]]-[[439]]-ի միջեւ կաթողիկոս Սահակի եւ աշակերտներու հետ աւարտած է [[Աստուածաշունչ]]ի թարգմանութիւնը։ 439-ին անոր հրահանգով կաթողիկոսական աթոռը տեղապահ կը դառնայ Յովսէփ Վայոցձորցին։Վայոց ձորեցին։
ԿեանքիԿեանքին վերջին տարիներուն գրած է հոգեւոր շարականներ, կրօնա-փիլիսոփայական երկեր։
 
=== Մեսրոպ Մաշտոցը որպէս հայոց այբուբենի ստեղծող ===
[[Պատկեր:Giovanni Battista Tiepolo. Mesrop Mashtots.jpg|ձախից|մինի|250px|Մեսրոպ Մաշտոցն՝ ըստ վենետիկցի նկարիչ Ճիովաննի Պաթիսթա Թիէպոլոյի (1696-1770)]]
Թեեւ [[քրիստոնէութիւն]]ը Հայաստան մուտք գործած է Ա. դարուն եւ [[301]]-ին [[Քրիստոնէութեան ընդունումը Հայաստանի մէջ դարձած է պետական կրօն]], բայց ժողովուրդին զգալի մասը միայն անուանապէս [[քրիստոնեայ]] էր, երկրին մէջ եղած Աստուածաշունչի գիրքերը, եկեղեցական այլ երկեր յունարէն կամ [[ասորերէն]] էին, [[ժամերգութիւն]]ները եւ [[ծէս]]երը կը կատարումէին ժողովուրդին համար անհասկնալի այդ լեզուներով։ Մաշտոց [[Աստուածաշունչ]]ը երբ հրապարակաւ կը կարդար անմիջապէս [[բանաւոր]] կը թարգմանէր [[հայերէն]]՝ ժողովուրդին հասկնալի դարձնելու համար։ [[Գողթն (արեւմտահայերէն)|Գողթն]]ի մէջ կատարած [[քարոզչութիւն]]ը Մաշտոցի մեջ կը հաստատէ հայերէն [[գիր]] ու [[գրականութիւն]] ունենալու հրատապ կարեւորութիւնը։ Կային այդ որոշումն ընդունելու նաեւ այլ ծանրակշիռ պատճառներ։ [[387]]-ին Բիւզանդիոնի եւ [[Պարսկաստան]]ի միջեւ երկու մասի բաժնուած Հայաստանի [[Արեւելեան Հայաստան|արեւելեան]] եւ [[Արեւմտեան Հայաստան|արեւմտեան]] մասերուն մէջ թէեւ կը պահպանուէր հայոց թագաւորութիւնը, բայց պարսկական ազդեցութիւնը օրէ օր կը զօրանար։ Երկրին արեւմտեան մասին մէջ, որ միացած էր [[Բիւզանդիոն]]ին, վերցուած էր հայոց թագաւորութիւնը, [[եկեղեցի]]ն ենթակայ էր [[յունական եպիսկոպոսութիւնը|յունական եպիսկոպոսութեան]], եկեղեցւոյ եւ պետական լեզուն [[յունարէն]]ն էր։ Հայաստանի երկու մասերու իրարմէ օտարացումը կը սպառնար երկրին եւ ժողովուրդի ամբողջութեան, վերահաս կը դառնար հայութեան ձուլման վտանգը, ամբողջ երկրին մէջ[[դպրոց]]ներու, [[համալսարան]]ներու լեզուն յունարէնն էր, մասամբ [[ասորերէն]]ը, [[եկեղեցական]]ներու զգալի մասը [[յոյն]]եր ու [[ասորի]]ներ էին, հայ հոգեւորականութեան որոշ մասը յունախօս էր։
 
==== Հայ գիրերու ստեղծման անհրաժեշտութիւն ====
Արեւմտեան մեծ թիւով գաւառներու մէջ յունարէնն ու յունական կենցաղը կ'արմատանային հայ ընտանիքներուն մէջ։ Արքունիքին մէջ պաշտօնավարելու եւ անկէ ետք Մաշտոց կանխագուշակած էր հայկական ինքնուրոյն պետութեան մօտալուտ անկումը։ «Տեսնելով, որ հայոց թագաւորութեան վերջը հասած է, Մեսրոպ (երկրին) խռովութիւններն իր համբերութեան նիւթ կը դարձնէ» ([[Մովսէս Խորենացի]], [[Պատմութիւն Հայոց]], 1968)։
 
Այսպէս Մաշտոցի համար հայ դպրութեան հրատապ ստեղծումն ունէր հետեւեալ նպատակները.
# հայացնել քրիստոնէական գիրքերը, քարոզչութիւնն ու արարողութիւնները կատարել հայերէն,
# ստեղծել ու զարգացնել մայրենի լեզուով գրականութիւն,
# հայութիւնը փրկել ձուլումէ, եւ այդ մէկը ապահովել հետագայի հաշուոյն,
# ամրացնել երկրին քաղաքականապէս երկու մասի բաժանուած հատուածներու հոգեւոր, լեզուական եւ մշակութային միասնութիւնը, որ քաղաքական միասնութեան հիմք պիտի դառնար երկրի պետական անկախութիւնը վերականգնելու հնարաւորութեան պարագային։
Մաշտոցի այս ծրագիրը կը ձեւաւորուի Գողթնի մէջ ունեցած գործունէութենէն ետք, երբ [[Կորիւն]]ի, «Ան մտադրեց աւելի հոգալ նոյնպէս համայն (Հայոց) աշխարհի ժողովուրդին մխիթարելու մասին» (Կորիւն, [[Վարք Մաշտոցի]], [[1962]]) գիրքին մէջ կը մէջբերուին նաեւ Մաշտոցի խօսքերը. «Տրտմութիւն է ինծի համար, եւ անպակաս են իմ սրտի ցաւերը իմ եղբայրներուս եւ ազգակիցներուս համար»։
 
==== Սահակ Պարթեւ ====
[[Պատկեր:Mesrop1776t.jpg|մինի|Մեսրոպ Մաշտոց]]
387 թ. կաթողիկոս դարձած [[Սահակ Պարթեւ]]ը, որ միշտ եղած է ազգակեդրոն քաղաքականութեան յառաջամարտիկ եւ Մաշտոցի գլխաւոր յենարանը անոր գործունէութեան սկիզբէն ի վեր, ունեցած է նոյն մտահոգութիւնը։ Գալով [[Վաղարշապատ]]՝ Մաշտոցը կաթողիկոսին կը յայտնէ իր ծրագիրը եւ անմիջապէս կը ստանայ անոր լիակատար հաւանութիւնը։ Ժողով մը կը գումարուի՝ նուիրուած հայերէն գիր ունենալու հարցին։ Վռամշապուհ թագաւորը հաւանութիւն կը յայտնէ, որ Ասորիքի մէջ Դանիէլ անունով եպիսկոպոսի մը քով հայերէն գիրեր կան։ Ժողովի խնդրանքով թագաւորը հայ գիրերու նախանձախնդիր Վահրիճ անունով իշխան մը կ'ուղարկէ Դանիէլին մերձակից Հաբէլ երէցին քով։ Վերջինս, Դանիելէն առնելով գիրերը, Վահրիճին հետ կը բերէ Հայաստան։ Այստեղ կը հիմնուին դպրոցներ, Մաշտոց կը ստանայ վարդապետի (ուսուցիչի) կոչում եւ կը սկսի մանուկներուն հայոց լեզու ուսուցանել բերուած գիրերով։ Սկիզբ կը դրուի հայերէն դպրութեան։ Շուրջ երկու տարուան դասաւանդումէն ետք կը պարզուի, որ դանիէլեան նշանագրերը ժամանակի հայերէնն արտայայտելու համար անբաւարար են ու անյարմար լեզուի վանկարկման եւ ուսուցման տեսակէտէն. «… հասկցան, որ այդ նշանագրերը բաւական չեն հայերէն լեզուի կապերն ամբողջութեամբ արտայայտելու համար»։ [[Դանիէլեան նշանագրեր]]ու մասին բանասէրները հակադիր ենթադրութիւններ ըրած են։ Թէեւ անոնցմով որոշ շրջան մը [[հայերէն]] գրուած է, բայց Մաշտոցի օրով անոնք բաւարար չեն եղած հայերէն դասաւանդելու եւ հայոց դպրութիւն ստեղծելու համար։
 
Սահակ Պարթեւի երաշխաւորութեամբ, թագաւորին հրամանով այս անգամ Մաշտոց իր աշակերտ-օգնականներուն հետ, կ'երթայ Ասորիք։ Ամիդի, ապա Եդեսիոյ մէջ, հայոց գիրերուն մասին կը խորհրդակցի ասորի հոգեւորականներու հետ, բայց ապարդիւն։ Աշակերտներէն մէկ մասին ասորական կրթութիւն կու տայ Եդեսիոյ մէջ, միւս մասը կ'ուղարկէ հիւսիս Սամոսատ՝ յունական կրթութեան։ Եդեսիոյ մէջ Մաշտոց ստեղծագործական երկունք կ'ապրի, «… Ան շատ նեղութիւններ քաշեց իր ազգային մէկ բառին օգնութիւն գտնելու համար»
 
==== Հայերէն հնչիւնական համակարգին ստեղծումը ====
Մաշտոցը 405-ին կը ստեղծէ հայերէնի հնչիւնական համակարգը ճշգրտօրէն արտայայտող, ուսուցանելու, թարգմանելու եւ դպրութիւն ստեղծելու նպատակին լիովին յարմար նշանագրեր. «Ան իր սուրբ աջով հայրաբար կը ծնի նոր եւ սքանչելի ծնունդներ՝ հայերէն լեզուի նշանագրեր»։ Եդեսիոյ մէջ Մաշտոց նորագիւտ տառերը կը դասաւորէ՝ օգտուելով յունական այբուբենի հերթականութենէն, տառերուն կու տայ անուններ (այբ, բեն), կ'որոշէ անոնց թուային արժէքները (Ա =1, Ժ = 10, Ճ = 100)։ Ապա անցնելով Սամոսատ հմուտ յունագէտ Հռոփանոսի օգնութեամբ կը կատարելագործէ նորագոյն տառերու գծագրութիւնը, նոր տառերը կ'ուսուցանէ իր օգնականներուն եւ հոն յունական կրթութիւն ստացող մանուկներուն, իր աշակերտներէն՝ Յովհան Եկեղեցացիին եւ Յովսէփ Պաղնացիին հետ կը սկսի նոր գիրերուն օգնութեամբ Աստվածաշունչէն հայերէն թարգմանել Սողոմոնի առակները, որու առաջին նախադասութիւնը նաեւ մեսրոպատառ առաջին նախադասութիւնն էր.
{{Cquote|''{{lang|hy|[[wikt:ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ|Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ]]։}}|||''[[Սողոմոնի առակներ]]'', 1:2.}}
 
 
{{ՀՍՀ}}