«Մեսրոպ Մաշտոց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 30.
}}
 
'''Մեսրոպ Մաշտոց''', ([[361]] կամ [[362]], Հացեկաց (Տարօնի գաւառ)<ref>[https://www.britannica.com/biography/Saint-Mesrop-Mashtots Saint Mesrop Mashtots]{{W/Ref-en}}</ref> - [[17 Փետրուար]] [[440]], [[Վաղարշապատ (արեւմտահայերէն)|Վաղարշապատ]] (այժմ Էջմիածին), թաղուած է [[Օշական (արեւմտահայերէն)|Օշական]]), հայերէն գիրերը գտնողը կամ ստեղծողը եւ հայ ինքնուրոյն թարգմանական գրականութեան սկզբնաւորողը (Սահակ Ա․ Պարթեւի հետ), հայ գրութեան, հայագիր դպրոցի հիմնադիրը<ref>[https://auroraprize.com/en/armenia/detail/10167/mesrop-mashtots-inventor-armenian-and-other-alphabets MESROP MASHTOTS, INVENTOR OF ARMENIAN AND OTHER ALPHABETS]{{W/Ref-en}}</ref>, հայոց առաջին ուսուցիչը, լուսաւորիչ, մշակութային-հասարակական գործիչ, քրիստոնէութեան քարոզիչ եւ [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստանեայց]] եկեղեցւոյ վարդապետ։
 
[1][2] Մեսրոպ Մաշտոցի պատմական առաքելութիւնը կարեւորագոյն դեր ունեցաւ հաութեան ազգային ինքնութեան հետագայ պահպանման համար։ Գիտական տեսակէտներու համաձայն՝ [[վրացերէն]] եւ [[աղուաներէն]] այբուբեններու ստեղծողն է ան։
Մաշտոցի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ կան վաւերական աղբիւրներ, որոնցմէ են անոր ժամանակակից եւ դէպքերու ականատես [[Կորիւն (արեւմտահայերէն)|Կորիւն]]ի «Վարք Մաշտոցի»ն, նաեւ [[Մովսէս Խորենացի]]ի, [[Ղազար Փարպեցի (արեւմտահայերէն)|Ղազար Փարպեցի]]ի, [[Մովսէս Կաղանկատուացի]]ի եւ Կարապետ Սասնեցիի ընդարձակ վկայութիւնները (շուրջ 30 հին եւ միջնադարեան աղբիւրներ)։
Տող 40.
Մեսրոպ Մաշտոց ազնուական Վարդանի որդին էր (ըստ [[Անանիա Շիրակացի (արեւմտահայերէն)|Անանիա Շիրակացի]]ի «ազատի տունէն»)։ Հայաստանի մէջ ստացած է յունական կրթութիւն։ Տիրապետած էր [[յունարէն]] լեզուին, պարսկերէնին, ասորերէնին, վրացերէնին։ Սկզբնական շրջանին սկսած է ծառայել հայոց Խոսրով Դ․ ( [[385]] − [[388]] ) թագաւորին արքունիքին մէջ, եղած է զինուորական, ապա՝ պալատական գրագիր։ 395/396-ին դարձած է հոգեւորական եւ մեկնած Վասպուրականի [[Գողթն|Գողթն գաւառը]], ուր տեղի իշխան Շապիթէն՝ ստանալով գործելու ազատ հնարաւորութիւն, հիմնած է [[Քրիստոնէութիւն|քրիստոնէական]] համայնքներ, եկեղեցական դասեր։ Շրջագայած է նաեւ [[Սիւնիք (արեւմտահայերէն)|Սիւնիք]]ի մէջ։ Ունեցած է աշակերտներ, որոնք յետոյ դարձած են անոր օգնականները լուսաւորական գործունէութեան ասպարէզին մէջ։ Այս շրջանին մէջ մտադրած են ստեղծել հայկական գիրեր՝ Աստուածաշունչը թարգմանելու համար։ Վերադարձած է Վաղարշապատ, ուր կաթողիկոսին նախաձեռնութամբ հրաւիրուած է յատուկ ժողովի։
Մօտաւորապէս 404-ին [[Միջագետք (արեւմտահայերէն)|Միջագետք]]էն բերուած Դանիէլեան նշանագրերով, կատարած է թարգմանական եւ ուսուցողական առաջին փորձերը, սակայն ապարդիւն։ Այդ ժամանակ ստացած է վարդապետի (ուսուցիչի) աստիճան։ Վռամշապուհի եւ [[Սահակ Պարթեւ]]ի հրահանգով, անձամբ մեկնած է Միջագետք, հանդիպած նոյն Դանիէլ եպիսկոպոսին հետ։ [[420]]-[[422]]-ին մեկնած է [[Բիւզանդիա]]՝ [[Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն)|Կոստանդնուպոլիս]], հանդիպած է Թէոդոս Բ. կայսրին եւ յոյներու պատրիարք՝ Ատտիկոսի հետ, որմէ ետք հայկական դպրոցներ բացած է [[Մեծ Հայք (արեւմտահայերէն)|Մեծ Հայք]]ի բիւզանդահպատակ գաւառներուն մէջ, զուգահեռաբար պայքար մղած է «բորբորիտներ» աղանդին դէմ։ Վերադարձէն առաջ Աղուան Բենիամինի հետ ստեղծած է աղուաններու գիրերը։ Բիւզանդական իշխանութիւններէն ստացած է «ակումիտ» (άxουμήτης -ճգնող) տիտղոսը։ Արարատ վերադառնալէն ետք՝ անձամբ մեկնած է Աղուանք, հանդիպած է աղուանի Արսուաղէն արքայի եւ Երեմիա եպիսկոպոսին հետ, կազմակերպած է նոր գիրի տարածումը, ուրկէ անցած է Բաղասական գաւառ, մղած հակաաղանդաւորական պայքար։ Այդ շրջանին եղած է Ուտիքի Գարդման գաւառը, ապա՝ Գուգարաց Տաշիրք։ [[431]]-[[439]]-ի միջեւ կաթողիկոս Սահակի եւ աշակերտներու հետ աւարտած է [[Աստուածաշունչ]]ի թարգմանութիւնը։թարգմանութիւնը<ref>[http://www.gamalat.com/showthread.php?p=166033&styleid=1 الارمن]{{W/Ref-ar}}</ref>։ 439-ին անոր հրահանգով կաթողիկոսական աթոռը տեղապահ կը դառնայ Յովսէփ Վայոց ձորեցին։
Կեանքին վերջին տարիներուն գրած է հոգեւոր շարականներ, կրօնա-փիլիսոփայական երկեր։
Տող 67.
Մաշտոց 405-ին կը ստեղծէ հայերէնի հնչիւնական համակարգը ճշգրտօրէն արտայայտող, ուսուցանելու, թարգմանելու եւ դպրութիւն ստեղծելու նպատակին լիովին յարմար նշանագրեր. «Ան իր սուրբ աջով հայրաբար կը ծնի նոր եւ սքանչելի ծնունդներ՝ հայերէն լեզուի նշանագրեր»։ Եդեսիոյ մէջ Մաշտոց նորագիւտ տառերը կը դասաւորէ՝ օգտուելով յունական այբուբենի հերթականութենէն, տառերուն կու տայ անուններ (այբ, բեն), կ'որոշէ անոնց թուային արժէքները (Ա =1, Ժ = 10, Ճ = 100)։ Ապա անցնելով Սամոսատ հմուտ յունագէտ Հռոփանոսի օգնութեամբ կը կատարելագործէ նորագոյն տառերու գծագրութիւնը, նոր տառերը կ'ուսուցանէ իր օգնականներուն եւ հոն յունական կրթութիւն ստացող մանուկներուն, իր աշակերտներէն՝ Յովհան Եկեղեցացիին եւ Յովսէփ Պաղնացիին հետ կը սկսի նոր գիրերուն օգնութեամբ Աստուածաշունչէն հայերէն թարգմանել Սողոմոնի առակները, որու առաջին նախադասութիւնը նաեւ մեսրոպատառ առաջին նախադասութիւնն էր.
{{Cquote|''{{lang|hy|[[wikt:ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ|Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ]]։}}|||''[[Սողոմոնի առակներ]]'', 1:2.}}
== Ծանօթագրութիւններ ==
 
{{ծանցանկ}}
 
{{ՀՍՀ}}