«Ներսէս Պետրոս ԺԹ.» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Գլխաւոր գործեր: կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: ի ,Մ → ի, Մ (2) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 49.
 
== Գլխաւոր գործեր ==
Ան թիկունք հանդիսացած է համայնքի վարժարաններու ծաղկումին ու վերելքին, մանաւանդ բանալով երկրորդական բաժինը Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ։ Ինչպէս նաեւ քաջալերած է լրատուական միջոցները, յատկապէս վերահրատարակութիւնը ապահովելով պատրիարքութեան թեմի , Մասիս» ամսաթերթին։
Հոկտեմբեր 7, 2001-ին, իր խնդրանքին վրայ եւ Հայաստանի քրիստոնէացման 1700-ամեակի առիթով, Հռոմի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, 1915-ի ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած Մարտինի Առաջնորդ Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեանը Երանելի հռչակուած է Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ։
 
Տող 55.
Յունուար 2005ին, Հոգեւոր Տիրոջ խնդրանքին վրայ եւ ներկայութեամբ ու օրհնութեամբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի, Վատիկանի Ս. Պետրոս Պալիզիքայի արտաքին պարիսպին վրայ մեծ հանդիսութեամբ կատարուեցաւ զետեղումը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի արձանին։
 
Յունուար 2005ին, Հռոմի մէջ Հոգեւոր Տէրը Գիտաժողով մը կազմակերպեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի մահուան հազարամեակի առիթով, որուն հետապնդուած նպատակն է հռչակել տալ Ս. Գրիգորը , Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ»:
Յուլիս 2006ին, Հոգեւոր Տէրը կ’այցելէ Ղարաբաղը։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամն է որ Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարք մը կ’այցելէ Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը։