«Նիկոլ Դուման» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 34.
Ծնած է 1867-ին [[Լեռնային Ղարաբաղ]]ի [[Ասկերան շրջան]]ի [[Ղշլաղ գիւղ]]ը։ Աւարտած է [[Շուշիի թեմական դպրոց]]ը (1887), որ այդ ժամանակաշրջանին հայեցի դաստիարակութեան եւ ընդհանրապէս ուսման կարեւորագոյն օճախներէն մէկն էր հայ իրականութեան մէջ։ Շուշիի թեմական վարժարանը նաեւ յեղափոխաշունչ հայ երիտասարդութեան կազմաւորման հնոցն էր:
 
Դպրոցական տարիքէն, յեղափոխական գաղափարներով տոգորուած, Նիկոլ աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ աշակերտական ինքնազարգացման խումբերու կազմութեան եւ աշխատանքին։ Թրքահայոց ազատագրութեան դատին զինուորագրուելու, Երկիր անցնելու եւ կենդանի կռուինկռիւին նուիրուելու գաղափարը կը համակէ Նիկոլին։Նիկոլը։
 
== Գործունէութիւն ==
Տող 79.
Բնաւ չհանդուրժեց նիւթական, կենցաղային կամ ընկերային սայթաքումները, մեծ թէ փոքր, յեղափոխականի կոչման անարժան այն գործիչներուն, մանաւանդ մարտական հերոսի պատմուճան հագած պատեհապաշտներուն, որոնք իրենց վստահուած պարտականութիւններն ու գործերը փորձեցին ծառայեցնել իրենց գձուձ եսի շահախնդրութեանց…Նմաններու դէմ էր Դումանի կատաղի պոռթկումը Մարտ 1893-ին Ռոստոմի ուղղուած իր մէկ նամակին մէջ, ուր հետեւեալ ամօթանքը կը խարանէր անոնց ճակտին. «մեզ, որպէս ժառանգութիւն, մնացել է նրանցից …մանէթ պարտ եւ բարոյական անկում, որ այժմ փարատել ենք տքնում։ Խօմ սուտ չէ, որ ասում են՝ Հարք կերան զազոխ եւ որդւոց ատամունք առան»։
 
Բարոյական հսկայ էր Արցախի Խաչէն գաւառի Ղշլաղ գիւղի ծնունդ Տէր–Յովհաննիսեան քահանայի որդի Նիկողայոսը։
 
<nowiki>{{քաղվածք| «Բարձրահասակ, նիհար, ջղուտ ու ոսկրուտ, մէջքը փոքր ինչ կորացած, սեւ, կայծկլտող աչքերով, ուժեղ, խուզարկու նայուածքով. պայծառ միտք, արագ ըմբռնող, ինքնավստահ ու կորովի, յանդուգն եւ ահեղ: Հրամանատար մըն էր – սիրտը` պողպատ, խօսքը` կտրուկ, վճիռը` անդառնալի: Երգեր հիւսեցին քիւրտերը անոր վարած կռիւներուն մասին – փայլուն ճակատամարտներու շարան մը: Նիկոլ Դուման դաժան ու անխնայ էր ամէն կարգի ոսոխներու դէմ, նաեւ` ներքին հակառակորդներու: Խարազանն էր շանթաժիստներու, դասալիքներու, անկարգապահ զինուորներու»…|Միքայէլ Վարանդեան}}</nowiki>
 
== Գրականութիւն ==