«Չարլզ Տարուին» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, փոխարինվեց: → (3) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 30.
 
'''Չարլզ Ռոպըրթ Տարուին''' (անգլ. Charles Robert Darwin [[Փետրուար]] [[12]] [[1809]] Մաումթ Շրիւսպերի – [[Ապրիլ]] [[19]] [[1882]]<ref>https://portal.dnb.de/opac.htm?method=simpleSearch&cqlMode=true&query=idn%3D118523813</ref> Տաունի Լոնտոն) անգլիացի բնագէտ եւ ճանապարհորդ առաջիններէն մէկը որ գիտակցած եւ պատկերաւոր դրսեւորած է այն որ կենդանի մարմիններու բոլոր տեսակները կ՛ենթարկուին էվոլիւցիայի ընդհանուր նախնիներէն։ Իր տեսութեան մէջ որուն առաջին լայնածաւալ շարադրումը տպագրուած է [[1859]] թուականին ՙՙՏեսակներու Ծագումըՙՙ գիրքին մէջ (ամբողջական անուանումը՝ ՙՙՏեսակներու ծագումը բնական ընտրութեան ճանապարհով կամ կեանքի համար պարքարի ընթացքին բարենպաստ ցեղերու գոյատեւումըՙՙ) Տարուինը էվոլիւցիայի հիմնական շարժիչ ուժ համարած է բնական ընտրութիւնը եւ անորոշ փոփոխականութիւնը։
Էվոլիւցիայի գոյութիւնը ճանչցուած է գիտնականներու մեծամասնութեան կողմէն տակաւին Տարուինի ողջութեան ժամանակ այն պարագային երբ բնական ընտրութեան տեսութիւնը որպէս էվոլիւցիայի հիմնական շարժիչ ուժ ընդհանուր ճանաչում ստացած է միայն [[20րդ դար]]ու 30ական թուականներուն։ Տարուինի յայտնագործութիւնները եւ գաղափարները վերամշակուած ձեւով հիմք կը ստեղծեն էվոլիւցիայի ժամանակակից համադրական տեսութեան համար եւ կը կազմեն կենսաբանութիւն նիւթին հիմքը որ կ՛ապահովէ կենսաբազմազանութեան տրամաբանական բացատրութիւնը։ Տարուինի տեսութեան ուղղափառ (խիստ) հետեւորդները կը զարգացնեն էվոլիւցիոն միտքի ուղղութիւնը՛ որ կը կրէ իր անունը ([[տարուինիզմ]])<ref name="wikidata.org">https://www.wikidata.org/wiki/Q922063</ref>։
 
 
== Կարճ Կենսագրութիւնը ==
=== Մանկութիւնը եւ պատանեկութիւնը ===
 
'''Չարլզ Տարուին'''ը ծնած է [[1809]] թուականի [[Փետրուար]] [[12]]-ին Շրոփշիր կոմսութեան Շրուսպերի [[Shrewsbury]] քաղաքի Մաունթ Հաուս (անգլ.՝ Mount House) <ref>https://www. name="wikidata.org"/wiki/Q922063</ref> տոհմական կալուածի մէջ։ Կայացած բժիշկ եւ ֆինանսագէտ Ռոպերթ Տարուինի (անգլ. Robert Darwin) եւ Սիւզըն Տարուինի (ծնունդով՝ Ուէճվուտ անգլ. Wedgwood) վեց երեխաներէն հինգերորդն էր։ Ան երկու նշանաւոր ապոլիցիոնիստ պապերու թոռ էր՛ հօր կողմէն՝ Էրասմուս Տարուինի մօր կողմէն՝ [[Ճոզայա Ուէճվուտ]]ի։
 
Այդ երկու ընտանիքները հիմնականին մէջ ընդունած են ունիտորականութիւնը, բայց Ուէճվուտները եղած են Անգլիական եկեղեցւոյ ատեպտներ։ [[Ռոպերթ Տարուին]]ը, ըլլալով բաւականին ազատ հայեացքներու տէր, համաձայնած էր, որ փոքրիկ Չարլզը հաղորդութիւն ստանայ Անգլիական եկեղեցւոյ մէջ, բայց միեւնոյն ժամանակ Չարլզը եւ իր եղբայրները մօր հետ միասին կ՛այցելէին Ունիտորական եկեղեցի։ [[1817]]թ. ցերեկային դպրոց ընդունուելով, 8-ամեայ Տարուինը արդէն կը հաղորդակցուէր բնական պատմութեանը եւ հաւաքածոներ կը կազմէր։ Նոյն տարուն, Յուլիս ամսուն կը մահանայ անոր մայրը։ [[1818]]թ. Սեպտեմբերէն մեծ եղբօր Էրազմի (անգլ. Erasmus Alvey Darwin) հետ կը յաճախէ [[Շրուսպերի]]ի մօտակայ Անգլիական դպրոց (անգլ. [[Shrewsbury School]]), որպէս պանսիոներ։ Մինչ եղբօր [[Էրազմ|Էրազմի]]ի հետ Էտինպուրկի համալսարան ուղեւորուիլը ան 1825 թ. ամրանը հանդէս կու գայ որպէս օգնական-աշակերտ եւ կ՛օգնէ հօրը իր բժշկական ասպարէզին մէջ՝ օգնութիւն ցուցաբերելով Շրոփշիրի չքաւորներուն։
 
=== Կեանքի Էտինպուրկեան ժամանակահատուածը ([[1825]]—[[1827]]) ===
Էտինպուրկի համալսարանի մէջ բժշկագիտութիւն ուսանելու ժամանակ Տարուինը կ՛ընդունէ որ դասախօսութիւնները ձանձրալի են, իսկ վիրաբուժութիւնը տառապանք կը պատճառէ, այդ պատճառով կը ձգէ բժշկագիտութեան ուսուցումը։ Ասոր փոխարէն ան տաքսիտերմիա կ՛ուսումնասիրէ Ճոն Էտմոնսթոունին քով, որ իր փորձը ձեռք բերած էր [[Հարաւային Ամերիկա]]յի անձրեւային անտառներ կատարած արշավի ընթացքին Չարլզ Ուոթըրթոնին (անգլ. Charles Waterton) ուղեկցելու ժամանակ, շատ յաճախ անոր բնութագրելով որպէս «շատ հաճելի և բազմուսում մարդ» (անգլ. very pleasant and intelligent man)։
 
Յաջորդ տարի ըլլալով բնական պատմութեան դասարանի ուսանող ան կը միանայ [[Փլինեւսկ|Փլինեւսկիի]]իի ուսանողական հասարակութեանը, ուր եռանդուն կը քննարկուէր ռատիքալ /արմատական նիւդապաշտութիւնը։ Այդ ժամանակ ան հանդէս կու գար, որպէս օգնական Ռոպերթ Էտմոնտ Կրանթի (անգլ. [[Robert Edmund Grant]]) մօտ ծովային անողնայարաւորներու կենսական ցիկլի եւ [[անաթոմի]]ի հետազօտութիւններուն մէջ։ Ընկերութեան նիստերու ժամանակ [[1827թ]]. Ան կը ներկայացնէ կարճ տեղեկութիւններ իր առաջին բացայայտումներուն մասին, որ հայեացք կը փոխէ հասարակ երեւոյթներու վերաբերեալ։ Մասնաւորապէս ան ցոյց տուաւ, որ այսպէս կոչուած մշանկայի [[Flustra]] ձուերը, կը տիրապետեն ընդունակութեամբ ինքնուրոյնաբար շարժիլ թարթիչներու օգնութեամբ եւ իրականին մէջ կը հանդիսանան, որպէս թրթուռներ, միւս յայտնագործութեան մէջ ան կը նկատէր, որ փոքրիկ գնդաձև մարմինները, որոնք կը հանդիսանան ջրիմուռներու [[Fucus loreus]] երիտասարդ փուլերը, իրենցմէ կը ներկայացնեն կնճիթային տզրուկի [[Pontobdella muricata]]. ձուային բոժոժներ։ Անգամ մը Տարուինի ներկայութեամբ Կրանթը կը գովաբանէր Լամարկի էվոլիւցիոն գաղափարները։ Տարուինը զարմացած էր այդ հրճվագին ճառով, բայց լռութիւն պահպանեց։ Վերջերս ան նոյնատիպ գաղափարներ առած էր իր էռազմ մեծ հօրմէ՝ կարդալով անոր Զոոնոմիան, այդ պատճառով տեղեակ էր այդ տեսութեան հակասութիւններուն։ Էտինպուրկի մէջ երկրորդ տարին մնալու ընթացքին Տարուինը կը յաճախէ Ռոպըրթ Ճէմսընի բնական պատմութեան դասընթացքին, որ կ՛ընդգրկէր երկրաբանութիւնը, ներառեալ բանավէճը նեփթունիստներու եւ փլութոնիստներու միջեւ։ Այն ատեն Տարուինը ոչինչ կը զգար երկրաբանական գիտութիւններու հանդէպ, թէեւ ստացած էր բաւականաչափ նախապատրաստութիւն, որ բանականօրէն դատէր այդ նիւթին մասին։ Այդ ընթացքին ան ուսումնասիրած է բոյսերու դասակարգումը, մասնակցութիւն ունեցած է ընդարձակ հաւաքածոներու աշխատանքին մէջ Համալսարանական թանգարանին մէջ, այն ժամանակաշրջանի ամենամեծ թանգարաններէն մեկուն մէջ։
 
=== Կեանքի Քէմպրիճեան ժամանակաշրջանը ([[1828]]-[[1831]]) ===
Տող 51 ⟶ 50՝
 
[[Պատկեր:John Stevens Henslow.jpg|մինի|[[Գենսլոու Ջոն Ստիվեն]]]]
Ան կը դառնայ բուսաբանութեան փրոֆեսոր Ջոն Ստիվէն Հենսլոուի (անգլ. John Stevens Henslow) հետեւորդը եւ մտերիմ ընկերը։ Հենսլոուի հետ ծանօթութեան շնորհիւ ան կը ծանօթանայ այլ առաջատար բնագէտներու հետ, իրենց շրջանակներու մջ յայտնի դառնալով որպէս. «այն որ կը զբօսնէ Հենսլուի հետ» (անգլ. «the man who walks with Henslow»)։ Երբ կը մօտենան քննութիւնները Տարուինը կը կենտրոնանայ ուսման վրայ։ Այդ ժամանակ ան կը կարդայ Ուիլիըմ Փալէիի (անգլ. William Paley) «Քրիստոնէութեան ապացուցումը» (անգլ. «Evidences of Christianity»), որուն լեզուն եւ շարադրանքը կը հիացնեն Տարուինը։ Ուսման աւարտին 1831թ. Յունուարին Տարուինը լաւ առաջադիմած էր աստուածաբանութեան մէջ, ուսումնասիրած էր գրականութեան դասականներուն, մաթեմատիկան եւ ֆիզիկան եւ յաջողութեամբ 178 քննութիւն յաջող յանձնողներէն ան ցուցակին մէջ 10-րդն էր։ Տարունը կը մնայ Քէմպրիճի մէջ մինչեւ Յունիս։ Ան կ՛ուսումնասիրէ Փալէիի «Բնական աստուածաբանութիւն» (անգլ. «Natural Theology») աշխատանքը, ուր հեղինակը կը բերէ աստուածաբանական փաստարկներ բնութեան էութեան բացատրութեան համար, բացատրելով յարմարուողականութիւնը բնութեան օրէնքներու միջոցով, որպէս Աստուծոյ ազդեցութիւն։ Ան կը կարդայ Կերշլիի գիրքը, ուր նկարագրուած էր բնական փիլիսոփայութեան գերագոյն նպատակը, որպէս օրէնքներու ըմբռնում ինդուկցիոն դատողութեան միջոցով, որ հիմնուած էր հետազօտութիւններու վրայ։ Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ Ալեքսանտր Ֆոն Կումպոլտթի «Անձնական պատմութիւն» (անգլ. «Personal Narrative») գիրքին, ուր հեղինակը կը նկարագրէ իր ճանապարհորդութիւնները։ Թեներիֆէ կղզիի նկարագրութիւնը, որ կը բերէ Կումպոլտթը, Տարուինը եւ անոր ընկերները կը վարակեն գաղափարով մը՝ ուսումը աւարտելէն յետոյ մեկնիլ հոն, որպէսզի արեւադարձային պայմաններու մէջ զբաղին բնական պատմութեամբ։ Ասոր պատրաստուելու համար ան Ադամ Սէճուիքի (անգլ. Adam Sedgwick) մօտ կը սորվի երկրաբանական դասընթացքին եւ ամրանը անոր հետ կը մեկնի Ուէլս. ցեղերու քարտէսագրումին։ Երկու շաբաթ անց վերադառնալով Հիւսիսային Ոէլսով կարճատեւ ուղեւորութենէն, ան կը գտնէ նամակ մը Հենսլոուիէն, ուր ան Տարուինին կը ներկայացնէ «Պիկլի» քափիթանին՝ Ռոպըրթ Ֆիցրոյին, որպէս համապատասխան մարդ բնագէտի չվարձատրուող պաշտօնին համար, որուն հրամանատարութեան տակ չորս շաբաթ անց պէտք է սկսուէր արշաւը դէպի Հարաւային Ամերիկայի ափերը։ Տարուինը պատրաստ էր ընդունելու առաջարկը, բայց անոր հայրը դէմ էր նմանօրինակ արկածներուն, քանի որ կը կարծէր երկամեայ ճամփորդութիւնը ոչ այլ ինչ է, քան ժամանակի պարապ վատնում։ Բայց անոր մօրեղբօր Ճոզիա Ուէճվուտ երկրորդ (անգլ. Josiah Wedgwood II) միջամտութիւնը կը համոզէ անոր հօրը տալ համաձայնութիւն։
 
=== Բնագէտի ճամփորդութիւնը «Պիկլ» նաւի վրայ (1831-1836)===
Տող 57 ⟶ 56՝
[[Պատկեր:HMS Beagle by Conrad Martens.jpg|մինի|''«[[Բիգլ]]ը»'' կատարում էր [[Հարավային Ամերիկա]]յի ջրափնյա գծի նկարահանումը, Դարվինը սկսեց կազմել տեսություններ նրան շրջապատող բնության հրաշքների մասին]]
 
Համալսարանը աւարտելէն յետոյ 1831 թուականին Տարուինը, որպէս բնագէտ շուրջերկրեայ ճամփորդութեան կը մեկնի թագաւորական նաւատորմի արշաւային «Պիկլ» նաւով, ուրկէ Անգլիա վերադարձած է միայն 1836 թ.Հոկտեմբեր 2-ին։ Ճանապարհորդութիւնը տեւած է 5 տարիէ ոչ պակաս։ Ժամանակին մեծ մասը Տարուինը կ՛անցընէր ափին, ուսումնասիրելով երկրաբանութիւն եւ հաւաքելով բնական պատմութեան հաւաքածոյ, այն ժամանակ, երբ « «Պիկլ» Ֆիցրոյի գլխաւորութեամբ ափի հիտրոկրաֆիկական եւ քարտէսագրական նկարահանումներ կ՛իրականցնէր։ Ճամփորդութեան ժամանակ ան հանգամանօրէն գրի կ՛առնէր իր հետազօտումները և տեսական երեսպատումները։ Ժամանակ առ ժամանակ, երբ ատոր համար յարմար պահ կը ստեղծուէր Տարուինը նշումներու պատճէնը կ՛ուղարկէր [[Քէմպրիճ]] նամակներու հետ միասին, որոնք կը ներառէին իրենց մէջ օրագիրի տարբեր մասերու պատճէնները ազգականներու համար։ Ճամփորդութեան ժամանակ ան կատարած է շարք մը տարբեր շրջաններու երկրաբանական նկարագրում, հաւաքած է կենդանիներու հաւաքածոյ, նաեւ կատարած է ծովային անողնայարներու արտաքին կառուցուածքի եւ անաթոմիի կարճ նկարագրում։ Ուրիշ ոլորտներու մէջ, ուր Տարուինը անտեղեակ էր, ան իրեն ցուցաբերեց, որպէս հմուտ հաւաքածո հաւաքող՝ հաւաքելով նմուշներ, որպէսզի մասնագէտները ուսումնասիրեն։ Չնայած յաճախ շատ վատ ինքնազգացողութեանը կապուած ծովային հիւանդութեան հետ Տարուինը կը շարունակէր իր ուսումնասիրութիւնները նաւամատոյցի վրայ. անոր կենդանաբանական նմոյշներուն մեծ մասը եղած են ծովային անողնայարաներու մասին, որոնց հաւաքածոն ան կը հաւաքէր եւ կը նկարագրէր երբ ծովթ կը հանդարտէր։ Առաջին կանգառի ժամանակ Սանթեակոյի ափերուն մօտ, Տարուինը հետաքրքիր երեւոյթ մը կը նկատէ՝ հրաբխային քարաժայռեր խեցիներով եւ մարջաններով, որոնք լաւայի բարձր ջերմաստիճանի ազդեցութեան տակ վերածուած էին ճերմակ պինդ լեռնատեսակի։ [[Ֆիցրոյ|Ֆիցրոյը]]ը անոր կու տայ Չարլզ Լայէլի «Երկրաբանութեան հիմքերը» (անգլ. ”[[Principles of Geology]]”) գիրքի առաջին հատորը, ուր հեղինակը կը ձեւակերպէ ունիֆորմիզմի գաղափարներրը երկար ժամանակահատուածին երկրաբանական փոփոխութիւններու մեկնաբանութեան միջոցով։ Եւ արդէն առաջին հետազօտութիւնները, որ կատարուած են Տարուինի կողմէն «Կանաչ Հրուանդան»ի կղզիներու վրայ Սանթեակոյի մէջ, ցոյց տուին մեթոտի գերազանցութիւնը, որ կիրառուած էր Լայէլի կողմէն։ Յետագային Տարուինը կ՛ընդունի եւ կ՛օգտագործէ Լայէլի մօտեցումը երկրաբանութեան գիրքի գրառումի տեսական մօտեցումներու եւ անդրադարձներու համար։
[[Պատկեր:Voyage of the Beagle-en.svg|մինի|300px|«Պիկլ» նաւի ճամբորդութիւնը]]
[[Փունթա Ալթա]] վայրի մէջ, որ Փաթակոնիայի մէջ է, ան կարեւոր յայտնագործութիւն մը կ՛ընէ է։ Տարուինը կը յայտնաբերէ քարացած անյետացած հսկայական անհետացած հսկայական կաթնասուն մը։ Գտածոյի կարեւորութիւնը կ՛ընդգծուի այն բանի մէջ, որ կենդանիին մնացորդները գտնուեցան հանքատեսակներու մէջ նոր տեսակի փափկամարմինի խեցիներու կողքին, ինչը անուղղակիօրէն ցոյց կու տայ թէ այն չէ անհետացած շատոնց՝ առանց կլիմայի փոփոխութեան յատկանիշներու կամ աղէտներու։ Ան կը բնորոշէ գտածոն, որպէս քիչ յայտնի մեկաթերիա ոսկրային զրահով, որը առաջին հայեացքէն նման էր տեղական զրահամորթի հսկայական վարկածին։ Այդ գտածոն մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց, երբ հասաւ [[Անգլիա|Անգլիոյ]] ափերուն։ Տեղական կաուչոների հետ երկրի ներքին շրջանները ուղեւորուած ժամանակ երկրաբանութիւնը նկարագրելու եւ բրածոյ մնացորդներու հաւաքածոյ հաւաքելու ժամանակ ան ձեռք կը բերէ պատկերացումներ, յեղաշրջումի ժամանակահատուածում բնիկ ազգութիւններու եւ գաղութարարներու փոխ համագործակցութեան սոցիալական, քաղաքական և մարդաբանական տեսանկիւններու մասին։ Ան նաեւ կը նկատէ, որ Նանտու ջայլամի զոյգ տարատեսակները ունին տարբեր, բայց վերածածկուող բնակավայրեր։ Շարժուելով դէպի հարաւ, ան կը յայտնաբերէ աստիճանաձեւ հարթավայրեր՝ ծածկուած կոկանով եւ փափկամորթիի խեցիներով, նման ծովային սարահարթերու՝ արտացոլելով ցամաքի բարձրացման շարքը։ Կարդալով Լայէլի երկրորդ հատորը, Տարուինը կ՛ընդունէ անոր տեսակէտը տեսակներու «ստեղծումի կենտրոնի» վերաբերեալ, բայց անոր գտածոները եւ դատողութիւնները կը ստիպեն անոր կասկածի տակ առնելու Լայէլի գաղափարները տեսակներու անհետացումի եւ յարատեւութեան վերաբերեալ. Նաւամատոյցի վրայ կը գտնուէին երեք հրոերկրացիներ, որոնց [[Անգլիա]] տեղափոխած էին «Պիկլ»ի անցած արշաւի ժամանակ [[1830]] թ. Փետրուարին։ Անգլիոյ մէջ մէկ տարի անցընելէն յետոյ անոնք ետ վերադարձուած են Հրոյ երկիր, որպէս քարոզիչներ։ Տարուինը համարեց անոնց քաղաքակիրթ, բարեկամական, այն ժամանակ, երբ իրենց ցեղակիցները «խեղճ, անկում ապրած վայրենիներ» երեւցան, ճիշդ այնպէս, ինչպէս իրարմէ կը տարբերուին ընտանի եւ վայրի կենդանիները։ Տարուինի համար այդ տարբերութիւնները առաջին հերթին ցուցադրեցին քաղաքավարութեան գերազանցութեան նշանակութիւնը, բայց ոչ ռասայական անլիարժէքութիւնը։ Ի տարբերութիւն իր գիտնական ընկերներուն, ան արդէն կը մտածէր, որ մարդու եւ կենդանիի միջեւ անյաղթահարելի անդունդ գոյութիւն չունի։ Մէկ տարի անց այդ առաքելութիւնը լքուած էր։ Հրոերկրացին, որուն անուանած էին [[Ճիմի Պաթթըն]] (անգլ. Jemmy Button) սկսած էր ապրիլ այնպէս ինչպէս միւս ապորիկենները. ան ունէր կին եւ չուներ ոչ մէկ ցանկութիւն վերադառնալու [[Անգլիա]]։
Տող 68 ⟶ 67՝
 
== Տարուինը եւ կրօնը ==
Տարուինը ծագումով նոնկոնֆորմիստական շրջապատէ էր։ Թեեւ անոր ընտանիքի որոշ անդամները ազատախոհ էին, բացայայտօրէն կը ժխտէին հին աւանդական կրօնական հաւատալիքները, ինք սկիզբէն կասկածի չէր ենթարկեր Աստուածաշունչի բառացի իսկութիւնը։ Ան այցելած է անգլիական դպրոց, յետոյ Քէմպրիճի մէջ ոււսումնասիրած է անգլիական աստուածաբանութիւն, որպէսզի դառնայ փաստէոր /բողոքաններու քահանայ/ եւ միանգամայն համոզուած էր [[Ուիլիըմ Փէյլ]]ի վախճանաբանական փաստարկներուն, որուն համաձայն բանական համասարքը, որ տեսանելի է բնութեան մէջ, կ՛ապացուցէ Աստուծոյ գոյութիւնը։ Բայց անոր հաւատը սկսաւ տատանիլ «[[Պիկլ|Պիկլի]]ի» վրայ ճամփորդած ատեն։ Ան կասկածի կ՛ենթարկէր իր տեսածը՝ զարմանալով հմայիչ, խորջրեայ էակներով, որոնք ստեղծուած էին այնպիսի խորքերուն մէջ, ուր ոչ ոք չէր կրնար հիանալ անոնց տեսքով, սասանուելով իշամեղու տեսած ատեն, որոնք կաթուածահար կ՛ընէին թրթուռներուն, որոնք պէտք է սնունդ ըլլային իրենց թրթուռներուն համար։ Վերջին օրինակին մէջ ան տեսաւ ակնյայտ հակասութիւն Փէյլիի աշխարհակառուցուածքի պատկերացումներուն մէջ։ Ճամփորդելով «Պիկլի» վրայ Տարուինը տակաւին հաւատարիմ կը մնար խիստ հետեւողական հայեացքներուն եւ միանգամայն կրնար վկայակոչել Աստուածաշունչի հեղինակութեանը բարոյականութեան հարցերուն մէջ, բայց աստիճանաբար սկսաւ վերանայել արարումի պատմութիւնը, այն տեսքով, որով ան ներկայացուած է Հին Կտակարանին մէջ, որպէս սուտ եւ վստահութեան ոչ արժանի. «…եկած եմ այն գիտակցումին, որ Հին Կտակարանը իր աշխարհի սուտ պատմութեան ակնյայտութեամբ, իր բաբելոնական աշտարակով, ծիածանով, որպէս պատգամի խորհրդանիշ եւ այլն, … արժանի են վստահութեան նոյն չափով, ինչքան հնդիկներուն սրբազան գիրքերը կամ որեւէ վայրենիի հաւատալիքները»։
[[Պատկեր:Annie Darwin.jpg|մինի|Տարուինին աղջկան՝ Էննիի մահը, [[1851]] թ. եղաւ վէրջին կաթիլը, որ կը կանխէր արթեն իսկ կասկածող Տարուինին ամենաբարելաւ Աստուծոյ գաղափարէն]]
 
Վերադառնալէն յետոյ, ան սկսած էր տեսակներու փոփոխումի ապացոյցներու հաւաքումը։ Ան գիտէր, որ իր կրօնական բնագէտ ընկերները նման հայեացքները կը նկատեն հերետիկոսութիւն, որոնք կը քայքայեն սոցիալական կանոններու հրաշալի բացատրութիւնները, եւ գիտէր, որ նման յեղափոխական գաղափարները կ՛ընդունուին ալ աւելի ոչ հիւրընկալ, այն ժամանակ, երբ անգլիական եկեղեցւոյ դիրքերը յայտնուեցան արմատական աթեիստներու եւ դիսենտերներու կրակի տակ։ Գաղտնի մշակելով իր բնական ընտրութեան տեսութիւնը, Տարուինը կրօնի մասին անգամ կը գրէ, որպէս կենդանի մնալու ցեղական ռազմավարութիւն՝ հաւատալով Աստուծոն, ինչպէս գերագոյն էութեանը, որ կ՛որոշէ այս աշխարհի օրէնքները։ Անոր հաւատը աստիճանաբար թուլացած էր ժամանակի ընթացքին եւ [[1851]] թ. Էնիի մահուընէ յետոյ Տարուինը կը կորսնցնէ հաւատը քրիստոնէութեան նկատմամբ։ Ան կը շարունակէ տեղական եկեղեցիին օգնութիւն ցուցաբերել եւ կ՛օգնէ ծխականներուն ընդհանուր գործերուն մէջ, բայց Կիրակի օրերը, երբ ամբողջ ընտանիքը կ՛ուղեւորուէր եկեղեցի, ան կ՛երթար զբօսանքի։ Հետագային, երբ իրեն կը հարցնէին կրօնական հայեացքներէ Տարուինը կը գրէր, որ երբեք աթեիստ չէ եղած այն իմաստով, որ Աստուծոյ գոյութիւնը չէ ժխտած եւ ընդհանուր առումով «ճիշդ կ՛ըլլար իմ միտքս նկարագրել, որպէս ագնոստիկական»։
Միաժամանակ Տարուինի առանձին արտայայտումները կարելի է գնահատել որպէս աթեիստական կամ դեիստական։ «Տեսակներու ծագումը»ի վեցերորդ հրատարակումը ([[1872]]) կ՛աւարտուի դեիզմի ոգիով. «Առկայ է վեհութիւն այն տեսակէտին մէջ, որով կեանքը իր տարբեր դրսեւորումներով Արարիչը ի սկզբանէ ներշնչած է մէկ կամ սահմանափակ թիւով ձեւերու մէջ, այն ժամանակ, երբ մեր մոլորակը կը շարունակէ պտտուիլ համաձայն ձգողականութեան անփոփոխ օրէնքներուն, եւ նման պարզ սկզբունքէն կը զարգանայ եւ կը շարունակէ զարգանալ ամենագեղեցիկ եւ ամենազարմանալի ձեւերու անսահման թիւը»։ Միեւնոյն ժամանակ Տարուինը կը նշէր, որ բանական ստեղծումի պատկերացումը, որպէս սկզբնապատճառ «զիս ղեկավարած է այն ժամանակ, երբ ես կը գրէի « Տեսակներու ծագումը», ճիշդ այդ պահէն անոր նշանակութիւնը ինծի համար սկսաւ շատ դանդաղ, ոչ շատ երկար տատանումներէն յետոյ, աւելի ու աւելի թուլնալ»։ Որպէս աթեիստական կարելի է գնահատել Տարուինի արտայայտումները Կուրքերին ուղղուած նամակի մէջ ([[1868]]/. «…ես համաձայն չեմ, որ յօդուածը անվրէպ է, ես հրեշային կը գտնեմ հաստատումը, իբրեւ թէ կրօնը ուղղուած չէ գիտութեան դեմ … բայց երբ ես կ՛ըսեմ թէ այն սխալ է, ես վստահ չեմ, արդեօք չէր ըլլար ողջամիտ գիտութեան մարդոց համար ամբողջութեամբ անտեսել կրօնի ամբողջ բնագաւառը»։ «Ինքնակենսագրութիւն»ի մէջ Տարուինը գրած է. «Այդպէս կամաց-կամաց իմ հոգուն մէջ սողոսկեց անվստահութիւնը եւ ես վերջիվերջոյ դարձայ անհաւատ։ Բայց այդ տեղի կ՛ունենար այնքան դանդաղ, որ ես չէի զգար ոչ մէկ վշտացում, եւ այլեւս երբեք մէկ վայրկեանով ալ թերահաւատութիւն չէի զգար իմ եզրակացութեան ճշդութեան մէջ։ Եւ, իրօք, ես ի վիճակի չէի հասկնալ, թէ ով կրնար ցանկալ, որպէսզի քրիստոնէական ուսուցումը ըլլար ճշմարիտ եւ եթէ այդպէս է ուրեմն այդ հասարակ թեքսթը /[[Աւետարան|Աւետարանը]]ը/ ցոյց կու տայ, որ անհաւատ մարդիկ՝ իսկ անոնց մէջ պէտք է ներառուին իմ հայրս, եղբայրս եւ իմ բոլոր լաւ ընկերներս, պէտք է պատիժ կրեն։: Գարշելի ուսուցում»։
 
Իր մեծ հօր՝ [[Էռազմ Տարուին]]ի կենսագրութիւնը գրած ատեն Չարլզը կը յիշեցնէ սուտ լուրերուն մասին, համաձայն որուն Էռազմը մահուան մահիճի մէջ Աստուծոն աղերսած է։ Չարլզը իր պատմուածքը կ՛եզրափակէ հետեւեալ բառերով. «Այսպիսին եղած են քրիստոնէական զգացումները այս երկիրին մէջ [[1802]] թ. Մենք կրնանք ծայրայեղ պարագային յուսալ, որ նման ոչ մէկ բան ալ գոյութիւն չունի»։ Չնայած բարեմաղթանքներուն նմանատիպ պատմութիւններ նոյնպէս կ՛ուղեկցէին Չարլզի վախճանը։ Անոնցմէ ամենամեծ հռչակ ստեղծած է անգլիացի քարոզչուհի, այսպէս կոչուած «[[Լէյտի Հուփի պատմութիւնը]]» տպագրուած [[1915|1915թ]]թ., ուր հաստատուած է, որ Տարուինը ենթարկուած է կրօնական դարձումի հիւանդութեան ընթացքին մինչեւ վախճանը։ Նմանատիպ պատմութիւններ աքթիւ կը տարածուէին տարբեր տեսակի կրօնական խումբերու կողմէն եւ վերջիվերջոյ ձեռք բերած են քաղաքային առասպէլներու կարգավիճակ, բայց ատոնք Տարուինի երեխաներուն կողմէն ժխտուած են եւ պատմութիւններու կողմէն մէկ կողմ նետուած, որպէս անհիմն։
 
== Մէջբերումներ ==