«Ուինսթըն Չըրչիլ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 39.
[[Պատկեր:Blenheim main entrance.jpg|մինի|ձախից|Պլենհեյմ պալատը՝ Չըրչիլներիու ընտանիքի տունը։]]
[[Պատկեր:Jennie Jerome, Lady Randolph Churchill.jpg|մինի|ձախից|Ճենի Ճերոմը, (Լեյտի Րենտոլֆ Չըրչիլ), Ուինսթըն Չըրչիլի մայրը։]]
Ուինսթըն Չըրչիլը ծնած է Մարլպորօ հերցոկներու Պլենհեյմ պալատին մէջ։ Անոր հայրը՝ լորտ Ռենտոլֆ Սփենսեր Չըրչիլը, ճանաչուած քաղաքական գործիչ էր, ան [[փարլամենի]]փարլամենթի Համայնքներու պալատի պատգամաւոր էր։ Ինչպէս եւ հետագային՝ Ուինսթընը, անոր հայրը նոյնպէս Պահպանողական կուսակցութեան անդամ էր։
 
Ուիսթընի մայրը՝ Ճենի Ճերոմը (անգլերէն՝ Jennie Jerome), [[Միացեալ Նահանգներ|ամերիկեան]] հարուստ ձեռնարկատիրոջ դուստր էր։ Ինչպէս ընդունուած է շատ արիստոկրատ ընտանիքներուն մէջ, դեռ մէկ տարեկանէն արդեն փոքրիկ Ուինսթընի մասին հոգ կը տանէր անոր դայակը՝ Էլիզաբեթ Էն Էվերեսթը (անգլերէն Elizabeth Anne Everest), որ ան սովորաբար «պառաւ» կ'ըսէր։ Ութ տարեկանին Ուինսթընը կը դառնայ Սենթ Ճորճ նախակրթական դպրոցի սան, ուրտեղ ան հաճախ խախտելով կարգը կ'ենթարկուէր պատիժի, իսկ քանի որ դպրոցին մէջ ընդունուած էր պատժել ծեծի միջոցաւ, Էլիզաբեթը կը նկատէ պատանիի կապտուկները, որմէ յետոյ անոր կը տեղափոխեն [[Պրայթըն]]՝ Թոմսըն քոյրերու դպրոց։ Տեղափոխուելէն յետոյ ան կը սկսի բաւական լաւ սորվիլ, սակայն անոր յառաջադիմութիւնը այնքան ալ փայլուն չէ եղած համեմատած համադասարանցիներու հետ։