Ուինսթըն Չըրչիլ
Սըր Ուինսթըն Չըրչիլ (անգլերէն՝ Sir Winston Leonard Spencer Churchill, 30 Նոյեմբեր 1874[1][2][3][…], Բլենհելմյան ամրոց, Վուդստոք - 24 Յունուար 1965[1][2][3][…], Հայդ Փարկ Գեյթ, Կենսինգտոն և Չելսի, Մեծ Լոնտոն, Լոնտոն, Անգլիա, Միացեալ Թագաւորութիւն[4][5]), Միացեալ Թագաւորութեան վարչապետ 1940-1945 եւ 1951-1955 թուականներուն, Բրիտանական ակադեմիոյ պատուաւոր անդամ, գրականութենէն Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր։
Պատմութիւն
ԽմբագրելՈւինսթըն Չըրչիլը ծնած է Մարլպորօ հերցոկներու Պլենհեյմ պալատին մէջ։ Անոր հայրը՝ լորտ Ռենտոլֆ Սփենսեր Չըրչիլը, ճանաչուած քաղաքական գործիչ էր, ան փարլամենթի Համայնքներու պալատի պատգամաւոր էր։ Ինչպէս եւ հետագային՝ Ուինսթընը, անոր հայրը նոյնպէս Պահպանողական կուսակցութեան անդամ էր։
Ուիսթընի մայրը՝ Ճենի Ճերոմը (անգլերէն՝ Jennie Jerome), ամերիկեան հարուստ ձեռնարկատիրոջ դուստր էր։ Ինչպէս ընդունուած է շատ արիստոկրատ ընտանիքներուն մէջ, դեռ մէկ տարեկանէն արդեն փոքրիկ Ուինսթընի մասին հոգ կը տանէր անոր դայակը՝ Էլիզաբեթ Էն Էվերեսթը (անգլերէն Elizabeth Anne Everest), որ ան սովորաբար «պառաւ» կ'ըսէր։ Ութ տարեկանին Ուինսթընը կը դառնայ Սենթ Ճորճ նախակրթական դպրոցի սան, ուրտեղ ան յաճախ խախտելով կարգը կ'ենթարկուէր պատիժի, իսկ քանի որ դպրոցին մէջ ընդունուած էր պատժել ծեծի միջոցաւ, Էլիզաբեթը կը նկատէ պատանիի կապտուկները, որմէ յետոյ անոր կը տեղափոխեն Պրայթըն՝ Թոմսըն քոյրերու դպրոց։ Տեղափոխուելէն յետոյ ան կը սկսի բաւական լաւ սորվիլ, սակայն անոր յառաջադիմութիւնը այնքան ալ փայլուն չէ եղած համեմատած համադասարանցիներու հետ։
Երբ 1886 թուականին ան թոքի բորբոքում ձեռք բերաւ, անոր թոյլ առողջութիւնը եւ ոչ մէկ բան չխոստացող յառաջադիմութիւնը պատճառ կը դառնան, որ ծնողքը անոր ուղարկեն ոչ թէ Իթընի թագաւորական քոլէճ, ուրտեղ սերունդէ սերունդ կը սորվին Մարլպորօ տոհմի պատանիները, այլ ոչ պակաս անուան Հարոու դպրոց։ Հարոու դպրոցին մէջ 1889 թուականին Ուինսթընին կը փոխադրեն յատուկ զինուորական թէքումով դասարան։ Պատանի Ուինսթընը դպրոցին մէջ այն տասներկու աշակերտներէն մէկն էր, որոնք կրնան յանձնիլ աւարտական քննութիւնները բոլոր առարկաներէ, յատկապէս անոր մօտ կը դիտուի բարձր հետաքրքրութիւն պատմութեան հանդէպ, իսկ 1892 թուականին ան սուսերամարտէն կը դառնայ դպրոցի ախոյան։
1893 թուականին Ուիսթըն Չըրչիլը կ'ընդունուի Սանtհարսթի Թագաւորական ռազմական ակադեմիա՝ ամէնէն անուանի ռազմական ուսումնական հաստատութիւններէն մէկը։ Մօտ մէկ տարի ակադեմիայի ներսը ուսանելէն ետք, 1895 թուականին Փետրուար 2-ին կը ստանայ կրտսեր լեյտենանտի կոչում, նոյն այդ տարին ալ ան կը կրէ երկու ծանր կորուստ՝ կը մահանան անոր հայրը եւ սիրելի դայակը։
Երիտասարդ Տարիներ
ԽմբագրելԿոչումը ստանալէն յետոյ Ուինսթըն Չըրչիլը կ'անցնէ ծառայութեան թագուհիի անձնական 4-րդ հուսարական գունդին մէջ։ Քանի մը ամիսէն ետք, մօր միջամտութեամբ, Չըրչիլը կ'ուղարկուի Գուպա, որպէս «Տէյլի Կրաֆիք» (անգլերէն՝ Daily Graphic) թերթի զինուորական թղթակից, ան պէտք է հանգամանօրէն ներկայացներ սպանացի գաղութարարներու դէմ տեղացիներու ապստամբութիւնը։
Սպանական բանակին մէջ գործուղման մեջ գտնուելու ատենը, ան առաջին անգամ կը հայտնուի կրակի գոտիին մէջ, եւ անոր յօդուածներէն հինգը կը տպագրուին թերթին մէջ, որոնցմէ քանի մը հատը «Նիւ Եորք Թայմս»–ին մէջ։ Սպանիոյ կառավարութեան կողմէ «Կարմիր խաչ» մետալով պարգեւատրելը Չըրչիլի սքանտալային բնաւորութեանը աւելի մեծ ճանաչողութիւն կը բերէ, անոնցմէ յետոյ բրիտանական մամուլը կը յայտնէ իր կասկածները անոր, որպէս թղթակիցի, միջանկեալ դիրքի մասին։ Գուպայի իր ծառայութիւնը աւարտելէն ետք, դէպի Անգլիա ետդարձի ճամբուն Չըրչիլը առաջին անգամ կ'ըլլայ Միացեալ Նահանգներուն մէջ։
Յետագային, երբ 1896 թուականի Հոկտեմբերին Նոր զօրամասը կ'ուղարկուի Հնդկաստան՝ Պանկալոր քաղաք, Չըրչիլը շատ կը զբաղուի ընթերցանութեամբ, փորձելով լրացնել համալսարանական կրթութեան պակասը եւ կը դառնայ հմուտ բօլօ խաղացող՝ զօրամասային խումբին մէջ։
Մօտ մէկ տարի Պանկալորի մէջ ծառայելէն յետոյ, ան ցանկութիւն կը յայտնէ միանալ Հնդկաստանի հիւսիս արեւմուտքին, Մալաքանտ լեռնային շրջանին մէջ, փուշթուններու ցեղերու դէմ պայքարող բրիտանական զինուորական արշաւախմբային կորպուսին, սա հարցին նոյնպէս անոր օգնութեան կը հասնէ բարձրաշխարհիկ շրջապատին մէջ ունեցած անոր մօր՝ լէյտի Ռենտոլֆի կապերը։[15] Սա ռազմական գործողութիւններու ընթացքին, որ աւելի վտանգաւոր ու դաժան էր քան Գուպայի մէջ, Չըրչիլը աչքի կ'ինայ խիզախութեամբ, ան ատոր մասին կը գրէ մօրը՝ «Սա աշխարհին մէջ, աւելի շատ ես կը ձգտիմ ձէռք բերել քաջի համբաւ, քան որեւէ այլ բանի»։ Իսկ իր տատիկին՝ հերցոկուհի Մարլպորօյին ուղղուած նամակին մէջ, ան կը քննադատէ սա գործողութիւններու անիմաստութիւնը եւ երկկողմանի դաժանութիւնը, -
«Փուշթունները կտտանքի կ'ենթարկուին վիրաւորներուն եւ խոշտանգի մէջ սպանուածներուն։ Զինուորները կը խնայեն իրենց ձեռքը ինկած ոչ մէկ հակառակորդի, վիրաւոր ըլլան, թէ՝ ոչ։ Զինւորական հիւանդանոցներն ու պահակախումբերը թշնամիի համար կը հանդիսանան յատուկ թիրախ, իսկ մենք կը ոչնչացնենք խմելու անոնց ջուրի ամբարները, որոնք անոնց համար ամառը ջուր ստանալու միակ միջոցն են, եւ կ'օգտագործենք անոնց դէմ նոր «Դում-դում» փամփուշտները՝ որոնց ազդեցութիւնը սարսափելի է։
Այս ամենը ֆինանսական առումով սնանկացուցիչ է, բարոյական առումով՝ անընդունելի, ռազմական առումով՝ անիմաստ եւ սխալմունք՝ քաղաքական առումով։»
"The tribesman torture wounded and mutilate dead. The troops never spare a single man who falls into their hands — whether he be wounded or not. The field hospitals and sick convoys are the especial targets for the enemy and we destroy the tanks by which alone [water] for the summer can be obtained — and employ against them a bullet — the new Dum—Dum bullet ... the shattering effects of which are simply appalling.
Financially it is ruinous. Morally it is wicked. Military it is an open question and politically it is a blunder."[16]
Նամակները տպագրուած են «Տէյլի թելեկրաֆ» թերթին մէջ, իսկ յետոյ կը հրատարակուի անոր «Մալաքանտի դաշտային կորպուսի պատմութիւն» գիրքը (անգլերէն՝ «The Story of the Malakand Field Force»)։[16].
Մալաքանտէն վերադառնալէն ետք, Չըրչիլը կրկին կը դիմէ հրամանատարութեան, որպէս զինուորական թղթակից Հիւսիսային Ափրիկէ գործուղուելու համար, սակայն ան չ'արժանանար հրամանատարութեան հաւանութեան, անոր համար ան կը դիմէ անձամբ վարչապետին՝ լորտ Ռոպերթ Սոլսպերիին։
Արդիւնքը այն էր որ Չըրչիլը կը նշանակուի լեյտենանտի արտահաստիքային պաշտօնի, բայց հրամանատարը յատուկ կը նշէ, որ վիրաւորուելու կամ զոհուելու դեպքին մէջ ան ռազմական ֆոնտէն հատուցում պիտի չստանայ։[16] 1898 թուականին Չըրչիլը կ'ուղարկուի Եգիպտոս, հոնտեղէն ալ Սուտան՝ ճնշելու Մահտիականներու ապստամբութիւնը։ Հոն ան նաեւ կը թղթակցէ Լոնտոնի «Մորնինկ փոսթ» օրաթերթին։ Սուտանի մէջ ապստամբները ունէին բաւական թուական գերակշռութիւն, մինչդեռ անգլիա-եգիպտական բանակը առաւել էր սպառազինութեամբ, որու թուին կային հրետանի, նոր տիպի հրազէն, հրետանաւակներ ու նաեւ «Մաքսիմ» գնդացիրներ։
1898 թուականին Սեպտեմբեր 2-ին, Օմտուրմանի մօտի գլխաւոր ճակատամարտին, կը մասնակցէ նաեւ Չըրչիլը՝ հեծելազօրի կազմին մէջ։[17]
Սուտանի գործողութիւններու մասին ան կը գրէ իր «Գէտի պատերազմը» (անգլերէն՝ «The River War») գիրքը։
Սուտանէն Չըրչիլը կը վերադառնայ Հնդկաստան, համազգային մականախաղի մրցումներուն մասնակցելու համար, ուրտեղէն յաղթանակած վերադառնալէն յետոյ, 1899 թուականի Մայիս 5-ին, կը հրաժարի ծառայութենէն՝ անցնելով պահեստազօր։
1899 թուականի Յուլիսին, փարլամենթի անդամ Ռոպերթ Ասքրոֆթն կ'առաջարկէ Չըրչիլին ներկայացնել իր թեկնածութիւնը յառաջիկայ ընտրութիւններուն, որպէս Պահպանողական կուսակցութեան թեկնածու՝ Օլտհեմի շրջանէն։ Չըրչիլի առաջին քաղաքական փորձը յաջողութեամբ չի պսակուիր, ընտրութիւններուն կը յաղթէ Լիպերալ կուսակցութիւնը։
Նոյն թուականի աշնան հարաւային Ափրիկէյի քանի մը հանրապետութիւններու հետ բրիտանական կառավարութեան հարաբերութիւններու սրումը կը յանգեցնէ Անգլիա-պուրական երկրորդ պատերազմին։ Սեպտեմբեր 18-ին ան «Տէյլի մեյլ» թերթէն առաջարկութիւն կը ստանայ՝ որպէս զինուորական թղթակից մեկնիլ հարաւային Ափրիկէ, սակայն Չըրչիլը, դեռ չպատասխանած անոնց առաջարկին, կը դիմէ «Մորնինկ փոսթ» օրաթերթին, որ կը շտապէ Չըրչիլին այն ժամանակներուն չլսուած, մեծ գումար վճարել։[16] Ընդունելով «Մորնինկ փոսթ» թերթի առաջարկը՝ Չերչիլը, Հոկտեմբեր 18-ին, պատերազմը սկսելէն երկու օր յետոյ, կը մեկնի Ափրիկէ։
Արդեն Ափրիկէյի, [Նոյեմբեր 15-ին, Չըրչիլը զրահապատ գնացքով կը մեկնի տեղազննութեան, որ կը ղեկավարէր կապիտան Հոլտեյնը՝ (անգլերէն՝ Haldane), որ արդեն ան ծանօթ էր Մալաքանտէն։ Գնացքը պուրերու (հոլանտերէն՝ boeren՝ գիւղացիներ, անգլերէն՝ boer) կողմէն կը յայտնաբերուի եւ կ'ենթարկուի հրետակոծութեան, հիսունի մօտ զինուոր գերի կ'ինան, այդ թուին նաեւ կապիտան Հոլtեյնը եւ Չըրչիլը։ Գերութենէն անոր անյաջող փախուստի փորձէն jետոյ անոր կ'ուղարկեն ռազմագերիներու ճամբար, որ տեղակայուած էր Փրեթորիոյ Պետական բարձրագոյն դպրոցին մէջ։ Դեռ մէկ ամիս չանցած՝ Դեկտեմբեր 12-ին Չըրչիլը, կապիտան Հոլտեյնը եւ սերժանտ-մայոր Պրուքին կը դիմեն փախուստի, բայց միայն անոր կը յաջողուի ժամապահներէն աննկատ անցնիլ, որուն համար, Չըրչիլին յետոյ անհիմը կը մեղադրեն ընկերներուն ձգելու մեջ, սակայն յետոյ, 1912 թուականին, ան դատաւարութիւն կը սկսէ ընդդէմ «Բլեքվուտս Մեկըզին» ամսագիրի՝ մեղադրելով զրպարտութեան մէջ։ Ամսագիրը ստիպուած է ըլլալ տպագրել յատուկ յօդուած եւ ներողութիւն խնդրել[16]։
Փախչելով արշաւէն՝ Չըրչիլը ապրանքատար գնացքով աննկատ կը հասնի Ուիթպանք, ուրտեղէն անգլիացի ինժեներ Տեյնիել Տիւսնըփի (անգլերէն՝ Daniel Dewsnap) օգնութեամբ գաղտնի կ'անցնէ սահմանը։ Փախուստը Չըրչիլին կը դարձնէ jայտնի, ան կը ստանայ փառլամենթի մէջ իր թեկնածութիւնը առաջադրելու քանի մը առաջարկ, նաեւ՝ Օլտհեմի ընտրազանգուածի խոստումը, որ անոր կ'ընտրեն քաղաքական հայացքներէ անկախ[16], բայց Չըրչիլը կը նախընտրէ մնալ բանակին մէջ, կը ստանայ թեթեւ հեծելազօրի լեյտենանտի պաշտոն՝ նաեւ շարունակելով աշխատիլ, որպէս «Մորնինկ փոսթ»-ի յատուկ թղթակից։
Չըրչիլը այդ պատերազմին մէջ շատ մարտերու կը մասնակցի, մարտերուն դրսեւորած արիութեան համար ժեներալ Համիլթընը անոր կը ներկայացնէ Վիկտորիայի Խաչի պարգեւատրման, բայց քանի որ Չըրչիլը արդեն պաշտօնէն հրաժարած էր՝ չի պարգեւատրուիր[18]։ 1900 թուականին Չըրչիլը «Դանոթար Քասլ» փոստատարային նաւով կը վերադառնայ Անգլիա, այն նոյն նաւով, որ ութ ամիս առաջ մեկնած էր հարաւային Ափրիկէ[19]։
Քաղաքական Արհեստի Սկիզբը
ԽմբագրելԱփրիկէյէն վերադարնալէն հետոյ, Անգլիոյ մէջ Չըրչիլը աւարտին կը հասցնէ իր «Եան Համիլթընի Մարշը» (Ian Hamilton's March)[20] գիրքը, որուն մէջ կը նկարագրէր Անգլիա-պուրական երկրորդ պատերազմի իրադարձութիւնները, ու նաեւ վերադառնալով, երկրորդ անգամ առաջադրեցաւ իր թեկնածութիւնը 1900 թուականի փարլըմենթի ընտրութիւններուն, այս անգամ նոյնպէս՝ Օլդհեմի շրջանէն եւ Պահպանողական կուսակցութենէն։ Այս ընտրութիւններուն մէջ, բացի հերոսի համբաւը եւ Օլդհեմի ընտրողներու աջակցութիւնը անոր կ'օգնէ նաեւ այն հանգամանքը, որ իրեն փրկող մեքենագէտ Դիւսնափը ծնունդով հենց Օլդհեմէն էր, եւ Չըրչիլը չէր մոռցած նշել իր ընտրարշավի ժամանակ։[21][22][23] Ընտրութիւններուն ան իր հակառակորդ լիպերալ թեկնածուէն 222 ձայն աւելի կը հաւքէ եւ կը յաղթէ, այսպիսով ան արդեն 26 տարեկանին կը դառնայ Հանրային Պալատի պատգամաւոր[24]։
Նոյն թուականին ան կը հրատարակէ «Սավրոլա» վէպը, իր միակ խոշոր գեղարուեստական ստեղծագործութիւնը։ Որոշ գրականագետներ կը համարեն, որ «Սավրոլայ»–ի գլխաւոր հերոսի դերը հեղինակը ինքզինք նկարագրած է։
1901 թուականի Փետրուարին ան Հանրային Պալատին մէջ հանդէս կու գայ իր առաջին ճառով՝ Հարաւային Ափրիկէյի ետպատերազմեան կարգաւորման մասին։ Ան կոչ կ'ընէ բարէգութ վերաբերիլ պարտուած պուրերու նկատմամբ։
Նոյն թուականի Մայիսին Չըրչիլը անսպասելի խստութեամբ կը քննադատէ ռազմական նախարարի ռազմական պիւճէի աւելցումին մասին Ուիլլիամ Պրոտրիքի (անգլերէն՝ William Brodrick) առաջարկած ծրագիրը։ Անսպասելին միայն այն չէր, որ Պրոտրիքը ու Չըրչիլը նոյն կուսակցութեան ներկայացուցիչներ էին, այլ նաեւ այն, որ նախքան ելոյթ ունենալը ան արդեն իր ելոյթի ցանկեը ուղարկած էր «Մորնինկ փոստ» Լոնտոնեան օրաթերթին։
Միայն ասորով Չերչըլի եւ իր կուսակիցներու միջեւ տարաձայնութիւնները չեն աւարտիր, 1902 - 1903 թուականներուն ան շատ անգամներ դէմ հանդէս եկած է գաղութարար քաղաքականութեան եւ ազատ առեւտուրին վերաբերող հարցերուն, մասնաւորապէս, ան դէմ էր հացահատիկի ներմուծման հարկին։
Բանակին զորանալէն յետոյ Չըրչիլը 1902 թուականին Յունուար 4-ին կ'անցնէ ծառայութեան Թագաւորական Տարածքային հեծելազօրին մէջ (անգլերէն՝ Royal Yeomanry), Թագուհիի անձնական հուսարական Օքսֆորտշայրի գունդին մէջ կապիտանի կոչումով։[25] 1905 թուականին Ապրիլին ան կը ստանայ մայորի կոչում եւ կը գլխաւորէ նոյն գունդի Հենլի էսքատրոնը,[26] իսկ 1916 թուականին Սեպտեմբերին կը տեղափոխուի Բրիտանական բանակի սպայական Տարածքային բանակ, ուրտեղ կը մնայ մինչեւ իր 50 տարեկանին աւարտը՝ 1924 թուականին։[26]
Կուսակցութեան ներսը շարք մը տարաձայնութիւններու արդիւնքով 1904 թուականին Մայիս 31-ին Չըրչիլը կը հեռանայ Պահպանողական կուսակցութենէ եւ կ'անցնի Լիպերալ կուսակցութեան շարքերը։
1905 թուականին Դեկտեմբեր 12-ին Չըրչիլը կը նշանակուի բրիտանական գաղութներու գործերով նախարարի տեղակալ, նախարարն այդ ժամանակ լորտ Էլճինն էր, իսկ կառավարութեան վարչապետը՝ Հենրի Քեմփպըլ-Պանըրմանը։ Այդ պաշտօնին մէջ Չըրչիլը կը զբաղուի պուրական պետութիւններու սահմանադրութիւններու մշակմամբ։
Քանի մը տարի անց 1908 թուականին Ապրիլի սկիզբին, Հենրի Քեմփպըլ-Պանըրմանը հիւանդութեան պատճառով կը դժուարանայ կատարել վարչապետի իր պարտականութիւնները, որու հետեւանքով տնտեսութեան նախարար, Հերպերթ Ասքուիթը կը նշանակուի վարչապետ, իսկ Առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան նախարար Տէյւիթ Լլոյտ Ճորճը կը նշանակուի տնտեսութեան նախարար, արդիւնքով Չըրչիլը կը մղուի նոր պաշտօնի՝ Առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան նախարար։ Տէյւիթ Լլոյտ ճորճը, ինչպէս եւ Չըրչիլը, նույնպէս դէմ էր կառավարութեան ռազմական ծախսերու աւելացման բանաձեւին, սակայն անոր եւ Չըրչիլի ջանքերը միշտ չէ, որ յաջողութիւն կ'ունենային։ Չերչիլը այսպես կը նկարագրէ ռազմանաւերու շինարարութեան պատուէր մը.
«Ելքը բնորոշ էր եւ միեւնոյն ժամանակ՝ զուարճալի։ Ծովակալութիւնը կը պահանջէր վեց գծանաւ, իսկ տնտեսագետները կ'առաջարկէին միայն չորսը, ի վերջոյ մենք որոշեցինք արտադրել ութ նաւ»:
A curious and characteristics solution was reached. The Admiralty had demanded six ships, the economists offered four, and finally we compromised on eight[16]
Չըրչիլը Ասքուիթի կառավարութեան կողմէն կատարուող ընկերվարական բարեփոխումներու աջակից էր, 1908 թուականին ան կը նախաձեռնէ նուազագոյն աշխատավարձի մասին օրէնքը, որ կ'ընդունուի մեծամասնութեան քվէարկութեամբ, այն առաջին անգամ Անգլիոյ մէջ կը սահմանէր աշխատանքային օրուայ տեւողութեան եւ աշխատավարձին վերաբերուող հստակ ձեւեր։
Ներքին Գործերու Նախարար
Խմբագրել1910 թուականին Փետրուար 14-ին Չըրչիլը 35 տարեկանին կը նշանակուի Ներքին գործերու նախարարի պաշտօնակիր, որմէ յետոյ մինչեւ 1923 թուական կը ձգէ գրական գործունէութիւնը։ Այն տարիներուն ան կ'ենթարկուի փորձութիւններու, մէկ կողմէն աշխատաւոր ցուցարարներու եւ սաֆրճեթուհիներու կազմակերպած անկարգութիւններու կողմէն, եւ միւս կողմէն քաղաքական բոլոր խմբաւորումներու խիստ քննադատութիւնը անոր նկատմամբ, եւ բացի այդ, որպէս նախարար կատարուող ամեն ինչի համար պատասխանատութիւն կը կրէր։ Նոյն տարուայ Նոյեմբեր ամսուն Ռոնտա Քինոն Թաֆ (Հարաւային Ուալըս) հանքափորներու քաղաք Թոնիփենտիի մէջ յայտարարուած գործադուլը կը վերաճի զանգուածային անկարգութիւններու, այն բանէն յետոյ, երբ գործադուլին չմասնակցող հանքափորները կը վերկսին աշխատանքը։ Տեղական ոստիկանութեան պահանջով Չըրչիլը կը դիմէ զօրքի միջամտութեանը, եւ չնայած այն բանին, որ ան զօրքին հրամայած էր ընդհարում մը չունենալ ցուցարարներու հետ, եւ ցուցարարներու վրայ կրակելու մասին կեղծ լուրերը բազմակի անգամներ հերքուած էին, այդ իրադարձութիւնը բացասական անդրադարձ ունեցաւ հանրութեան մեջ եւ աշխատողները քննադատեցին անոր չափազանց կոշտ միջոցներ կիրառելու համար, իսկ պահպանողականները անվստահ գործելու համար։
Համաշխարհային Առաջին Պատերազմ
Խմբագրել1914 թուականին Յուլիս 28-ին՝ Սերպիան Աւստրիա-Հունկարիոյ պատերազմ հայտարարելու օրը Չըրչիլը հրամայեց նաւատորմին ընդունիլ մարտական դիրք, իսկ Օգոստոսի 3-ին Մեծ Բրիտանիան պաշտօնապէս մտաւ Առաջին համաշխարհային պատերազմի մեջ։
Հոկտեմբեր 5-ին Չըրչիլը ժամանեց Անթուէրփըն՝ անձամբ քաղաքի պաշտպանութիւնը գլխաւորելու համար, Հոկտեմբեր 10-ին գերմանացիները այն գրաւեցին, զոհուեցաւ 2500 զինուոր։ Չնայած չափազանց մեծ մարդկային եւ նիւթական կորուստներուն, շատեր կը նշէին, որ Անթուէրփընի պաշտպանութիւնը նպաստեց անոր, որ դիմանան Գալէ եւ Տիւնքըրք քաղաքները։
Պատերազմի ընթացքին Չըրչիլը ունեցաւ իր մասնակցութիւնը՝ առաջին տանկերը մշակելու եւ տանկային զօրքեր ստեղծելու գործին մէջ։
1915 թուականին ան դարձաւ Տարտանելի գործողութեան նախաձեռնողներէն մէկը, որ աւարտեցաւ դաշնակից զօրքերու պարտութեամբ եւ առաջացրեց կառավարական ճգնաժամ։ Ձախողման պատասխանատութիւնը Չըրչիլը զգալի չափով վերցուց իր վրայ եւ հրաժարեցաւ Ծովակալութեան առաջին լորտի պաշտօնէն։
Նոյեմբեր 15-ին մեկնեցաւ Արեւմտեան ճակատ եւ գնդապետի կոչումով կը գլխաւորէր Ակոտլանաթայի թագաւորական ֆուսիլիերներու 6-րդ վաշտը։ 1917 թուականին նշանակուեցաւ սպառազինութիւններու նախարար, իսկ 1919 թուականին Յունուարի՝ ռազմական եւ ավիացիայի նախարար։ Այդ ատենը ան նախաձեռնեցաւ «Տասը տարուայ ծրագիր» (անգլերէն՝ Ten Year Rule) տոկթրինը, ըստ որու ռազմական ծախսերը պէտք է նախատեսուէին ելլելով այն դրոյթէն, որ Անգլիան պատերազմէն յետոյ տասը տարիներու ընթացքին պիտի չներքաշուի խոշոր հակամարտութիւններու մէջ։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Winston Leonard Spencer (Lord) Churchill
- ↑ 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 Nationalencyklopedin — 1999.
- ↑ 4,0 4,1 4,2 http://www.britishpathe.com/video/winston-85-not-out/query/clementine
- ↑ 5,0 5,1 5,2 http://www.express.co.uk/news/history/554733/Sir-Winston-Churchill-State-Funeral-50-Anniversary-Wartime-Prime-Minister
- ↑ http://www.nytimes.com/learning/general/onthisday/big/0114.html
- ↑ 7,0 7,1 7,2 7,3 7,4 7,5 7,6 7,7 Գերմանիայի ազգային գրադարանի կատալոգ
- ↑ 8,00 8,01 8,02 8,03 8,04 8,05 8,06 8,07 8,08 8,09 8,10 8,11 8,12 8,13 Hansard 1803–2005
- ↑ https://www.thegazette.co.uk/London/issue/28129/data.pdf — թող. 28129. — է. 2936.
- ↑ https://www.thegazette.co.uk/London/issue/35326/data.pdf — 1941. — թող. 35326. — է. 6247.
- ↑ https://www.thegazette.co.uk/London/issue/43813/data.pdf — 1965. — թող. 43813. — է. 10527.
- ↑ https://www.thegazette.co.uk/London/issue/34777/data.pdf — 1940. — թող. 34777. — է. 459.
- ↑ 13,00 13,01 13,02 13,03 13,04 13,05 13,06 13,07 13,08 13,09 13,10 Kindred Britain
- ↑ 14,0 14,1 14,2 14,3 14,4 Lundy D. R. The Peerage
- ↑ Sir Winston S. Churchill։ «The Story Of The Malakand Field Force – An Episode of Frontier War»։ arthursclassicnovels.com։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 14 July 2007-ին։ արտագրուած է՝ 17 March 2007
- ↑ 16,0 16,1 16,2 16,3 16,4 16,5 16,6 R. Holmes, In the Footsteps of Churchill.' The Bubble Reputation 1895—1901. Basic Books, NY, 2005, ISBN 0-465-03082-3
- ↑ R. Churchill, Winston S. Churchill, Volume I
- ↑ Lt Churchill: 4th Queen's Own Hussars, The Churchill Centre. Retrieved 28 August 2009.
- ↑ «FinestHour» (PDF)։ Journal of the Churchill Center and Societies, Summer 2005։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 3 July 2010-ին։ արտագրուած է՝ 28 August 2009
- ↑ «Ian Hamilton's March»։ The Graphic։ 10 November 1900։ արտագրուած է՝ 8 March 2016 – via British Newspaper Archive։ (subscription required (help))
- ↑ Jenkins, pp. 45–50
- ↑ Gilbert Martin (2001)։ Churchill: A Study in Greatness (one volume edition)։ London: Pimlico։ ISBN 978-0-7126-6725-8
- ↑ Jenkins, p. 69
- ↑ Н. Роуз, Черчилль. Бурная жизнь. пер. Е. Ф. Левиной, М. «Издательство Аст», 2004, ISBN 5-17-014478-4
- ↑ «Churchill's Commissions and Military Attachments, The Churchill Centre»։ Winstonchurchill.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 3 June 2010-ին։ արտագրուած է՝ 12 April 2010
- ↑ 26,0 26,1 «Sir Winston Churchill: Biography: Chronological Summary, Churchill College»։ Chu.cam.ac.uk։ 6 March 2009։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 12 September 2008-ին։ արտագրուած է՝ 9 August 2009