«Կորիւն Պապեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Ծանօթագրութիւններ: փոխարինվեց: Կատեգորիա:1941 ծնունդներԿատեգորիա:1941 ծնունդներ (արւմտ․) (2) oգտվելով [[Վիքիպեդիա:ԱվտոՎիքիԲրաուզեր|Ա...
Չ →‎Կենսագրութիւն: փոխարինվեց: <ref → <ref oգտվելով ԱՎԲ
Տող 3.
 
== Կենսագրութիւն ==
Գերշ. Տէր Կորիւն արք. Պապեան՝ աւազանի անունով Վարդգէս <ref>[http://www.aztagdaily.com/archives/241454 Վախճանեցաւ Կորիւն Արք. Պապեան]</ref>, ծնած է [[1941]] թուականին՝ [[Լիբանան]]ի [[Պէյրութ (արեւմտահայերեն)|Պէյրութ]] քաղաքին մէջ։ Յաճախած է Նոր Սիսի Աքսոր Գասարճեան, այդ օրերուն Լուսինեան, Ազգային երկսեռ վարժարանը։ Իր միջնակարգ ուսումը կատարելէ ետք Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ, [[1957]]-ին ընդունուած է [[Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն|Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան]] Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժնի աւարտական դասարանը եւ 1958-ին ձեռնադրուած է Սարկաւագ։ Այնուհետեւ երեք տարիներ հետեւած է Դպրեվանքի Ընծայարանի դասընթացքներուն եւ ձեռնադրուած է Կուսակրօն Քահանայ, ձեռամբ Տ. Տ. Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին, [[28 Մայիս]] [[1961]]-ին եւ վերակոչուած՝ Տ. Կորիւն Աբեղայ։
Տարի մը Դպրեվանքին մէջ ուսուցչական պաշտօն վարելէ ետք, առաքելութեամբ մը կը ղրկուի [[Գամիշլի]]՝ որպէս ուսուցիչ հայերէն լեզուի եւ կրօնական նիւթերու՝ տեղւոյն Ազգային Միջնակարգ վարժարանին մէջ, միաժամանակ ունենալով շրջաններու այցելու հոգեւոր հովիւի պաշտօնը։