Կորիւն արք. Պապեան ( 1941, Պէյրութ (Լիբանան) - 21 Մայիս 2015, Պէյրութ (Լիբանան), սփիւռքահայ հոգեւորական։

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Գերշ. Տէր Կորիւն արք. Պապեան՝ աւազանի անունով Վարդգէս[1], ծնած է 1941 թուականին՝ Լիբանանի Պէյրութ քաղաքին մէջ։ Յաճախած է Նոր Սիսի Աքսոր Գասարճեան, այդ օրերուն Լուսինեան, Ազգային երկսեռ վարժարանը։ Իր միջնակարգ ուսումը կատարելէ ետք Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ, 1957-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժնի աւարտական դասարանը եւ 1958-ին ձեռնադրուած է Սարկաւագ։ Այնուհետեւ երեք տարիներ հետեւած է Դպրեվանքի Ընծայարանի դասընթացքներուն եւ ձեռնադրուած է Կուսակրօն Քահանայ, ձեռամբ Տ. Տ. Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին, 28 Մայիս 1961-ին եւ վերակոչուած՝ Տ. Կորիւն Աբեղայ։

Տարի մը Դպրեվանքին մէջ ուսուցչական պաշտօն վարելէ ետք, առաքելութեամբ մը կը ղրկուի Գամիշլի՝ որպէս ուսուցիչ հայերէն լեզուի եւ կրօնական նիւթերու՝ տեղւոյն Ազգային Միջնակարգ վարժարանին մէջ, միաժամանակ ունենալով շրջաններու այցելու հոգեւոր հովիւի պաշտօնը։

1963 թուականին Բերիոյ Թեմի Քաղաքական եւ Կրօնական Ժողովներու կողմէ կը կոչուի Ճէզիրէի շրջանի Առաջնորդական Փոխանորդութեան պաշտօնին։ Նոյն տարին աւարտելով Յովաննէս Պատմաբան Կաթողիկոս Դրասխանակերտացիի կեանքին եւ գործին նուիրուած իր Վարդապետական աւարտաճառը, ձեռամբ Տ. Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսին կը ստանայ Վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն։

1967 թուականին կը մեկնի Անգլիա, հետեւելու աստուածաբանական եւ հայագիտական բարձրագոյն ուսմանց Օքսֆորտի համալսարանի մէջ։ Աւարտելով իր B. Lit. տիտղոսի աշխատանքները, կը վերադառնայ Անթիլիաս 1973աշնան եւ Դպրեվանքին մէջ կը դասաւանդէ եկեղեցագիտական, աստուածաբանական եւ լեզուական նիւթեր, միաժամանակ յառաջ տանելով իր ուսումնասիրական-բանասիրական աշխատանքները։ 1977 թուականի ամրան կը տիրանայ Աստուածաբանութեան եւ Արեւելագիտութեան ճիւղերէն Օքսֆորտի Համալսարանի տոքթորայի տիտղոսին, իրեն նիւթ ունենալով Հայ եւ Վրաց եկեղեցիներու փոխ-յարաբերութեանց (The Relations Between The Armenian and Georgian Churches) եւ այլ յարակից խնդիրներու պատմութիւնը՝ 224-620 թուականներու։

1978-ին կը մեկնի Նոր Ջուղա, Սպահան, որպէս Առաջնորդական Տեղապահ եւ նոյն տարին Տ. Տ. Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի ձեռամբ կը ստանայ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճան։ 1978-ին Սպահանի Թեմի 23-րդ Պատգամաւորական Ժողովը զինք կ’ընտրէ Առաջնորդ։ 1980Մայիս 18-ին ան կը ստանայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում ձեռամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի։ Իսկ 19 Յունիս 1986 թուականին, դարձեալ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Սրբատառ Կոնդակով ան կը ստանայ Արքութեան տիտղոս եւ պատիւ։

2002 թուականին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ կը նշանակուի Քուէթի եւ Ծոցի երկիրներու Կաթողիկոսական փոխանորդ, ուր կը ծառայէ մինչեւ 2011 թուական։ 2011-ին ան կը վերադառնայ Սուրբ Աթոռ՝ Անթիլիաս եւ կը նուիրուի բանասիրական աշխատանքներու։

Հոգելոյց Սրբազանը աշխատակցած է հայ մամուլին եւ ունի գրական, քերթողական գործեր եւ բանասիրական բազմաթիւ աշխատասիրութիւններ եւ յօդուածներ։

Կը մահուան 21 Մայիս 2015-ին, Պէյրութ։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել