«Կորիւն Պապեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Կենսագրութիւն: փոխարինվեց: <ref → <ref oգտվելով ԱՎԲ
No edit summary
Տող 1.
{{ԱՀ}}
'''Կորիւն արք. Պապեան''' ( [[1941 թուական|1941]], [[Պէյրութ]] ([[Լիբանան (արեւմտահայերէն)|Լիբանան]]) - [[21 Մայիս]] [[2015 թուական|2015]], [[Պէյրութ]] ([[Լիբանան (արեւմտահայերէն)|Լիբանան]]), սփիւռքահայ հոգեւորական։
 
== Կենսագրութիւն ==
Գերշ. Տէր Կորիւն արք. Պապեան՝ աւազանի անունով Վարդգէս<ref>[http://www.aztagdaily.com/archives/241454 Վախճանեցաւ Կորիւն Արք. Պապեան]</ref>, ծնած է [[1941]] թուականին՝ [[Լիբանան]]ի [[Պէյրութ (արեւմտահայերեն)|Պէյրութ]] քաղաքին մէջ։ Յաճախած է Նոր Սիսի Աքսոր Գասարճեան, այդ օրերուն Լուսինեան, Ազգային երկսեռ վարժարանը։ Իր միջնակարգ ուսումը կատարելէ ետք Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ, [[1957 թուական|1957]]-ին ընդունուած է [[Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն|Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան]] Դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժնի աւարտական դասարանը եւ 1958-ին ձեռնադրուած է Սարկաւագ։ Այնուհետեւ երեք տարիներ հետեւած է Դպրեվանքի Ընծայարանի դասընթացքներուն եւ ձեռնադրուած է Կուսակրօն Քահանայ, ձեռամբ Տ. Տ. Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին, [[28 Մայիս]] [[1961 թուական|1961]]-ին եւ վերակոչուած՝ Տ. Կորիւն Աբեղայ։
Տարի մը Դպրեվանքին մէջ ուսուցչական պաշտօն վարելէ ետք, առաքելութեամբ մը կը ղրկուի [[Գամիշլի]]՝ որպէս ուսուցիչ հայերէն լեզուի եւ կրօնական նիւթերու՝ տեղւոյն Ազգային Միջնակարգ վարժարանին մէջ, միաժամանակ ունենալով շրջաններու այցելու հոգեւոր հովիւի պաշտօնը։
[[1963 թուական]]-ին Բերիոյ Թեմի Քաղաքական եւ Կրօնական Ժողովներու կողմէ կը կոչուի Ճէզիրէի շրջանի Առաջնորդական Փոխանորդութեան պաշտօնին։ Նոյն տարին աւարտելով Յովաննէս Պատմաբան Կաթողիկոս Դրասխանակերտացիի կեանքին եւ գործին նուիրուած իր Վարդապետական աւարտաճառը, ձեռամբ Տ. Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոսին կը ստանայ Վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն։
[[1967 թուական]] թուինին կը մեկնի Անգլիա, հետեւելու աստուածաբանական եւ հայագիտական բարձրագոյն ուսմանց Օքսֆորտի համալսարանի մէջ։ Աւարտելով իր B. Lit. տիտղոսի աշխատանքները, կը վերադառնայ [[Անթիլիաս (արեւմտահայերէն)|Անթիլիաս]] [[1973]]-ի [[Աշուն (արեւմտահայերէն)|աշնան]] եւ Դպրեվանքին մէջ կը դասաւանդէ եկեղեցագիտական, աստուածաբանական եւ լեզուական նիւթեր, միաժամանակ յառաջ տանելով իր ուսումնասիրական-բանասիրական աշխատանքները։ [[1977 թուական]] թուականիի ամրան կը տիրանայ Աստուածաբանութեան եւ Արեւելագիտութեան ճիւղերէն Օքսֆորտի Համալսարանի տոքթորայի տիտղոսին, իրեն նիւթ ունենալով Հայ եւ Վրաց եկեղեցիներու փոխ-յարաբերութեանց (The Relations Between The Armenian and Georgian Churches) եւ այլ յարակից խնդիրներու պատմութիւնը՝ 224-620 թուականներու։
[[1978]]-ին կը մեկնի [[Նոր Ջուղա (արեւմտահայերէն)|Նոր Ջուղա]], [[Սպահան (արեւմտահայերէն)|Սպահան]], որպէս Առաջնորդական Տեղապահ եւ նոյն տարին Տ. Տ. Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի ձեռամբ կը ստանայ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճան։ 1978-ին Սպահանի Թեմի 23-րդ Պատգամաւորական Ժողովը զինք կ’ընտրէ Առաջնորդ։ [[1980]]-ի [[Մայիս 18]]-ին ան կը ստանայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում ձեռամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի։ Իսկ [[19 Յունիս]] 1986 թուականին, դարձեալ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Սրբատառ Կոնդակով ան կը ստանայ Արքութեան տիտղոս եւ պատիւ։