«Պուլկարիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ ɴ տեղափոխեց էջը «Պուլկարիա»-ից «Պուլղարիա»
Չ փոխարինվեց: ք ։ → ք։ oգտվելով ԱՎԲ
Տող 160.
 
== Հայերը Պուլղարիոյ Մէջ==
Պուլղար եւ հայ ժողովուրդներու միջէպ փոխհարաբերութիւններ եղած են տակաւին [[5-րդ դար]]ուն, երբ [[451]] թուականի [[Աւարայրի ճակատամարտ]]էն ետք, որոշ հայ իշխաններ, խոյս տալով [[պարսիկներ]]ի հետապնդումներէն, իրենց զորքերով հեռացան Հայաստանէն եւ հաստատուեցան Պալքանեան թերակղզիի մէջ։ [[13–րդ դար|13]]-[[17-րդ դար]]երուն [[Մոնկոլական նուաճումները եւ Հայաստանը|մոնկոլական]] ու թուրքական արշաւանքներոգ հետեւանքով հայերու նոր գաղթ տեղի ունեցաւ դէպի Պուլղարիա։ [[1800]] թուականին, Պուլղարիոյ քաղաքային հայ բնակչութիւնը շուրջ 10 հազար էր, արդէն դարավերջին՝ մօտ 15 հազար։ Հայերու թիւը Պուլղարիոյ մէջ, զգալիօրէն աւելացաւ [[1890]]-ական թուականներուն՝ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ, հայերու զանգուածային կոտորածներէն ետք ։ետք։ Հանրայայտ են պուլղար յայտնի բանաստեղծ Պեյս Յավորովի արձագանքն այդ կոտորածներուն եւ անոր «Հայեր» բանաստեղծութինը։ Հայերը մեծ մասամբ արհեստաւորներ էին, կային նաեւ բժիշկներ, իրաւաբաններ, ճարտարագետներ, պետական պաշտօնեաներ։ Պուլղարահայերը անմասն չէին նաեւ թուրքական լուծի դէմ պուլղար ժողովուրդի մղած դարաւոր պայքարին, իսկ [[1912]]–[[1913]] թուականներու [[Պալքանեան պատերազմներ]]ու ընթացքին, [[Գարեգին Նժդեհ]]ի եւ [[Անդրանիկ]]ի հայ կամաւորներու յատուկ վաշտ մը, կը մասնակցէր Թուրքիոյ դէմ մարտերուն։ Պուլղարահայերէն շատերը աչքի իյնկան նաեւ պուլղար ժողովուրդի մղած հակամիապետական ու հակաֆաշիստական պայքարին մէջ։ Պուլղարիոյ մէջ գորած են հայկական դպրոցներ, հասարակական-քաղաքական կազմակերպութիւններ, մշակութային միութիւններ, լոյս ընծայուած են բազմաթիւ թերթեր։ [[1946]] թուականին մօտ, 6 հազար պուլղարահայեր հայրենադարձուեցան։ [[1990]] թուականին, կոմունիստական վարչակարգի տապալումէն ետք, ազգային զարթոնքի ժամանակաշրջան սկսված է նաեւ պուլղարահայ համայնքի կեանքին մէջ։ [[1990]] թուականէն, հիմնուած են նոր միութիւններ ու կազմակերպութիւններ, վերաբացուած են հայկական վարժարանները, լոյս կը տեսնեն հայերէն-պուլղարերէն շաբաթաթերթեր։ [[Հայաստանյայց Առաքելական Եկեղեցի|Հայաստանյայց առաքելական եկեղեցւոյ]] Պուլղարիոյ թեմը կազմաւորուած է [[19-րդ դար]]ուն։ Առաջնորդանիստը [[Սոֆիայի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի]]ն է։ Ներկայիս, Պուլղարիոյ մէջ, կը բնակի 15–20 հազար հայ, հիմնականին մէջ [[Պլովդիվ]], [[Սոֆիա]], [[Վառնա]], [[Բուրգաս]] եւ [[Ռուսե]] քաղաքներուն մէջ։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Պուլկարիա» էջէն