«Արամ Տիգրան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 78.
Արամ Տիգրանի Թուրքիոյ քաղաքացի չըլլալը պատճառ դարձաւ, որ թրքական իշխանութիւնները՝ Թուրքիոյ մշակոյթի, ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնները մերժեն անոր ընտանիքին եւ Տիարպէքիրի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրի գլխաւորութեամբ ստեղծուած յուղարկաւորման յանձնաժողովի դիմումը՝ Տիարպէքիրի մէջ թաղելու Արամ Տիգրանը՝ իր վերջին ցանկութեան համաձայն:
 
Հետեւաբար հանգուցեալին ընտանիքը զայն յուղարկաւորեց իր բնակութեան վայր Պրիւքսէլի մէջ: Իխելլէս շրջանը գտնուող հայկական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ էին քրտական միութիւններու, կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, ինչպէս նաեւ՝ հանգուցեալ [[Արամ ՏիգրանիՏիգրան]]ի պարագաներ եւ սգակիրներու հոծ բազմութիւն:
 
Յաւարտ արարողութեան դամբանական խօսեցաւ հայ արաքելական եկեղեցւոյ սպասարկու '''Մեսրոպ Պարսամեան''', որ վեր առաւ Արամ Տիգրանի կեանքի ուղին իբրեւ արուեստագէտ, արդարութիւնը սիրող, իրաւազրկուած ժողովուրդներու արդարութեան հաւատացող ու այդ ճամբով ալ՝ իր նուիրաբերումով այլոց օրինակ հանդիսացած, ինչպէս նաեւ՝ իբրեւ հաւատաւոր հայ մը:
 
Եկեղեցիէն քիչ մը անդին գտնուող գերեզմանատան մէջ հանգուցեալին դագաղը ուսամբարձ փոխադրուեցաւ իր հարազտներուն ու երկրպագուներուն կողմէ: Արարողութենէն ետք դամբանական խօսեցան քրտական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Արամ Տիգրանի ընտանիքին անունով հանգուցեալի տղան՝ Յակոբ Տիգրանը:
 
Նշենք, որ Արամ Տիգրանի դագաղը հողին յանձնուած պահուն անոր միախառնուեցաւ Ամետէն'''Ամետ'''էն յատուկ բերուած հողը:
 
 
== Ալպոմներ ==