«Յակոբ Կրճիկեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «'''Յաբոկ Կրճիկեան''' Ազգային սահմանադրութեան հաստատման մէջ ամենէն կարեւոր դեր ունեցողներէն եղած է...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

12:20, 22 Օգոստոս 2014-ի տարբերակ

Յաբոկ Կրճիկեան Ազգային սահմանադրութեան հաստատման մէջ ամենէն կարեւոր դեր ունեցողներէն եղած է Յակոբ Կրճիկեան, և այդպէսով ժամանակին ամէնէն յառաջընթաց մտաւորականներէն մէկը եղած է: Գործակցած է հանրային հասարակական և ազգային պետութեան միանգամայն, ամիրայական բռնապետութեան առաջին հարուածը տուողը ըլլալով, Օսմ. կառավաարութեան մէջ ալ իր ունեցած բարձր դիրքին պատճառաւ կրցած է Սահմանադրութեան գաղափարը ներշնշել, ինք զարգացեալ անձ` իր ունեցած կարեւոր պաշտօններով Օսմանեան պատմութեան մէջ ևս փայլուն անուն մը թողած է: Ծնած է 1806ին Պոլսոյ Բերայ թաղին մէջ և իր նախնական դաստիարակութիւնը ստացած է Եզիկեան Յովսէփ վարժապետէ, իր ուսումը կատարալեգործելու համար Փարիզ գացած է 1835ին մեծանուն Րէշիտ փաշայի հետ, թէ’ իբր թարգման` փաշային և թէ անոր զաւակներուն իբր ուսուցիչ: Կրճիկեան հոն հետեւած է Սօրպօնի դասերուն և հետզհետէ զարգացած է, այնպէս որ Րէշիտ փաշայի միջնորդութեամբ դեսպանատան Բ.Թարգման անուանուած է այսպէսով սկսած է գիւանագետական ասպարէզը: