«Գասպար Կարոյեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎top: Լեզուական խմբագրման ենթարկուած է։
Չ փոխարինվեց: ` → ՝ (3) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 49.
[[1914]] թուականին, [[Առաջին համաշխարհային պատերազմ]]ի ժամանակ, դեռեւս ուսումը չաւարտած, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ ու ծառայած՝ որպէս զինուորական բժիշկ։ Ծառայած է [[Սուրիա|Սուրիոյ]] եւ [[Պաղեստին (արեւմտահայերէն)|Պաղեստին]]ի շրջաններուն մէջ։
 
Օսմանեան բանակին մէջ, իր հայրենակից պաշտօնակիցներուն պէս, անցած է բազմաթիւ վտանգներէ։ Բանակի բժշկական մտահոգութիւններով տարուած`տարուած՝ ենթարկուած է բազմաթիւ սպառնալիքներու ու դաւադրութիւններու եւ հրաշքով փրկուած։
 
Պաղեստինի ռազմաճակատուին, գերի ինկած է յառաջացող անգլիական բանակին, բայց [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոս]]ի հայոց առաջնորդարանի միջամտութեամբ ազատ արձակուած է։ Որոշ ժամանակ ծառայած է [[Կիպրոս (արեւմտահայերէն)|Կիպրոս]]ի մէջ, ուր զբաղած է թուրք ռազմագերիներու բուժումով ու խնամքով։
 
[[1918]] թուականին`թուականին՝ պատերազմի աւարտէն ետք, անցած է [[Պէյրութ]] եւ ուսումը շարունակած նոյն՝ Սէն Ժոզէֆ ֆրանսական համալսարանի բժշկական բաժինէն ներս։ [[1919]]ին աւարտած է համալսարանը եւ ստացած՝ բժշկական վկայական։ Մեկնած է [[Փարիզ (արեւմտահայերէն)|Փարիզ]] ու մասնագիտացման դասընթացքի հետեւած՝ առաջատար բժշկական հաստատութիւններու մէջ։
 
1919-20 թուականներուն աշխատած է Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ։ 1920 թուականի [[Օգոստոս (արեւմտահայերէն)|Օգոստոս]]ին, անցած է [[ԱՄՆ (արևմտահայերէն)|ԱՄՆ]] ու հաստատուած է [[Մասաչուսեթս]] նահանգի [[Պոսթըն]] քաղաքը։ Պոսթընի համալսարանը յանձնած է բժշկական քննութիւնները ու բժիշկի հաւատարմագիր ստացած։ Պոսթըն բացած է իր բուժարանը։ Շուտով վայելած է շրջապատի սէրն ու յարգանքը։ Մօտէն հետեւած է ազգային-մտաւորական շարժման։ Երկար տարիներ թղթակցած է ամերիկահայ թերթերուն։ Եղած է «Հայ­րե­նիք» օրաթերթի գնահատուած աշխատակիցներէն մէկը եւ գրած է՝ բժշկական, գիտական, գրական, հանրային, քաղաքական բազմաթիւ յօդուածներ։
Տող 59.
Տիրապետած է [[հայերէն]], [[թրքերէն]], [[ֆրանսերէն]], [[անգլերէն]] լեզուներուն։
 
[[1957]] թուականին`թուականին՝ մահէն քանի մը ամիս առաջ, լոյս տեսած է անոր երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքին արդիւնքը հանդիսացող՝ «Մեծ Եղեռ­նի նա­հա­տակ հայ բժիշկ­նե­րը (անոնց պատ­գամ­նե­րը)» արժէքաւոր գիրքը։
 
1957 թուականի [[Յունիս 17]]ին, մահացած է Պոսթընի մէջ՝ երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, մօտ 71 տարեկան հասակին։