Քունի Շնչադադար

Քունի շնչադադարը կը պատահի առանց սեռի խտրութեան, եւ ընդհանրապէս տարեցներու եւ երոտասարդներու մօտ, սակայն երբեմն կը տեսնենք մաեւ երեխաներու մօտ:

Ախտապատճառներ Խմբագրել

Ուղեղային Կեդրոնական Պատճառներ Խմբագրել

Ուղեղային որոշ հիւանդութիւններ կրնան խանգարել ուղեղի շնչառական համակարգի գործունէութիւնը եւ ժամանակաւոր շնչադադար կը յառաջացնեն:

Շնչարական Համակարգի որոշ բաժիններու Մասնակի Խցում Խմբագրել

Տարբեր ձեւեր կան, օրինակ, երբ անձը քիթի խցում կ՛ունենայ, խոշոր գեղձուռոյցներ եւ նշագեղձեր, կոկորդի զանազան տեսակի ուռեր, թոյլ մկանային քիմք, մեղցած լեզուակ, լեզուի յետսմասի ուռեր, ետեւ քաշուած ծնօտ, խոշոր լեզու, գիրութիւն եւ մեծցած վահանգեղձ, այս բոլորը պատճառ կը դառնան շնչարգելութեան:

Քունի շնչադարութիւն կը կատարուի երբ ուղեղը իր պէտք ունեցաղ թթուածինը չի ստանար: Այս պարագային հիւանդը խոր քունէն կ՛անցնի թեթեւ քունի, ուղիղի շնչառական կեդրոնը կը գրգռուի եւ շնչառութիւնը կը վերսկսի խռկալով:

Աղբիւր Խմբագրել