Սփութնիք-1, աշխարհի առաջին արհեստական արբանեակն է: Անիկա Խորհրդային միութեան կողմէ «Պաղ պատերազմ»ի ընթացքին, 4 Հոկտեմբեր 1957-ին, ուղեծիր կը տեղափոխուի եւ երկու մրցող ուժերու միջեւ անջրպետային պատերազմի մը սկիզբը կը դառնայ:

Սփութնիք 1

Արտաքին Յատկանիշներ

Խմբագրել

Արբանեակին կշիռքը 80 քկ. է: Տրամագիծը 58 սմ., ուղեծիրին բարձրութիւնը 250 քմ.: Գնդաձեւ մարմին մըն է բաժնուող 4 երկար ցօղուններով, որոնք 2,4 մ. ու 2,9 մ. երկայնք ունին: Ունի 20 եւ 40 Մհզ ուժով երկու ձայնասփռիչ, որուն ազդանշանները ionosphere-ի ելեկտրոնային խտութիւնը հաշուելու համար կը գործածուէին: Արբանեակին ներսի ճնշումը եւ տաքութիւնն ալ այս ազդանշաններով կը փոխադրուէին: Այսպիսով արբանեակին արտաքին Meteroit-ով մը հարուածուած չըլլալը կրնային քննել: Արբանեակին ճնշում ունեցող ներքին մասը բորակածին կազով մը լեցուած էր: Արբանեակին հարուածի մը բնաւ չենթարկուիլը կը փաստէր աշխարհի ուղեծիրին ապահովութիւնը:

 
Սփութնիք 1

Արձակումը

Խմբագրել

Սփութնիք 1-ը դէպի անջրպետ (այժմ Խազախիստանի վրայ գտնուող) Պայքոնուր Անջրպետի Կեդրոնէն կ'արձակուի: Ռուսերէնով Սփութնիք բառը արբանեակ կը նշանակէ, իսկ իր պաշտօնական անունը «Կեղծ Աշխարհի Արբանեակ» է: Արձակուելուն իսկական պատճառը ծանուցողական է, իսկ յայտարարուած պատճառը՝ Համաշխարհային կենսաբանագիտութեան եւ բնագիտութեան աշխատանքներուն օգնելն է:

Նախապատրաստական Աշխատանքներ

Խմբագրել

1950-ական թուականներէն սկսեալ անջրպետին նուաճումը ուժ փաստելու միջոց մը դարձած էր աշխարհի ամէնէն հզօր երկու պետութիւններուն միջեւ: Մրցակցութիւնը զօրաւոր էր Միացեալ Նահանգներուն եւ Խ.  Միութեան (որ կը գլխաւորէ Ռուսիան) միջեւ: Անոնք կը մրցէին, թէ ո՛վ պիտի ըլլար աստղանաւորդ մը անջրպետ ղրկող առաջին պետութիւնը:

Երբ Խորհրդային միութիւնը դէպի աշխարհ ուղեծիր արբանեակ ղրկելու արհեստագիտութեան կարողութիւնը կ'ունենայ, Խորհրդային միութեան Գիտութեան Ակաթեմիայէն Մսթիսլավ Քէլտիշ (Mstislav keldysh), տիեզերքի մէջ փորձեր ընելու կարողութիւն ունեցող 1500 քկ. կշիռքով արբանեակ մը կը ծրագրէ, բայց այդ օրերուն Խորհրդային միութեան գաղտնի ոստիկանութիւնը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն դէպի տիեզերք պարզ արբանեակ մը ղրկելու ծրագիրը կը սորվի, քննելու համար ուղեծիրին հասնելու կարողութիւնը: Ամերիկայէն պարզ արբանեակի մը գաղափարը առնող Խորհրդային միութիւնը, անմիջապէս Սփութնիք 1-ը կը յառաջացնէ: Արբանեակը պէտք էր Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան տարեդարձին հասնէր: Արբանեակին եւ հրթիռին նախագիծը Սերկէյ Քորոլովի (Sergei Korolev) կողմէ կը կատարուի: Ամերիկայի պարզ արհեստական արբանեակը` Վանկարտ (Vanguard 1) շատ աւելի ծանր էր: Ամիսներ ետք, երբ Վանկարտ ուղեծիր կը մտնէ, Նիքիթա Քրուչեւ (Nikita Khrushchev) զինք ծաղրելով «գրեյփրութ» կը կոչէ:

1957-ին, առաջին փուլը եղած էր «Սփութնիք 1» անջրպետանաւին տիեզերք ուղարկումը: Անիկա աշխարհին շուրջ դարձած է 96 վայրկեանէն[1]:

Գործընթացը

Խմբագրել

Սփութնիք 1՝ երեք շաբաթ ազդանշաններ կը փոխադրէ, մինչեւ որ բարդերը (Battery) կը սպառին: Սակայն կարելի էր տակաւին աշխարհէն իր ուղեծիրը դիտել: Օր ըստ օրէ արբանեակին ուղեծիրը կը ցածնայ, եւ անոր արձակուելէն 92 օր ետք՝ 4 Յունուար 1958-ին օդային մթնոլորտ մտնելով կ'այրի: Արբանեակը ուղեծիրին վրայ 1,440 շրջան կ'ընէ եւ 70 միլիոն քմ. ճամբայ կը կտրէ:

Սփութնիքի փոխարէն ԱՄՆ դէպի տիեզերք արբանեակ մը ղրկել կը փորձէ, բայց իր առաջին փորձերը չեն յաջողիր: Ամերիկա հազիւ 1958-ին արբանեակ մը կ'ուղարկէ դէպի անջրպետ: Այս ձախողութիւնը, Ամերիկայի կրթութեան ծրագիրին ձեւը քննարկելու, հրթիռի գիտութեան եւ ընդհանրապէս գիտութեան, հետաքրքրութիւն ստեղծելու եւ անջրպետի ծրագիրներու հատուցումը աւելցնելու պատճառ կը դառնայ: Այս յառաջացումները տիեզերքի մրցումներուն սկիզբը կը համարուին:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Walter A. McDougall "Shooting the Moon", American Heritage, Winter 2010.