Ս. Աստուածածին Եկեղեցի (Վանաձոր)
Ս. Աստուածածին Եկեղեցի, հայ առաքելական եկեղեցի, որ կը գտնուի Հայաստանի Վանաձոր քաղաքին մէջ։ Նախքան Ս. Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ կառուցումը, ան եղած է առաջնորդանիստ եկեղեցի։
Ս. Աստուածածին Եկեղեցի | |
---|---|
| |
Հիմնական տեղեկութիւններ | |
Թեմ | Գուգարաց թեմ |
Ճարտարապետական նկարագրութիւն | |
Հիմնադրուած | 1831 թուականին |
Առանձնայատկութիւններ |
Պատմական ակնարկ
ԽմբագրելԿառուցուած է 1831-ին, Փիլուման Թայիրեանի կողմէ[1]։ Ան եղած է Վանաձորի ժողովուրդի աղօթատեղին, իր կողքին ունենանով լեռներն ու ձորերը։
Սեւ եւ նարնջագոյն քարերէ կառուցուած եկեղեցին ունի կաթողիկէ մը, իսկ ժամանակին եկեղեցին առաւել եւս ընդարձակուած է, որով ունեցած է գաւիթ մը։ Գաւիթի դրան վրայ կը գտնուի յիշատակարան մը, որ կը ներկայացնէ գաւիթի եւ մոմավառութեան փոքրիկ մատուռներու շինարարութիւնը.
«ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՄԲՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿԱՌՈՒՑՒԵՑԻՆ ՍԲ. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵՒ ՍԲ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԱՏՈՒՌՆԵՐԸ Տ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔ. ՉՈՒԼՃԵԱՆԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՕՐՕՔ ԱՐԴԵԱՄԲ ԲԱԶՄԱՎԱՍՏԱԿ ԽԱՉՔԱՒՈՐ ԱՐՄԷՆ ՄԽՈԵԱՆԻ՝ ԱՌ Ի ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԲԱՐՁՐԵԱԼԻՆ՝ 2012 Թ.»։
Գաւիթէն դէպի եկեղեցի առաջնորդող դրան վրայ կը գտնուի հետեւեալ յիշատակարանը, որով յայտնի կը դառնայ եկեղեցւոյ կառուցման մանրամասնութիւնները.
«Ի թագաւորութեան Ռուսաց Նիքոլայ Փաւլովիչին եւ ի Հայրապետութեան Ամենայն Հայոց Տ. Ն. Եոհանն Բ Կաթողիկոսին 1831թ. շինեցաւ Կաթողիկէ Սուրբ եկեղեցիս Յանուն Սուրբ Աստուածածնայ եւ յառաջնորդին մերոյ Յարութիւն վարդապետին, եւ յառաջ ի շարժմանէ փլուցաւ որ քար քարի վերայ [որ] ոչ մնաց, այժմ ողորմութեամբն Աստուծոյ ես Փիլումեան Իւզբաշս օգնականութեամբն ամենայն ժողովրդոց վերստին նորոգեցաք»։
Նոյն դրան վրայ կը յիշատակուին նաեւ այլ բարեպաշտ անձինքն, որոնք նպաստած են պատմական եկեղեցւոյ կառուցման.
«Յիշատակ է տուած Սուրբ Աստուածածնայ 15 թուան Շամքորեցի Իշխանաց Սարգիս Աղէն, Մկրտիչ Աղէն, Աղամալ Աղէն, յիշատակ է տուած Սուրբ Աստուածածնայ հինգ թուման Գեղամեան Տէր-Սամուէլի որդի Աւետիք, յիշատակ է Ա ջահ, Բ աշտանակ Օհաննէս Սիմոնով, յիշատակ է Եղնանց Սօլօմոն՝ երեք թուման, յիշատակ Տէր-Ղաջամեան Աւետիք՝ Բ թուման, էլի Շամքորեցի բարեպաշտ անձինք տուին տասնհինգ թուման յիշատակ Սուրբ Աստուածածնայ»։
Եկեղեցւոյ համալիրը անցեալին եղած է նաեւ գերեզմանատուն, ուր թաղուած է նաեւ եկեղեցւոյ բարերար Փիրուման Թայիրեանը հանդերձ իր տապանաքարով, որուն վրայ կը յիշատակուի, թէ ինք քաջ ծառայողը եղած է գերահռչակ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ իր ձեռամբ կառուցուած է այս տաճարը։
Կայ նաեւ աղօթքի խնդրանք մը, որով շիրմի այցելուներէն կը խնդրուի, որ ողորմութիւն խնդրեն վասն հանգուցելոյն։ Այստեղ կան նաեւ նշանաւոր ընտանիքներու դամբարաններն ու վաղ անցեալէն հասած բազմադարեան խաչքարեր։ Բաց աստի այստեղ թաղուած են նաեւ եկեղեցիին ծառայած քահանաները, որոնց շիրիմները մերձաւոր անցեալին բարեկարգուած է բարերարներու միջոցաւ։ Պէտք է նշել, թէ այս եկեղեցւոյ համալիրը եւս կանաչութիւններով զարդարուած է եւ տակաւին կը վայելէ լեռներուն գեղեցկութիւնը։ Հուսկ՝ դէպի Վանաձորի առաջնորդարան ճամբորդած ժամանակ անպայման այցելուներ կը հանդիպին այս պատմական եկեղեցիին։
Ըստ աւանդութեան աւելի առաջ այնտեղ եղած է եկեղեցի մը, սակայն մեծ երկրաշարժ մը պատահած է եւ իբրեւ հետեւանք քար քարի վրայ չէ մնացած։ Սակայն Փիլուման Թայիրեանի նիւթական մեծ ներդրումով ու ջանասիրութեամբ հին եկեղեցիին քարերը օգտագործուելով կառուցուած է այժմու եկեղեցին։ Ընդարձակեալ տեսքով գաւիթն ու մոմավառութեան մատուռները սակայն այնպէս ճաշակով մը սարքուած են, որ կարծես եկեղեցւոյ առաջին իսկ մէկ օրէն այդտեղ ըլլային։ Թէ՛ գոյներով եւ թէ՛ ճարտարապետութամբ ամբողջացնողն էր պատմական եկեղեցին։ Այս բաժնի վրայ եւս բարձրացած է կաթողիկէով հանդերձ զանգակատուն մը, որ եւս նմանողութիւնը ունի պատմական եկեղեցւոյ զանգակատան։ Բաց աստի եկեղեցւոյ կողքին կառուցուած է երիցատուն մը[2]։
Պատկերասրահ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Վանաձորի Սբ. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցի»։ ONE WAY TOUR։ արտագրուած է՝ 2023-01-23
- ↑ «ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՏԵՂԱՅ ՎԱՆԱՁՈՐԻ ՎՐԱՅ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2023-01-23