Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Եկեղեցի (Օշական)

Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց Մայր Եկեղեցի, հայ առաքելական եկեղեցի, որ կը գտնուի Օշականի մէջ, Արագածոտնի մարզ[1]։

Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց Մայր Ետեղեցի

Պատմութիւն

Խմբագրել

Մեսրոպ Մաշտոցի մահէն ետք հազարապետ Վահան Ամատունին եւ զորաւոր Հմայակ Մամիկոնեանը անոր մարմինը կը տեղափոխեն Օշական, ուր երեք տարի ետք՝ 443 թուականին, Վահան Ամատունին մատուռ կը կառուցէ։ Մեսրոպ Մաշտոցի Անոր յիշատակը հարգելու համար Յովսէփ Ա. Հողոցմեցի կաթողիկոսը Կորիւնին կը հանձնարարէ գրել Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքի ու գործի մասին։ 1875-79 թուականներուն Գեւորգ IV կաթողիկոսը հին մատուռի վայրին մէջ բազիլիկ տիպի նոր եկեղեցի կը կառուցէ։ Եկեղեցւոյ խորանին տակ կը գտնուի Մեսրոպ Մաշտոցի դամբարանը(433)` ուղղանկիւն թաղածածկ խուց` արեւելքին մէջ խորշով, արեւմուտքին բացուածքով, հիւսիսէն եւ հարաւէն մուտքերով (հիւսիսայինը փակուած է, իսկ հարաւայինը կը բացուի դէպի աւանդատուն), իսկ արեւելեան կողմին կից 1884 թուականին կառուցուած է երկհարկ գլանաձեւ զանգակատունը, որուն մուտքը խորանէն է։ Հայկական ճարտարապետութեան մեջ ան բացառիկ է ինչպէս զանգակատան դիրքով, այնպէս ալ կառուցուածքով։ 1960-ական թուականներուն եկեղեցին ներսէն զարդարվուած է որմնանկարներով նկարիչ Հ. Մինասեանի կողմէն։[2]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել