Վահան Գալպեան, 1887-ին ծնած է Տիգրանակերտ:

Վահան Գալպեան
Ծնած է 1887
Ծննդավայր Տիգրանակերտ
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեա
Մասնագիտութիւն Պաղեստինի Բարձր Կոմիսարներու անձնական բժիշկ

1914-ին շրջանաւարտ եղած է Ամերիկեան Համալսարանի Բժշկական Վարժարանէն։ Հաստատուած է Երուսաղէմ, ուր կարեւոր պաշտօններ վարած է զանազան հիւանդանոցներու մէջ։ Եղած է Պաղեստինի Բարձր Կոմիսարներու անձնական բժիշկը։

Եղած է նախագահ՝ Երուսաղէմի Միջազգային Բժշկական Ընկերութեան, փոխ նախագահ՝ Երուսաղէմի Արաբական Բժշկական Միութեան, խմբագիրներէն՝ Արաբական Բժշկական Պաշտօնաթերթին, Ատենապետ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Երուսաղէմի մասնաճիւղին, երկար ժամանակ Նախագահ՝ Վասպուրական եւ Արարատեան որբանոցներու խնամատար Մարմինին, եւլն. եւլն.: Վերջապէս Տօքթ. Գալպեան հանդիսացած է կարեւոր դէմք մը թէ՛ ազգային եւ թէ օտար շրջանակներու մէջ։

Այժմ կը գտնուի Երուսաղէմի մէջ:


Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. հատոր Ա., Պէյրութ, էջ էջ 399։