Վահան Զարդարեան
Վահան Զարդարեան (1872, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1945), հայ գրավաճառ, հրատարակիչ։
Վահան Զարդարեան | |
---|---|
Ծնած է | 1872 |
Ծննդավայր | Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1945 |
Մասնագիտութիւն | գրավաճառ, հրատարակիչ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է Պոլիս։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղի Մայր վարժարանը։ Աւարտելէ ետք աշխատած է հօր տպարանը։
1901-ին եղբօր՝ Պիմէն Զարդարեանի, հետ հիմնած է Զարդարեան գրավաճառանոց։ Տարիներու ընթացքին հաւաքած է հազարաւոր հնատիպ գիրքեր, պարբերականներ, նաեւ բազմաթիւ հին փաստաթուղթեր, վաւերագիրներ։ Վերոհիշեալ փաստաթուղթերը օգտագործած է իր կազմած «Յիշատակարան» ժողովածոյին մէջ, որ լոյս տեսած է 1910-14-ին։
Քեմալական շարժման յաղթանակէն ետք, 1923-ին բաժնուած է եղբօրմէն եւ մեծ քանակութեամբ հնատիպ գիրքեր եւ արխիւային նիւթեր պարունակող գրավաճառանոցով մեկնած է Եգիպտոս, Գահիրէի մէջ հիմնած է Զարդարեան գրավաճառանոցը, որ եղած է այդ քաղաքի մշակութային կարեւոր կեդրոններէն մէկը։
1930-ականներու սկիզբները վերահրատարակած է «Յիշատակարանները»՝ հինգ փոքրադիր հատորներով, աւելացնելով բազմաթիւ նոր կենսագրութիւններ, լուսանկարներ, վաւերագիրներ[1]։
Աշխատութիւններ
Խմբագրել- Վահան Զարդարեան, Յիշատակարան:Հայ երեւելիներու կենսագրութիւնները, լուսանկարները, ձեռագիրները, գրութիւնները եւլն, 1512-1912։ Առաջին հատոր, Կ. Պոլիս, 1910։
- Վահան Զարդարեան, Յիշատակարան։ Հայ երեւելիներու կենսագրութիւնները, լուսանկարները, ձեռագիրները, գրութիւնները եւլն, 1512-1912։ Երկրորդ հատոր, Կ. Պոլիս, 1911։
- Վահան Զարդարեան, Յիշատակարան։ Հայ երեւելիներու կենսագրութիւնները, լուսանկարները, ձեռագիրները, գրութիւնները եւլն, 1512-1912։ Երրորդ հատոր, Պրակ ԻԷ, Կ. Պոլիս, 1912։
- Վահան Զարդարեան, Յիշատակարան։ Հայ երեւելիներու կենսագրութիւնները, լուսանկարները, ձեռագիրները, գրութիւնները եւլն, 1512-1912։ Երրորդ հատոր, Պրակ ԻԶ, Կ. Պոլիս, 1912։ Archived 2016-03-05 at the Wayback Machine.
- Վահան Զարդարեան, Յիշատակարան։ Հայ երեւելիներու կենսագրութիւնները, լուսանկարները, ձեռագիրները, գրութիւնները եւլն, 1512-1912։ Երրորդ հատոր, Պրակ ԻԸ, Կ. Պոլիս, 1912։
- Վահան Զարդարեան, Յիշատակարան։ Հայ երեւելիներու կենսագրութիւնները, լուսանկարները, ձեռագիրները, գրութիւնները եւլն, 1512-1912։ Երրորդ հատոր, Պրակ ԻԹ, Կ. Պոլիս, 1912։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Գառնիկ Ստեփանեան (1973)։ Կենսագրական բառարան, հատոր Ա։ Երեւան: «Սովետական գրող»։ էջ 321