Վասիլ Գօնտա
Գօնտա կամ Գոնտա Վասիլ (15 Նոյեմբեր 1845, Ghindăoani, Նյամց, Ռումանիա - 21 Ապրիլ 1882, Պուխարեստ, Ռումանիա), Ռումէն մեծանուն փիլիսոփայ։
Վասիլ Գօնտա ռում.՝ Vasile Conta | |
---|---|
| |
Ծնած է | 15 Նոյեմբեր 1845 |
Ծննդավայր | Ghindăoani, Նյամց, Ռումանիա |
Մահացած է | 21 Ապրիլ 1882 (36 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Պուխարեստ, Ռումանիա |
Քաղաքացիութիւն | Ռումանիա |
Մասնագիտութիւն | փիլիսոփայ, բանաստեղծ |
Աշխատավայր | Ալեքսանդրու Իոան Կուզայի անվան համալսարան? |
Անունն է Ռումէն այն մեծանուն փիլիսոփային, որուն հայ մը ըլլալը՝ նոր յայտնութիւն մըն է թէ՛ ռումէն ժողովուրդին եւ թէ՛ մեզ՝ հայերուս: Ռումանիոյ ԺԹ. դարու մեծագոյն դէմքերէն համարուող այս անձը— օրէնսգէտ, հրապարակագիր, ուսուցչապետ եւ փիլիսոփայ — հայ քահանայի մը զաւակն է:
Օգտաւ Մինար, ռումէն գրագէտ մը, ապշեցնող մանրամասնութիւններով ներկայացուցած է Գոնտելի կենսագրութիւնը, 1200 էջնոց ստուար հատորի մը մէջ։ Փափաքելի էր որ այս գիրքը՝ եթէ ոչ ամբողջութեամբ, գոնէ ամփոփումով մը թարգմանուէր հայերէնի, իր մէկէ աւելի շահեկանութեան համար:
Յետագայ շատ ամփոփ տեղեկութիւնները կը քաղեմ Մինուրի այս արժէքաւոր հատորէն:
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԳոնտա ծնած է 15 Նոյեմբեր 1845-ին, Բեսարաբիոյ Քահուլ գիւղին մէջ, ուր ան կ՚անցընէ նաեւ իր պատանութիւնը: Ապա, իր ծնողները, նիւթական շատ համեստ միջոցներու տէր մարդիկ, իրենց զաւկին բարձր կրթութիւն մը տալու մտահոգութեամբ՝ կը փոխադրուին Թըրկուլ-Նէամց կոչուած գիւղաքաղաքը, ուր Վասիլ, դեռ ինը տարեկան, կը մտնէ նախակրթարան: Ան այս դպրոցը կը լրացնէ չորս տարիէն:
Յետոյ, հայրը զայն կը տանի Եաշ եւ կը դնէ Միհայէլէնի Ակադեմին, ուր երկու տարի վերջ՝ Վասիլ կը ծանօթանայ հռչակաւոր դերասան Լուփէսկուի հետ: Վասիլ կ՚ընդհատէ իր ուսումը եւ կը մտնէ անոր խումբին մէջ, իբր յուշարար: Երկու տարի կը շարունակէ այս գործը: Յետոյ ձանձրացած՝ նորէն ափ կ՚առնէ գիտութեան դռները եւ այս անգամ կը գտնէ Եաշի համալսարանը: Կ՚աւարտէ անոր դասընթացքը եւ կը գրէ իր շրջանաւարտի թէզը: Այս գրութեան մէջ է որ առաջին անգամ կը յայտնուի Գոնտայի հանճարը: Գոնտա իր այդ ուսումնասիրութեամբ կը յայտնէ շարք մը տեսակէտներ, որ յայտնած էր մեծանուն անգլիացին Հերբըրդ Սպէնսըր, որու գործերուն, սակայն, անծանօթ էր ան, որովհետեւ Սպէնսըր նոր էր տակաւին եւ իր գործերը թարգմանուած չէին ֆրանսերէնի:
Ուսման պապակը դեռ վառ՝ Գոնտա կ՚երթայ Անվերս, Պելճիքա, բարենպատակ ընկերութեան մը ծախսովը. հոն կը հետեւի համալսարանի առեւտրական ճիւղին: Միաժամանակ կը յաճախէ Պրիւքսէլի համալսարանը, իրաւագիտութիւն ուսանելու համար եւ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ (1869-1872) կ՚աւարտէ երկու դասընթացքներն ալ:
Այս միջոցին ուսուցչութեան հրաւէր կը ստանայ Եաշի առեւտրական վարժարանէն. կը մերժէ, որովհետեւ դեռ նպատակ ունէր երթալու Անգլիա, Գերմանիա եւ Իտալիա եւ ուսումնասիրելու այդ երկիրներն ու անոնց լեզուները:
Սակայն վրայ կը հասնին դժուարութիւններ: Նիւթական միջոցներու պակասը մէկ կողմէն — զինքը ղրկող բարենպատակ ընկերութեան տուած գումարները չէին բաւարարեր կեանքի իր ամէնատարրական պէտքերն իսկ հոգալու — եւ քայքայուող առողջութեան մը տագնապը միւս կողմէն, կը ստիպեն որ ան վերադառնայ Եաշ: Իբր իրաւաբան Եաշի մէջ կը ստանձնէ քանի մը դատեր. բայց տեսնելով որ օրէնքը կը գործէ միշտ խեղճերուն եւ աղքատներուն դէմ եւ արդարութիւնը կը մնայ միշտ չորսացուած թռչունը, զզուանքով կը հեռանայ եւ կը լքէ իրաւաբանական ասպարէզը:
Կու գան տխրութեան եւ լլկումի օրերը: Չհասկցուած եւ չմարսուած՝ իր շրջապատէն: Գոնտա կը խզէ իր յարաբերութիւնները մարդոց հետ եւ կ՚ապրի առանձնացած կեանք մը:
Այս միջոցին գրի կ՚առնէ իր կարգ մը երկերը, որոնք հրատարակութեան կը տրուին շատ չանցած: Ասոնց գլխաւորն է «Ճակատագրապաշտութեան Տեսութիւնը»: Կարեւոր գործեր են նոյնպէս «Տիեզերական Շարժումը» եւ «Բնազանցագիտութեան փորձերը»: Ժամանակակից ռումէն յայտնի գրագէտներ, ի շարս որոնց նաեւ Նեկրուցցի եւ Ալեքսանտրին, առանձին հիացումով կ՚արտայայտուին այս երկասիրութիւններուն մասին:
20 Յունիս 1877-ին, կրթական իշխանութիւնները Պուքրէշի մէջ, քուէարկութեամբ մը, որու մէջ ամէնաշատ քուէ ստացողը կ՚ըլլայ Գոնտա, զինք կը նշանակեն ուսուցչապետ Քաղաքացիական Իրաւունք ճիւղին, Եաշի համալսարանին մէջ։ Գոնտա այս պաշտօնը կը վարէ չորս տարի: Այնուհետեւ, նորէն քուէարկութեամբ եւ առաւելագոյն քուէով, ան կը հրաւիրուի Պուքրէշի համալսարանը. բայց կը մերժէ այս հրաւէրը, չուզելով վնաս հասցնել իր այն երկու ուսուցչապետ բարեկամներուն, որոնք պաշտօնէ պիտի արձակուէին, եթէ ինք ընդունէր իրեն եղած առաջարկը:
1879-1881 Գոնտա կը նետուի լրագրական կրկէսը եւ կը սկսի խուլ պայքար մը «ազատական» կուսակցութեան դէմ: Ասոր կը հետեւի իր ընտրութիւնը ռումանական խորհրդարանին՝ Մոլտովայէն: Այստեղ անիկա կը բոլորէ փայլուն շրջան մը. կը խօսի այնպիսի ճառեր, որոնք հիացումի կ՚արժանանան նոյնիսկ թագաւորին կողմէ: Նախարարապետ Եօնէլ Պրաթիանու տեսնելով այն ոյժը, որուն Գոնտա տիրացած էր խորհրդարանին մէջ, կը փորձէ զայն առնել իր կուսակցութեան մէջ, առաջարկելով անոր ժողովրդական լուսաւորութեան նախարարի պաշտօնը: Եւ Գոնտա կը դառնայ նախարար:
Շուտով ծայր կու տան հակառակորդներու պայքարն ու սադրանքները: Գոնտա զզուած այդ բոլորէն եւ ընկճուած՝ զինք կրծող հիւանդութենէն, կարճ ժամանակ մը պաշտօնավարելէ ետք կը հրաժարի: Կը ստանձնէ Գերագոյն դատարանի դատաւորի պաշտօնը: Այս պաշտօնին մէջ եւս երկար չի մնար ու կ՚անցնի Պիզա, Իտալիա:
Պիզայէն կարճ ժամանակ մը վերջ կը վերադառնայ Ռումանիա, իր հայրենիքը, ուր կը մեռնի 21 Ապրիլ 1882-ին, 37 տարեկան դեռ երիտասարդ հասակին։ Կը թաղուի Եաշի «Յաւիտենութիւն» գերեզմանատունը, ուր կանգնուած է շքեղ յուշարձան մը իր շիրիմին վրայ:
Ռումէններ այսօր Գոնտան կը նկատեն ԺԹ. դարու իրենց ամէնամեծ ազգային դէմքերէն մէկը, ինչպիսին են Էմինէսքու, Կրէանկա, եւ Ռոզէտտի: Համաշխարհային հռչակ ունեցող միտքեր անգամ , ինչպէս՝ Օտտը Հիէբման, Ճօն Լըպօք, Զիլէր, Էռնստ Հէքէլ, Պիւխնէր, Հէրբերտ Սպէնսէր եւ Ջարլզ Դարվին ու բազմաթիւ ուրիշներ, որոնց հետ թղթակցութիւններ ունեցեր է Գոնտա, իր ողջութեան, գնահատանքի եւ հիացումի խօսքեր ըսած են իր մասին:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 570: