Վարդան Աչինակ, (1883), մանկութիւնը անցուցած Պոլիս եւ Ռումանիա։ Նախնական ոսումը ստացած Պարտիզակ։ Աստուածաբանական դպրոցի շրջանաւարտ Հիւս. Ամերիկայէն։ Պարապած քարոզչութեամբ։ 1906-ին առաջին անգամ կու գայ Լիբանան եւ 1909-ին կը հաստատուի հոս իբր «Պրիթիշ Ֆօրէյն Պայպլ Սօսայիթի»ի Լիբանան-Սուրիոյ մասնաճիւղին տնօրէն: Եղած է հիմնադիր «Պայպըլ Լէնտս Կոսթէլ» միսիոնարական միութեան։ 1928-ին Պէյրութի Էշրէֆիէ թաղին մէջ կը հիմնէ երկսեռ բարձրագոյն վարժարան մը «Գոլէժ Էվանժէլիք» անունով, որուն տէրը եւ տնօրէնն է։ Սոյն դպրոցը ցարդ կը շարնակուի եւ կ'ընդունի ամէն ազգի եւ դաւանանքի պատկանող աշակերտներ։ 1913-ին ամուսնացած է Լիբանանի ծանօթ Դրատ ընտանիքի Ֆարէս պէկ Դրատի դստեր՝ Օր.Ասմայի հետ, Վերապ. Աչինակ ժամանակին զբաղած է մեր ազգային յեղափոխական գործերով, քանի մը անգամ բանտարկուած եւ հրաշքով ազատուած։ Սակայն վերջերը «դարձի եկած եւ բաղձանքը եղած է Քրիստոսին ծառայել եւ Անոր թագաւորութեան տարածման համար աշխատիլ» ինչպէս կ'ըսէ ինք։[1]

Վարդան Աչինակ
Ծնած է 1883
Ծննդավայր Էվէրէկ
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն քարոզիչ

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։