Վարդան Սրմաքէշ
Վարդան Սրմաքէշ (11 Փետրուար 1956, Պոլիս, Թուրքիա[1]), զուիցերահայ գործարար ու բարերար։ Զուիցերիոյ «Ֆրանք Միւլըր» ժամագործական ընկերութեան սեփականատէր[2]։
Վարդան Սրմաքէշ | |
---|---|
Ծնած է | 11 Փետրուար 1956 (68 տարեկան) |
Ծննդավայր | Պոլիս, Թուրքիա |
Մասնագիտութիւն | գործարար |
Կենսագրական գիծեր
ԽմբագրելԾնած է Պոլիս։
1980-ական թուականներուն զբաղած է «Cartier եւ Richemont» ժամացոյցներ արտադրող ընկերութիւններու համար պատեաններու, ինչպէս նաեւ՝ «Daniel Roth» ընկերութեան համար մասնիկներու պատրաստամբ, սակայն 1991 թուականին, երբ հանդիպած է ժամագործ Ֆրանք Միւլըրին, անոնք սկսած են համատեղ աշխատիլ ապրանքանիշի յառաջմղման ուղղութեամբ:
Այժմ ան «Franck Muller» ընկերութեան համասեփականատէրը եւ գլխաւոր տնօրէնն է։
Ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ կատարած է 1.3 միլիոն ամերիկեան տոլարի ներդրում, որու արդիւնքին կազմակերպուած է ժամացոյցներու մարմիններու եւ ոսկեայ զարդերու արտադրութիւն:
Սրմաքէշ 1999 թուականէն ի վեր «Արարատ» ֆութպոլի ակումբի համասեփականատէրն է։
Նշանաւոր գործարարը գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ Հայաստանի դրամատնային ասպարէզէն ներս, մասնաւորապէս, «Արցախպանք»ի 39.1 տոկոսի եւ «Արմսուիսպանք»ի 80 տոկոսի բաժնետէրն է[3]։
2013 թուականին ան նշանակուած է Մարսէյլի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս[4]։
Մրցանակներ
ԽմբագրելԻբրեւ գործարար եւ գործիչ Վարդան Սրմաքէշ կարգ մը մրցանքներու տիրացած է․
- 2008 թուականին «Մրցանակ արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ» (Prix De L՚Industrie), որ կը տրուի Ժընեւի Առեւտուրի պալատին կողմէ,
- 2011 թուականին «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» առաջին աստիճանի մետալըին[5]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «The Founders»։ Franck Muller (անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2023-03-10
- ↑ «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ»-ի 6-րդ Տարեկան Ժողովին. «Ունինք 25-Ամեայ Երիտասարդ, Բայց Հմուտ Եւ Իմաստուն Արցախ, Զոր Միասնաբար Պէտք Է Զարգացնենք» Յայտարարեց Վարչապետ Արա Յարութիւնեան – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2023-03-10
- ↑ «ՀԻՆ ԵՐԵՒԱՆԸ՝ ՆՈՐՈՎԻ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2023-03-10
- ↑ ««ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՄԱՐՍԷՅԻ ՀԻՒՊԱՏՈՍ ՎԱՐԴԱՆ ՍՐՄԱՔԷՇԻ ՀԵՏ»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2012-11-06։ արտագրուած է՝ 2023-03-10
- ↑ Վարդան Սրմաքէշ Ստացաւ Պետական Մետայլ