Վարդան Քէշիշեան
Վարդան Քէշիշեան Խաչերի (1883, Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 20 Յունուար 1920, Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ դեղագործ։
Ծնած է | 1883 |
---|---|
Ծննդավայր | Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 20 Յունուար 1920 |
Մահուան վայր | Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Կրթութիւն | Կ. Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական համալսարան |
Մասնագիտութիւն | դեղագործ |
Ծնողներ | հայր՝ Խաչեր Քէշիշեան |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է 1883 թուականին Օսմանեան կայսրութեան Հալէպի նահանգի, Մարաշի գաւառի կեդրոն՝ Մարաշ քաղաքին մէջ։ Դեղագործ-բժիշկ Խաչեր Քէշիշեանի աւագ որդին է։ Ուսանած է ամերիկացի միսիոներներու Մարաշի «Ակադեմի» բարձրագոյն վարժարանին մէջ, այնուհետեւ՝ ամերիկացի միսիոներներու Տարսոնի Սէյնթ Փօլ գոլէճին մէջ, որ թերաւարտ հեռացած է։ 1906 թուականին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական համալսարան]]ի դեղագործական բաժինը եւ դեղագործի վկայական ստացած։
1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ ուղարկուած՝ Զեյթուն, որպէս զինուորական դեղագործ ծառայելու։ Զէյթունի մէջ 8 ամիս ծառայելէ ետք տարագրուած է Քոնիա, ուրկէ ալ ընտանիքով՝ Մեսքենէ։ Այստեղէն փախած է Հալէպ, ուր կրկին մտած է Օսմանեան բանակ եւ որպէս զինուորական դեղագործ ծառայած՝ Նապլուսի (Պաղեստին) ռազմաճակատի վրայ։ 1918 թուականի զինադադարէն ետք վերադարձած է Մարաշ։ 1920 թուականի Յունուար 26-ին՝ Մարաշի հայերու կոտորածի ժամանակ, թուրքերը զինք սրախողխողի ենթարկած են՝ 37 տարեկան հասակին։
Գրականութիւն
Խմբագրել- Գալուստեան Գրիգոր Հ., Մարաշ, Նիւ Եորք, 1934։
- Գալուստեան Գրիգոր Հ., Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն, Նիւ Եորք, 1988։
- «Գեղարդ» սուրիահայ տարեգիրք, Ե. գիրք, Հալէպ, 1996։
Աղբիւր
ԽմբագրելՅարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։