Վարդան Քհնյ. Ասլանեան

Վարդան Քահանայ Ասլանեան (1863 Բինկենան-1915), դեղագործութիւն, ուսուցչութիւն, քահանայ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Բինկեան 1863-ին: Նախնական կրթութիւնը հոն ստանալէ վերջ երեք տարի կը հետեւի դեղագործութեան: 1884-ին Պոլիս գրատուն մը կը հիմնէ: 1889-ին կը շրջագայի Եւրոպա եւ կ՝այցելէ Բարիզի արուեստահանդէսը: Դարձին՝ հիւսուածեղէնի գործարան մը հաստատելով պատուանշան կ՝ստանայ: 1892-ին ծննդավայրը կ՝երթայ եւ ուսուցչութեամբ կ՝զբաղի՝ մինչեւ իր քահանայ ձեռնադրուիլը (1897), տարի պաշտօնաւարելով Զմառա գիւղը (Տիվրիկ): Կը հրաուիրուի Խարբերդ, Ս. Կարապետ թաղին իբր քարոզիչ քահանայ, միաժամանակ աւանդելով Թլկատինցիի դպրոցին եւ աղջկանց Սմբատեան ճեմարանին մէջ պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ կրօնի դասեր: Հին ու նոր Ուիտի դասագիրքերէն զատ՝ կը թողու պատմ. անտիպ երկեր: Վաղեմի աշխատակից պոլսահայ թերթերու՝ կրօնաբարոյական յօդուածներով: Իբր «յեղափոխական» դէմք: Սարսափի օրերուն՝ Խարբերդի բանտը- Թլկատինցի սենեկակից- ուր գրած է երկու գործեր, եւ ուր այլ մտաւորականներու հետ նահատակուած է հուսկ ապա՝ շէնքին հրկիզման պահուն:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկի, Կ. Պոլիս, 1919, էջ 87, հատուած 642