Վարդգէս Տէր Կարապետեան

Վարդգէս Տէր Կարապետեան ( 1928, Պէյրութ - 31 Յունուար 1986, Պէյրութ), Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջին Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եւ միութեան համագաղութային կառոյցի կերտման գլխաւոր ճարտարապետ։


Ծնած է 1928
Ծննդավայր Պէյրութ
Մահացած է 31 Յունուար 1986(1986-01-31)
Մահուան վայր Պէյրութ
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Ուսումնավայր Սեն Ժոզէֆ համալսարան
Մասնագիտութիւն Քաղաքական գիտութիւն եւ Իրաւաբանութիւն
Անդամութիւն Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ան ծնած էր 1928-ին, Պէյրութ․ Սէն Ժոզէֆ համալսարանէն վկայուած քաղաքական գիտութեանց եւ իրաւաբանութեան կաճառներէն[1]։ Պատանի տարիքին մաս կը կազմէ Պէյրութի պասքեթպոլի խումբին՝ դառնալով անոր լաւագոյն մարզիկներէն մէկը։

Իբրեւ հմուտ վարչական, Վարդգէս Տէր Կարապետեան բազմիցս կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մերձաւոր Արեւելքի Պատգամաւորական Ժողովներուն, ներկայացնելով Լիբանանի շրջանը։ 1973-ին, ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը համագաղութային կազմակերպութեան վերածելու յատուկ մարմինին։ Ապա, 1974-ին, 1979-ին եւ 1983-ին կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ իբրեւ ատենապետ ձեռնհասօրէն կը վարէ միութեան աշխատանքները՝ մինչեւ իր նահատակութիւնը 31 Յունուար 1986[1], երբ Լեւոն Պէրպէրեանի եւ Ներսէս Խիւտավերտեանի հետ, Պէյրութի մէջ ան զոհ կ’երթայ զինուած գործողութեան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ական իր գործունէութեան կողքին, Վարդգէս Տէր Կարապետեան կ’ունենայ ազգային-հասարակական բեղուն գործունէութիւն, իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Քաղաքական Ժողովի քարտուղար եւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի երկար տարիներու անդամ։

Յետ-մահու, 14 Նոյեմբեր 2008-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը իրեն կը շնորհէ միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանը։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 ««Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հակահայ Իրերայաջորդ Արարքներ Եւ Սպանութիւններ»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)։ 2016-02-03 

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Մարզիկ ամսաթերթ 2008
  • Ազդակ Օրաթերթ 1986