Վարուժան Թէնպէլեան

Վարուժան Թէնպէլեան (ծն․՝ 1957-ին, Պէյրութ), լրագրող, խմբագիր, մտաւորական եւ հասարակական գործիչ։

Վարուժան Թէնպէլեան
Ծնած է 1957-ին
Ծննդավայր Պէյրութ
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Հայ առաքելական
Մասնագիտութիւն investigative reporter եւ research analyst.
Աշխատավայր Հասարակական գործիչ, խմբագիր
Ամուսին Անի Չէօրէքճեան
Երեխաներ Նարին, Ալիք, Հայկ
Կայքէջ hayemnews.com

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Վարուժան Թէնպէլեան արմատներով՝ հօրենական կողմէ Հաճընցի, իսկ մօրենական՝ Լափաշցի: Հայրը ծնած է Ժպէյլ (Byblos) իսկ մայրը՝ Քարանթինա, Պէյրութ:

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Սուրէն Խանամիրեան ազգային երկրորդական վարժարանին մէջ, ապա մասնագիտացած է հայ գրականութեան եւ հայագիտական նիւթերու մէջ՝ ամողջացնելով Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի քառամեայ դասընթացքը՝ միաժամանակ հետեւելով Հայկազեան Համալսարանի քաղաքական գիտութիւններու բաժանմունքին:

Ան ունեցած է բեղուն գործունէութիւն հասարակական կեանքին մէջ իբրեւ քաղաքական գործիչ։

Գործունէութիւն Խմբագրել

Ազդակ օրաթերթի խմբագիր Խմբագրել

1982-1989 Վարուժան Թէնպէլեան վարած է պատասխանատու խմբագրի պաշտօնը Ազդակ օրաթերթին մէջ՝ ստորագրելով բազմաթիւ յօդուածներ․ ինչպէս նաեւ՝ այլ թերթերու մէջ, հրապարակած է գրախօսականներ, թատերական ու գեղարուեստական քննադատական յօդուածներ:

Լիբանանեան մամուլի աշխատակից Խմբագրել

2000-2003 Վարուժան Թէնպէլեան աշխատակցած է լիբանանեան անգլիատառ Lebanon Opportunities ամսաթերթին եւ Daily Star օրաթերթին:

Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւն Խմբագրել

1989-1999 Վարուժան Թէնպէլեան վարած է Վանայ Ձայն ռատիոկայանի տնօրէնութիւնը։

IFP Group շրջանային ընկերութեան մասնակից Խմբագրել

2003-2017 իբրեւ ուսումնասիրող եւ հրատարակչական գործերու պատասխանատու Թէնպէլեան մաս կազմած է IFP Group շրջանային ընկերութեան անձնակազմին:

Արեւմտահայերէն hayemnews հարթակի հիմնադրում Խմբագրել

2017-ին, արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան եւ տարածման նախանձախնդրութեամբ, հիմնած է hayemnews.com հարթակը, ուր կը հրատարակէ հրապարակագրական, գրական ու գեղարուեստական նիւթեր:

Աղբիւրներ Խմբագրել