Վե­տաթ ­Թիւր­քա­լի

Վետաթ Թիւրքալի (13 Մայիս 1919(1919-05-13)[1][2], Սամսուն, Տրապիզոնի վիլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 29 Օգոստոս 2016(2016-08-29)[3][2], Եալովա, Թուրքիա), թուրք թատերագիր, վիպագիր եւ բեմագիր։

Վե­տաթ ­Թիւր­քա­լի
թրք.՝ Vedat Türkali
թրք.՝ Abdülkadir Pirhasan
Ծննդեան անուն թրք.՝ Abdülkadir
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Vedat Türkali
Ծնած է 13 Մայիս 1919(1919-05-13)[1][2]
Ծննդավայր Սամսուն, Տրապիզոնի վիլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 29 Օգոստոս 2016(2016-08-29)[3][2] (97 տարեկանին)
Մահուան վայր Եալովա, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Մայրենի լեզու թրքերէն
Ուսումնավայր Պոլսոյ համալսարանի գրականութեան բաժին
Պոլսոյ Համալսարան
Մասնագիտութիւն հեղինակ, գրագէտ, ժապաւէնի բեմադրիչ
Երեխաներ Deniz Türkali? եւ Barış Pirhasan?

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է Սամսուն, աւարտած է Սամսունի աւագ դպրոցը, ապա 1942-ին՝ Պոլսոյ համալսարանի գրականութեան բաժանմունքի թուրքերէնի եւ գրականութեան բաժինը:

Մալթեփէի եւ Քուլելիի զինուորական դպրոցներուն մէջ դասաւանդած է գրականութիւն։

1951-ին իր քաղաքական կողմնորոշումներուն համար դատապարտուած է 9 տարուան բանտարկութեան։ 7 տարի բանտարկուելէ ետք պայմանականօրէն ազատ արձակուած է: Հիմնած է «Գառ» հրատարակչատունը:

1960-ին շարժապատկերի բնագաւառին մէջ սկսած է քայլեր առնելու: 1965-ին «Մթութեան մէջ արթնցողները» ժապաւէնը Անթալիոյ «Ոսկէ Նարին» շարժապատկերի փառատօնին արժանացած է ամէնէն լաւ բեմագրութեան մրցանակին։ Ան նաեւ շարք մը այլ բեմագրութիւններու հեղինակ է։

Թիւրքալի Թուրքիոյ քաղաքական պատմութեան, քաղաքական քննարկումներու ոլորտին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ: Նախապէս Թուրքիոյ Համայնավար Կուսակցութեան մաս կազմած Թիւրքալի, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, եղած է աշխատաւորներու, ժողովրդավարութեան եւ խաղաղութեան պայքարի առաջին շարքերուն մէջ[4]։

1958 թուականէն սկսեալ Ան գրած է աւելի քան քառասուն բեմագրութիւններ, բեմին համար հեղինակած է չորս թատերախաղեր եւ գրած՝ ութ վէպ[5]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել