Վերջին Մտքի Հեքիաթը

Վերջին Մտորումի Հեքիաթը, ծագումով հրեայ՝ գերմանացի գրագէտ՝ Էտկար Հիլսենրաթի Վերջին մտքի Հեքիաթը վէպը (Գերմ. Das Märchen vom letzten Gedanken)1915Հայոց Ցեղասպանութեան մասին է։ Դիւցազներգութիւնը, որ հեքիաթի ձեւ ունի եւ որու համար Հիլսենրաթ շահած է բազմաթիւ մրցանակներ, նկատուած է ամէնէն կարեւոր գիրքը այս պատմական ժամանակաշրջանին մասին։ 2006 թուականին Հայաստանի նախագահը ներկայացուց հեղինակը, շնորհելով անոր Հայաստանի Հանրապետութեան Գրականութեան Պետական Մրցանակ իր այս գործին համար։

Բովանդակութիւն

Խմբագրել

Վերջին Մտորումներու Հեքիաթը Պատմութիւնն է Անատոլուի մէջ գիւղի մը, որ քանդուած է թուրքերուն ձեռքով։ Գլխաւոր հերոսը հայ Վարդան Խաթիսեանն է, որու որդին՝ Թովմասը մահամերձ է։ Անոր վերջին մտածումը կ'ըլլայ, մարդու մը վերջին մտածումը, կ'ըսէ հեքիաթը, անժամանցելի է, պատմել իր նախահայրերու պատմութիւնը, հայ ժողովուրդի տառապալից կեանքը։ Պատմողը՝ Մետտահ կ'առաջնորդէ Թովմասի վերջին մտածումը իր հօր կեանքի ուղիով, որ կը սկսի փոքր լեռնային իտէալական գիւղէ դէպի թուրք իշխանապետերու չարչարանքի սենեակները, եւ զինք կը դարձնեն վկան 1915-ին հայ ժողովուրդի դէմ գործուած ցեղասպանութեան։ «Արեւելեան հեքիաթի նման, այս տառապեալ ազգի աւանդավէպերէն եւ առասպելներէն մեկնելով, Հիլսենրաթ կ'երթայ շատ հեռու՝ դէպի հայ ժողովուրդի պատմութիւնը եւ լոյս կը սփռէ ցեղասպանութեան բոլոր զոհերուն վրայ։ Ոչ թէ սիրոյ, յոյսերու եւ հրաշալիքներու մասին գիրք մըն է, այլ՝ դաժանութեան մասին»:(Կողքի հատուածը)Հակառակ որ հեղինակը ընտրած է երեւակայական ժանրը, սակայն պատմական իրողութիւնները, ուշադրութեամբ հետազօտուած եւ ստուգուած են։

Մրցանակներ

Խմբագրել

Իր Վերջին Մտորումի Հեքիաթը դիւցազներգութեան համար Էտկար Հիլսենրաթ ստացած է տարբեր մրցանակներ։ 1989-ին Կունթըր Կրէս, որ շնորհեց իրեն մեծ վարկ վայելող Ալֆրէտ Տոպլին մրցանակը: 2006-ին Հայաստանի նախագահը, պատուեց զինք Հայաստանի Հանրապետութեան Գրականութեան Պետական Մրցանակով։ Հայաստանի մէջ ան կը նկատուի ազգային հերոս։ Դարձեալ 2006-ին իր այս գործին համար Երեւանի Պետական Համալսարանէն ան կը ստանայ Պատուոյ Տոքթորական։

Ընդունելութիւն եւ բանավէճ

Խմբագրել

Հիլսենրաթի վէպի առաջին հրատարակութենէն ետք (Գերմանիա՝ 1989), գրաքննադատ՝ Ալեքսանտր Վոն Պորման կը գրէ Զուիցերիական Նէիւ Զուրխէր Զէթունկ (Neue Zürcher Zeitung) թերթին մէջ՝ համեմատելով Ֆրանց Ուէրֆէլի ''Մուսա Տաղի Քառասուն Օրերը'' վէպին հետ, որ նախապէս կը նկատուէր միջազգային գրականութեան մէջ ամենակարեւոր գիրքը Հայաստանի մասին,«Բայց կը կարծեմ, որ Հիլսենրաթի վէպը նկատառելի կերպով գերադաս է Ուէրֆէլի գործէն. միաժամանակ ըլլալով ե՛ւ պատմական, ե՛ւ բանաստեղծական վէպ մը»:

Համաձայն Տակմար Ս. Կ. Լորանզի Հիլսենրաթի Վերջին Մտորումներու Հեքիաթը (Marchen vom letzten Gedanken) արուեստի ուժգին յայտարարութիւն մըն է ամէն տեսակ կեղեքումի դէմ։ Ցեղապաշտութեան եւ ազգապաշտութեան յոխորտանքին կողքին, Հիլսենրաթ կ'անդրադառնայ անհաւասարութեան, աղքատութեան եւ տգիտութեան, բայց մանաւանդ կեղծիքին, որ գլխաւոր դրդապատճառն էր ցեղասպանութեան։ Դաժան կեղեքումներ եւ հարստահարութիւններ կը կիրարկուէր ժողովուրդի բոլոր խաւերու վրայ եւ դժուար էր պայքարիլ անոնց դէմ։ Չնայած Հիլսենրաթ այս նիւթերը քննարկած է նպատակ ունենալով կասեցնել նման ցեղասպանութիւններու գործադրութիւնը ապագային."[1]:

Մանֆրէտ Օրլիք կը հարէ.«Յաճախ կ'ըսեն, թէ կարելի չէ գրել նման նիւթերու մասին, բայց հեղինակը կրցած է ներկայացնել դաժանութիւնները բազմաթիւ կարճ երկխօսութիւններու եւ շարունակական նկարագրութիւններու միջոցաւ եւ այս ձեւով հասնելով պատմական իրողութիւններու: Հեքիաթներու անմարդկային գիրք մը, որ միայն Հիլսենրաթ կրնայ գրել.”[2]:

Վերջին Մտորումի Հեքիաթը հեղինակը կը դասէ իր ամենաբանաստեղծական գործը։

Անգլերէն թարգմանութիւնը հրատարակուած է 1990-ին Մեծն Բրիտանիոյ մէջ (թղթակազմը՝ 1994-ին):

Յօդուածներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել