Վեր. Փոլ Հայտոսթեան

Վեր. տոքթոր Փոլ Հայտոսթեան, նախագահ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի: Աստուածաբանութեան մագիստրոսը կը ստանայ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանէն: Ամերիկա՝ Նիւ Ճըրզի նահանգի Փրինսթընի առաջատար ճեմարանին մէջ երկրորդ մագիստրոսականը:

Վեր. դոկտոր Փոլ Հայտոսթեան
Քաղաքացիութիւն Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Հայ Աւետարանական
Մասնագիտութիւն Աստուածաբանութեան մագիստրոս
Աշխատավայր նախագահ Հայկազեան համալսարանի
Ամուսին Մարալ
Ծնողներ Լութֆի Հայտոսթեան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Վեր. տոքթոր Փոլ Հայտոսթեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Հայրը Նոր Մարաշի երկրորդական վարժարանի տնօրէնն էր եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը: 1966-ին կը փոխադրուին Թրիփոլի, որովհետեւ հայրը նշանակուած էր Մինա շրջանի հոգեւոր հովիւը եւ դպրոցին տնօրէնը: Վեր. Փոլ Հայտոսթեան մանկութիւնը անցուց Մինայի Հայ Աւետարանական եկեղեցի-դպրոց համալիրին մէջ, ուր էր նաեւ երիցատունը:

Միջնակարգ ուսման համար յաճախեց Թրիփոլիի Ամերիկեան աւետարանական դպրոցը: Երբ 9-րդ դասարան կը հասնի, քրոջ հետ միասին կը յաճախեն Էշրէֆիէի Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանը, եւ միաժամանակ եկեղեցւոյ, պատանեացի, Ջանիցի մէջ աշխուժ անդամներ էին:

Հետագային, Հայկազեան համալսարանի մէջ կ'ընտրէ հոգեբանութեան ճիւղը, որովհետեւ կ՛ուզէր Աստուածաբանութիւն ուսանիլ: Մինչ այդ, որ տակաւին Աստուածաբանութեան չհասած, արդէն իրենց կը տրուի դաշտի ծառայութիւն, որ կը նշանակէ փոքրերու եւ երիտասարդներու հետ աշխատիլ, եկեղեցւոյ մէջ ծառայել, համագումարներու մասնակցիլ, թափուր եւ հեռու եկեղեցիներու մէջ, ուր հոգեւոր հովիւ չկայ, երթալ եւ Կիրակի մը քարոզել:

1984-ին կ'աւարտէ Հայկազեան համալսարանը, իսկ Աստուածաբանութեան մագիստրոսը կը ստանայ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանէն, 1987-ին: Որմէ ետք կը մեկնի Ամերիկա՝ Նիւ Ճըրզի նահանգի Փրինսթընի առաջատար ճեմարանին մէջ երկրորդ մագիստրոսական ընելու եւ աւելի հմտանալու հովուական աստուածաբանութեան մէջ:

Հինգ տարի Նիւ Եորքի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ ամիսը երկու Կիրակի հայերէն կը քարոզէ: Մինչ այդ ամառները Ջանիցի համագումարներու համար Պէյրութ կու գար, եւ այդ միջոցին էր, որ 1990-ին, ընտանիք կը կազմէ: Իր տիկինը Հայկազեան կ՛ուսանէր եւ նաեւ՝ Աստուածաբանականի ուսանող էր։ Միասին ԱՄՆ կը մեկնին, եւ տիկինն ալ մասնակի կերպով ուսում կ'առնէ եւ մասնակի կ'աշխատի, իսկ Վեր. Փոլ Հայտոսթեան կ'ամբողջացնէ տոքթորականը եւ կը դասաւանդէ որպէս դասախօսի օգնական 2-3 տարի:

  Հոս հպարտութեամբ նշեմ, որ թէեւ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը ինծի նիւթապէս կ՛օժանդակէր, սակայն պատուելի եւ տոքթորականի ուսանող ըլլալով հանդերձ շաբաթը 10 ժամ համալսարանի ճաշարանին մէջ պնակ կը լուայի, որպէսզի ապրուստս ճարէի: Ասի ինծի մեծ փորձառութիւն էր, որ սորվեցուց ճակտի քրտինքով աշխատիլ, ապա գոգնոցը հանել եւ դասարան վերադառնալ:
- Վեր. տոքթոր Փոլ Հայտոսթեան
 


1993-ի վերջաւորութեան կը վերադառնան Պէյրութ, ուր դասախօսական պաշտօնը իրեն կը սպասէր Աստուածաբանական ճեմարանին մէջ։ Ինը տարի Աստուածաբանութեան դասախօս ըլլալով կը պաշտօնավարէ:

Այս ընթացքին համայնքին մէջ տարբեր յանձնախումբերու, Միութեան Կեդրոնական Մարմնին մէջ անդամ էր արդէն, նաեւ՝ Հայկազեանի Խնամակալ Մարմնին, 1997-էն:

  2001-ին երբ Հայկազեան համալսարանի նախագահը՝ Տոքթ. Խանճեան,հանգստեան պիտի կոչուէր եւ վերադառնար ԱՄՆ, ուրկէ կու գային Հայկազեանի նախագահները. կազմուեցաւ յանձնախումբ մը նոր նախագահի թեկնածութիւններ ընդունելու: Անդամ էի նաեւ այդ յանձնախումբին: Խնդրեցին որ ես ստանձնեմ թափուր պաշտօնը, մերժեցի եւ հրաժարեցայ յանձնախումբէն: Միջնորդութիւններ եղան եւ միայն վեց ամիս ետք յօժարեցայ, որովհետեւ համոզումներս փոխուեցան:
- Վեր. տոքթոր Փոլ Հայտոսթեան
 


2002 Սեպտեմբերին նախագահի պաշտօնը կը ստանձնէ եւ Հայկազեան համալսարանի շատ գեղեցիկ աւանդը կը զարգացէ: Եւ արդէն 18 տարի կը բոլորէ 2020 թուականին:

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Հ Ա Ր Ց Ա Զ Ր Ո Յ Ց ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՎԵՐ. ՏՈՔԹ. ՓՕԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆԻ ՀԵՏ[permanent dead link]

Հայկազեան Համալսարանի Տնօրէն Վերապատուելի Տոքթ. Փօլ Հայտոսթեան Այցելեց Արժանթին

Կազմակերպութեամբ՝ «Ներկայ Աշխարհը Իր Բարոյական Հարցերով» Նիւթով Դասախօսութիւն[permanent dead link]

Հայկազեան․ Պէյրութի հայկական լուսաւոր կէտերէն

Հասկանալով Քեսապի նշանակութիւնը | Understanding the Significance of Kesab

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Հայկազեան Համալսարան