Վոյէճըր-1 (անգլ.՝Voyager 1) տիեզերական կայան մըն է արձակուած ՆԱՍԱ-ի կողմէ 5 Սեպտեմբեր, 1977-ին: Իբրեւ բաժին մը Վոյէճըր ծրագրին, ճամբայ ելաւ 16 օր ետք իր երկւորեակ կայան Վոյէճըր-2-ի արձակումէն ետք: 38 տարիէ ի վեր Վոյէճըր-1-ը տակաւին կ'աշատի ղրկելով տարբեր տեսակի տեղեկութիւններ որոնք հաւագած կ'ըլլայ իր ճամբորդութիւններու ժամանակ: Ներկայիս 135 AU (2.02×1010 km) հեռու է արեւէն (Յունիս 2016-ի տեղեկութին),[1] ամէնէն հեռու մեզմէ գտնուող տիեզերային կայանն է, եւ միակը որ միջաստղային տիեզերքի (interstellar space) մէջ կը գտնուի:

Կայանին նախնական ու սկզբնական նպատակը թռիչքներ կատարել է Ճուփիթըրի, Սէթըրնի եւ Սէթըրնի հսկայ լուսնի Թայթընի շուրջ: Թեպէտ Վոյէճըր-1-ը կարէլիութիւնը ունէր Փլութոյի շուրջ դառնալ, պայմանաւ որ Թայթընի չի մօտենար, սակայն այդ գործողութիւնը չ'իրականացաւ, որովհետեւ Թայթընը աւելի կարեւորութիւն ունէր ՆԱՍԱ-ի համար:[2][3] Կայանը ուսումնասիրեց օդային պայմանները, մակնիսային շրջանակները, եւ մատանիները. նաեւ եղաւ առաջին կայանը, որ հայթաթեց մեզի երկու մոլորակներուն բոլոր լուսիններուն լուսանկարները:

Սէթըրնի շուրջ պտտումները կատարելէ ետք 20 Նոյեմբեր, 1980-ին, Վոյէճըր-1-ի ծրագիրը շատ աւելի երկարաձգուեցաւ եւ առիթը տրուեցաւ կայանին որպէսզի հասնի մինչեւ միջաստղային տիեզերք, ըլլալով առաջին կայանը հոն հասնելու եւ հոնկէ տեղեկութիւն հաւաքելու:[4] Վոյէճըր-1-ի ծրագրի երկարաձգումը պիտի երկարի մինչեւ 2025, երբ ալ կայանը բաւարար ելեկրդրական ուժի որեւէ մէկ աղբիւր չ'ունի եւ բոլորովին կը դադրի աշխատելէ:

Տե՛ս Նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. JPL.NASA.GOV։ «Where are the Voyagers - NASA Voyager»։ voyager.jpl.nasa.gov։ արտագրուած է՝ 2016-05-23 
  2. «New Horizons conducts flyby of Pluto in historic Kuiper Belt encounter»։ արտագրուած է՝ 2 September 2015 
  3. «What If Voyager Had Explored Pluto?»։ արտագրուած է՝ 2 September 2015 
  4. Barnes Brooks (September 12, 2013)։ «In a Breathtaking First, NASA Craft Exits the Solar System»։ New York Times։ արտագրուած է՝ September 12, 2013