Վոյնիչի ձեռագիր

Վոյնիչի ձեռագիրը (անգլ.՝ Voynich Manuscript), անծանօթ հեղինակի, անծանօթ լեզուով, մօտ 600 տարի առաջ գրուած խորհրդաւոր գիրք մըն է։

Ըստ ռատիօածխածնային վերլուծումներու, հաստատուած է որ ձեռագիրը ստեղծուած է 1404–էն 1438 թուականներուն միջեւ։ Ձեռագրին մէջ քաղաքի միայն մէկ պատկեր կայ, ուր պատկերուած է ծիծեռնակի պոչ յիշեցնող ակռաներով ամրոցի պատ։ 15-րդ դարու սկիզբը նման կառոյցներ կը գտնուէին միայն Իտալիոյ մէջ[1]:

Շատ մը մասնագէտներ Վոյնիչի ձեռագիրը փորձած են վերծանել ու թարգմանել բազմաթիւ անգամներ, բայց ապարդիւն[2]։ Միակ կարեւոր եզրակացութիւնը որուն հասած են մասնագէտները այն է, որ գիրքը գրուած է արհեստական լեզուով եւ հստակ տրամաբանական կառուցուածք մը ունի[3]:

Անուան ծագում Խմբագրել

Գիրքին անունն է Միխայիլ Ուիլֆրետ Վոյնիչ՝ յայտնի գրող Էթել Լիլիան Վոյնիչի ամուսնոյ անուամբ, ով այս գիրքը ձեռք բերեր է 1912 թուականին։ Ներկայիս գիրքը կը գտնուի Եէյլ (Yale) համալսարանի Պէյմէքի հազուագիւտ գիրքերու եւ ձեռագիրներու գրադարանին մէջ։

Նկարագրութիւն Խմբագրել

Գիրքը ունի 240 բարակ մագաղաթեայ թերթիկներ։ Գիրքին կողքին վրայ ոչ մէկ գրուածք կամ նկար կայ։ Թերթերու չափը 15×23 սմ է, գիրքի հաստութիւնը մօտ 3 սմ է։ Էջերու համարակալումը (որ հաւանաբար կը կատարուի գիրքը գրելէ շատ յետոյ) ցոյց կու տայ, որ մօտ երեսուն էջեր չկան։ Գիրքը գրուած է ձախէն աջ։ Համարակալած էջերու քանակը 272 է։ Գիրքը գրուած է փետուրով եւ այդ մէկով ալ գծուած են նկարները։

 
Գիրքէն բաժին մը, որ կը ներկայացնէ բոյսեր:

Ձեւաւորումը եւ բաժինները Խմբագրել

Բացառութեամբ գիրքին վերջին բաժնին, բոլոր էջերը նկարազարդուած են։ Դատելով նկարներէն, գիրքը ունի մի քանի բաժիններ որոնք իրարմէ կը տարբերին ոճով եւ բովանդակութեամբ։

  • Բուսաբանական
  • Աստղագիտական
  • Կենսաբանական
  • Տիեզերագիտական
  • Դեղագործական
  • Դեղատոմսեր

Թարգմանութեան փորձեր Խմբագրել

Երկար տարիներ գաղտնագրութիւն ուսումնասիրողները փորձած են թարգմանել Վոյնիչի անծանօթ լեզուն, սակայն ապարդիւն։ Գիրքի թարգմանութեամբ զբաղուած է նաեւ յայտնի գաղտնագրողը՝ Նիւպոլտը, որ նշանաւոր էր Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ գաղտնագիրներու վերծանումով։ Ան շուրջ եօթը տարի փորձած է վերծանել «Վոյնիչի ձեռագիրը»։ Անոր գիտութեան համեմատ, բանալին վերջին նախադասութեան մէջն է, որ (ըստ Նիւպոլտի թարգմանութեան), հետեւեալը կ'ըսէ: «Դուն ինծի տուիր բազմաթիւ դռներ»։ Այս նախադասութիւնը գրուած է միւս նշաններէն տարբեր նշաններով, ու Նիւպոլտի կարծիքով, անոր հիմքին մէջ կը գտնուին միւս նշաններուն բացայայտումներն ու իմաստները։ Ներկայիս գիրքը բոլորի համար օգտագործելի է, որովհետեւ ան ամբողջութեամբ տեղադրուած է համացանցի մէջ, որ հնարաւորութիւն եւ կարելիութիւն կու տայ բոլորին այդ ձեռագիրը թարգմանել[4]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել