Տապկուած Փիցցա
Տապակուած փիցցա (իտլ.՝ pizza fritta), փիցցայի տեսակ, որ կը պատրաստուի այլ խոհարարական ձեւերով: Սովորական պատրաստման փոխարէն մթերքը կը տապկուի: փիցցայի պատրաստման այս ձեւը յայտնի է Իտալիոյ եւ Սքոթլանտի մէջ, սակայն սքոթլանտական եւ իտալական տեսակներու միջեւ կան բազմաթիւ տարբերութիւններ։
Իտալիա
ԽմբագրելԻտալական pizza fritta ուտեստը առաջացած է Նիապոլի մէջ։ Պատրաստման սկիզբը խմորը կը տապկուի, ապա կը լեցուի պանիրով, միսով եւ որոշ պարագաներու՝ կանաչիով: Այլ տարբերակ է նաեւ բաղադրիչները շերտով ծածկելը, ինչպէս կ՛առնուի calzone պատրաստելու ժամանակ, որ այնուհետեւ կը տապկուի։ Այս տարրատեսակը կը կոչուի panzerotto։ Տապկելը հնարաւորութիւն կու տայ փիցցան պատրաստել առանց վառարանի։ Այդ կը կիրառուի փողոցային տաղաւարներու մէջ, ուր թեխնիկապէս հնոց հնարաւոր չէ տրամադրել:
Սքոթլանտա
ԽմբագրելԱյս փիցցան հասանելի է երկրի բազմաթիւ խանութներու մէջ[1]։ Այն սառեցուած կամ արդէն վառարանին մէջ պատրաստուած ուտեստ է՝ հաստ խմորով՝ վրան աւելցուած միւս բաղադրիչները։ Ապա այն կը տապկուի։ Այս ուտեստը կրնայ մատուցուիլ եւ՛ ամբողջական, եւ կտորներով, տապկուած գետնախնձորի հետ կամ առանց անոր։ Էտինպուրկի մէջ եւ անոր յարակից տարածքներուն փիցցայի հետ կը մատուցուի աղ եւ քացախ, կամ անոնցմէ պատրաստուած սոուս։ Յաճախ նաեւ կը մատուցուի տապկուած գետնախնձորի հետ[2]։