Տարեցախլութիւն
Տարեցախլութիւն, տարեցներուն մօտ յառաջացած լսողութեան մասնակի կորուստը կը կոչուի տարեցախլութիւն։ Ան ընդհանրացած երեւոյթ մըն է, որ կը պատահի տարիքի բերումով, բոլոր մարդոց մօտ, առանց խտրութեան, տղամարդոց եւ կիներուն։ Համայն մարդկութեան 33 առ հարիւրը 55 տարեկանէն ետք, եւ 50 առ հարիւրը 75 տարեկանէն ետք կ'ունենան տարեցախլութիւն, սակայն անոնց մեծամասնութիւնը չ'ընդունիր, թէ իրենք լսողական հարց մը ունին եւ կամ կը ձեւացնեն, թէ բաւարար լսողութիւն ունին[1][2]:
Բժշկականօրէն խլութիւն կը նշանակէ՝ լսողութեան ամբողջական կորուստ։ Ենթական բնաւ չի լսեր եւ կ'ապրի խզուած արտաքին ձայներէ, այսինքն ան կ'ապրի մնայուն խաղաղութեան մէջ։ Սակայն այս երեւոյթը շատ հազուադէպ է։ Ընդհանրապէս, ինչ որ կը տեսնենք մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ, բառացիօրէն լսողութեան մասնակի կորուստն է։
Յաւելեալ
ԽմբագրելԲոլորս տարեցութեան պատճառով կ'ունենանք մարմնական, ֆիզիքական, օրկանական կարողականութիւններու դանդաղեցում, տկարութիւն եւ մաշում։ Այս ընդհանուր մաշումին մաս կը կազմեն նաեւ ականջը եւ լսողութիւնը։
Մեր բնական լսողութիւնը արդիւնք է ականջի ամբողջական առողջ գործելակերպին։ Ականջի արտաքին, միջին եւ ներքին բաժինները առանձնաբար իրենց դերակատարութիւնը ունին բնական լսողութեան գործընթացին մէջ։ Բնական պայմաններու մէջ մեր շուրջը գտնուող ձայները կ'ուղղուին դէպի արտաքին եւ միջին ականջ եւ ապա դէպի ներքին ականջ, ուր լսողական ջիղի՝ քորթեան օրկանի (organ of corti) սկզբնական մազմզուկները (hair cells) կը ստանձնեն այս ձայները եւ կը փոխանցեն զանոնք լսողական ջիղին, որ իր կարգին կը հաղորդէ զանոնք ուղեղին։
Ձեւեր
ԽմբագրելՏարեցախլութիւնը ծերութեան եւ կամ տարեցութեան մէկ արտայայտութիւնն է։ Անիկա կը յայտնուի երկու հիմնական ձեւերով.
- Ականջի ներքին բաժինը կը հիւծի, կը ծերանայ, հետեւաբար բնական ձեւով ձայներու ընկալում ու հաղորդում դէպի ուղեղ տեղի չ'ունենար։
- Ենթական կ'ունենայ ընդհանուր ուղեղային որոշ տկարութիւն կամ դանդաղանք, մասնաւորապէս՝ հասկացողութեան տկարացում, կեդրոնացումի եւ ուշադրութեան նուազում, միտքի դանդաղ գործելակերպ եւ ներքին ականջէն անոր փոխանցուած ձայներու տկար ընկալում։
Այս բոլորին պատճառով կը յառաջանայ լսողական մասնակի կորուստ, որ կը կոչուի տարեցախլութիւն, եւ որ կը պատահի ընդհանրապէս 60-65 տարիքէն ետք։
Տարեցախլութիւնը շատ երկարատեւ գործընթաց մըն է. անիկա կ'երկարի տարիներու վրայ, անակնկալ պատահար մը չէ ան։ Տարեցախլութիւնը կը յառաջանայ ընդհանրապէս դանդաղ ընթացքով եւ կը դառնայ ենթակային մնայուն ընկերը՝ ամբողջ կեանքի տեւողութեան։
Ախտանշաններ
ԽմբագրելՏարեցներ իրենց տարեցախլութեան կ'անդրադառնան զանազան ձեւերով եւ առիթներով։ Անոնցմէ շատերը կը գանգատին իրենց շուրջիններուն՝ ըսելով, թէ հեռատեսիլը շատ մեղմ բացած են եւ իրենք այդ պատճառով չեն ընկալեր հեռատեսիլի հաղորդումները, հակառակ անոր որ անոնք բաւական ուշադրութեամբ մտիկ կ'ընեն հեռատեսիլի հաղորդումները։ Քանի մը ամիսներ առաջ բարեկամ տարեց մը, որ ամէն օր իր արեան շաքարի քանակը կը քննէր յատուկ գործիքով մը, կը գանգատէր, թէ իր գործիքը դադրած է գործելէ, եւ ինք իր արեան շաքարի արդիւնքը չէր գիտնար. սակայն ի յայտ եկաւ, որ գործիքը լաւ կը գործէր, բայց ինք չէր լսեր գործիքին ազդանշանը. այս ձեւով տարեց բարեկամս իմացաւ, որ ինք տարեցախլութենէ կը տառապի։
Տարեցախլութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի մասնագէտ բժիշկի մանրակրկիտ քննութիւններով, ի մասնաւորի՝ լսելաչափութիւնը (audiometry) լսելաչափով (audiometer):
Տարեցախլութիւնը դարման չունի. կորսուած լսողութիւնը կարելի չէ վերադարձնել, սակայն կան լսողական օգնական գործիքներ (hearing aids), որոնք որոշ համեմատութեամբ կը բարելաւեն լսողութիւնը եւ մեծ դերակատարութիւն կ'ունենան տարեցախլութիւն ունեցող անհատներուն կեանքը դիւրացնելու մէջ։
Դժուարութիւններ եւ Հարցեր
ԽմբագրելՏարեցախլութիւն ունեցող անհատներ յաճախ կ'ունենան հետեւեալ դժուարութիւնները եւ հարցերը.
- Իրենց շրջապատին դժուարութիւն կը պատճառեն. անոնք կը բարձրացնեն հեռատեսիլի եւ կամ ձայնասփիւռի ձայնի աստիճանը, որպէսզի կարենան խօսքերը կամ խօսակցութիւնները լսել. անոնք չեն անդրադառնար, որ կը խանգարեն իրենց շուրջինները եւ կամ նոյնիսկ կ'անհանգստացնեն զանոնք։
- Կը գանգատին, որ իրենց շուրջը գտնուողները մեղմ ձայնով կը խօսին։
- Շարունակ կրկնել կու տան իրենց խօսակիցին ըսածները։
- Քանի որ իրենք լաւ չեն լսեր, հետեւաբար բարձրաձայն կը խօսին եւ կը յոգնեցնեն իրենց շուրջը գտնուողները, որոնք կը հակադարձեն եւ կը թելադրեն իրենց, որ քիչ մը մեղմ ձայնով խօսին եւ կամ՝ առանց պոռալու։
- Անոնք կը լսեն շրջապատի խօսակցութեան ձայները, սակայն չեն հասկնար խօսակցութիւնը եւ հետեւաբար կ'ըլլան ջղային։
- Մէկէ աւելի խօսակից ունենալու պարագային, անոնք չեն կրնար հետեւիլ խօսակցութեան, չեն հասկնար խօսակցութիւնը եւ ապշած կը դիտեն շրջապատը։
- Հաւաքոյթներէ եւ խմբային հանդիպումներէ կը խուսափին ու կը մնան մենակեաց։
- Յաճախ սխալ մեկնաբանութիւններ կ'ընեն, հարցումներու սխալ կը պատասխանեն եւ կատակներէ չեն ախորժիր։
- Կը նախընտրեն իրենց խօսակիցին ուղղակի դիմացը կենալ եւ կամ նստիլ ու խօսիլ։
- Անհանգիստ կը զգան, երբ իրենց խօսակիցները հեռուէն եւ կամ կողմնակի կը խօսին։
Ուշադրութի՛ւն
ԽմբագրելԱյն անհատները, որոնք լսողական օգնական գործիք կը գործածեն, պէտք է ուշադրութիւն ընեն հետեւեալ թելադրութիւններուն.
- Օգնական գործիքը պէտք է գործածուի շարունակ, մանաւանդ՝ օր ցերեկով։
- Օգնական գործիքը անվնաս գործիք մըն է։
- Պայման չէ անոր գործածութիւնը երկու ականջներուն։
- Իւրաքանչիւր անձի համար կը պատրաստուի իրեն յատուկ օգնական գործիք, հետեւաբար մէկ գործիք նպատակայարմար չ'ըլլար մէկէ աւելի անձերու համար գործածել։
- Օգնական գործիքը տարին անգամ մը մասնագէտին կողմէ պէտք է քննուի որեւէ խանգարումի պարագային, անիկա պէտք է վերանորոգուի եւ կամ փոխուի։
- Գործիքը գործածող անձը տարին անգամ մը պէտք է այցելէ իր բժիշկին, որպէսզի արժեւորէ լսողութիւնը եւ ի պահանջեալ հարկին՝ փոխէ օգնական գործիքը։
- Կարելի է չգործածել օգնական գործիքը գիշեր ժամանակ։
- Պահել գործիքը ապահով, բայց ոչ խոնաւ տեղ, ինչպէս, օրինակ, բաղնիքի մէջ, որովհետեւ խոնաւութիւնը կը վնասէ գործիքին։
- Լուալ եւ մաքրել գործիքը յատուկ հեղուկներով եւ վրձինով, ապա՝ լաւ մը չորցնել մաքուր լաթով մը։
- Գործիքը լուալու եւ մաքրելու համար չգործածել օճառ եւ ջուր։
- Գործիքը չորցնելու համար չօգտագործել փուռը։
- Հերթաբար քննել գործիքին բարդը (battery) եւ փոխարինել զայն նորով մը, եթէ տկարացած է։
Ծանօթ
ԽմբագրելԲոլորս գիտենք, թէ ծերութեան հետ կը պատահին յարակից զանազան հիւանդութիւններ, մասնաւորապէս՝ շաքարախտ, պնդերակութիւն (arteriosclerosis), զարկերակային խցում (arterial obstruction), արեան տկարացում, քոլեսթերոլի (cholesterol) եւ թրիկլիսերայտի (triglyceride) բարձրացում. այս բոլորը իրենց բացասական ազդեցութիւնը կ'ունենան լսողական ջիղին եւ լսողութեան վրայ, որովհետեւ այս ազդակներու գոյութեամբ, արեան ճամբով բաւարար սնունդ չի հասնիր լսողական ջիղին, որ իր կարգին կը կորսնցնէ իր բնական գործելակերպը եւ կը յառաջացնէ որոշ աստիճանի վերջնական եւ անդարմանելի լսողական տկարութիւն։
Տե՛ս Նաեւ
ԽմբագրելԾանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ D.W. Robinson and G.J. Sutton "Age effect in hearing -- a comparative analysis of published threshold data." Audiology 1979; 18(4): YOLO 320-334 [1] Archived 2016-03-04 at the Wayback Machine.
- ↑ E. Van Eyken, G. Van Camp, L. Van Laer, "The Complexity of Age-Related Hearing Impairment: Contributing Environmental and Genetic Factors", Audiol Neurotol 2007;12:345-358 [2]
Աղբիւրներ
Խմբագրել- «Ազդակ» օրաթերթ, Առողջապահական - Բժշկագիտական, տքթ. Կարպիս Հարպոյեան, 5 Սեպտեմբեր, 2014: