Տիարպեքիրի Ջարդերը (1895)
Տիարպեքիրի Ջարդերը կամ Տիգրանակերտի Ջարդերը կոտորածներ են Օսմանեան կայսրութեան Տիարպեքիրի (Տիգրանակերտի) վիլայեթի մէջ (1895 թուականի նոյեմբերին)։ Այդ իրադարձութիւնները Համիտեան ջարդերու մասն էին, որոնք ուղղուած էին քրիստոնէական բնակչութեան դէմ։
Ֆրանսայի փոխհիւպատոս Մէյրիէի զեկոյցի համաձայն Տիարպեքիրի (Տիգրանակերտի) սանջաքի տարածքին մէջ, 119 գիւղեր, որոնք բաղկացած էին 6000 ընտանիքներէ, թալանուած եւ այրուած էին, մօտ 30 000 քրիստոնեաներ սպանուած կամ անյայտ կորսուած էին։ Մասնաւորապէս Տիարպեքիր (Տիգրանակերտ) քաղաքին մէջ առեւանգած էին 50 կանանց եւ աղջիկներու, իսկ գիւղերուն մէջ այդ թիւը շատ աւելի մեծ էր։ Տիարպեքիր (Տիգրանակերտ) քաղաքի նիւթական վնասներու չափը կը գնահատուէր ըստ Մէյրիէի 2 միլիոն թրքական ֆունտին, իսկ սպանուած քրիստոնեաներու թիւն էր 3000։
Իսլամներու մօտ սպանուածներու թիւը կը կազմէր 195, որոնցմէ 70-ը սպանուած էին իսլամներու կողմէն՝ թալանուած գօրքը բաժնելու ժամանակ։ Ջարդերու ընթացքին մօտ 1500 քրիստոնեաներ կրցած էին պատսպարուիլ Ֆրանսայի հիւպատոսարանին մէջ, իսկ մօտ 3000-ը՝ Սուրբ հայրերու տաճարին մէջ (Монастырь Святых отцов)։ Այն թաղամասերուն մէջ, որոնցմէ քրիստոնեաները ունէին որոշակի զէնք եւ զինամթերք եւ կրցած էին հաւաքել եւ միաւորել բաւարար քանակութեամբ՝ ջարդարարները մուտք չէին գործեր։ Սակայն եռօրեայ ջարդերէն յետոյ թրքակական ուժայինները քրիստոնեաներուն զինաթափած են, իսկ իսլամներու մօտ ձգած էին զէնքերը։ Շատ հայեր ձերբակալուեցան եւ կոտանքներու կ'ենթարկուէին բանտերուն մէջ։
Թուրքերը հայ բնակչութենէն խլեցին անգամ այն փոքրածաւալ օգնութիւնը, որը տրամադրուած էր անօթի մնացած ընտանիքներուն։ Պատճառն այն էր, որ հայ եպիսկոպոսը հրաժարած էր ստորագրել այն փաստաթղթերը, որոնք կը փաստագրէին հայերու մեղաւորութիւնը ջարդերու իրագործման մէջ։
Տե՛ս նաեւ
ԽմբագրելԱղբիւրներ
Խմբագրել- «Геноцид армян в Османской империи», Сборник документов и материалов под редакцией М. Г. Нерсисяна. Второе дополненное издание. Издателсьство «Айастан», Ереван 1983, стр.132 - 137 (Էլեկտրոնային տարբերակ)։