Տիզել (ֆրանսերէն՝ Diesel), Ֆրանսայի ոստիկանութեան RAID ստորաբաժանման մալինուա պելճիքական հովուաշուն, որ սատկափ է Սեն Տենիի մէջ տեղի ունեցած յատուկ գործողութեան ժամանակ՝ Փարիզի մէջ ահաբեկչութիւններ կազմակերպած իսլամական ահաբեկիչները բռնելու եւ ոչնչացնելու ժամանակ։ Տիզել կը ծառայէր տուեալ ստորաբաժանման մէջ 5 տարիէ ի վեր եւ դարձաւ առաջին շունը, որ սատկեցաւ պարտականութիւնները կատարելու ժամանակ։ 2016-ի արնանը պէտք է թօշակի անցնէր[1]։

Պատկեր:Дизель (собака).jpg

18 Նոյեմբեր 2015-ին Տիզել սատկեցաւ Փարիզի Սեն Տենի արուարձանի մէջ ընթացող յատուկ գործողութեան ժամանակ, երբ կը փնտրէր զանգուածային սպաննութիւններ կատարելու մէջ կասկածող յանցագործները[2]․ շէնքի մը վերի յարկը հետախուզելու ժամանակ Տիզել սատկեց մահապարտի գօտիի պայթումէն։ Փարիզի ոստիկանութեան ղեկավարութիւնը պատուեց Տիզելը՝ ցուցաբերած խիզախութեան համար․ Le Parisien թերթը հաղորդեց, որ շունը իր կեանքի գնով փրկած է տէրը[3]։

Յետմահու

Խմբագրել

Ընկերային ցանցերու վրայ շատ օգտատէրեր ցաւակցութիւն յայտնեցին Փարիզի ոստիկանութեան Տիզելի մահուան առիթով՝ հաղորդագրութիւններ գրելով #JeSuisDiesel կամ #JeSuisChien հեշթեկներով։

Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը ի նշան երախտագիտութեան Ֆրանսայի Ներքին Գործոց Նախարարութեան փոխանցեց գերմանական հովուաշան ձագ՝ Տոպրինիա անունով, որ պէտք է փոխարինէ Տիզելը[3][4]։

Բրիտանական PDSA բարեգործական կազմակերպութիւնը, որ սահմանած է Մարիա Տիկինի մետալը, 28 Դեկտեմբեր 2005-ին յայտարարեց սատկած հովուաշան յետմահու տուեալ մետալով պարգեւատրելու մասին, որ կենդանիներու բարձրագոյն բրիտանական մրցանակն է։ Տիզել 30-րդ շունն է, որ պարգեւատրուած է Մարիա Տիկինի մետալով[5]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել