Տորոթէա Տիքս
Տորոթէա Լինտէ Տիքս (4 Ապրիլ 1802[1][2][3][…], Hampden, Փենոբսկոտ շրջան, Մեն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ - 17 Յուլիս 1887[2][4], Թրենթոն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) Ամերիկա Միացեալ Նահանգէն մարդասիրութեան եւ ժողովրդական բարեփոխութեան պահապան մըն է: Հոգեկան հիւանդութիւններ ունեցողներու համար ըրած աշխատութիւնները ԱՄՆ-ի մէջ, համաշխարհային բարեփոխութիւններու պատճառ եղած է:
Տորոթէա Տիքս | |
---|---|
| |
Ծնած է | 4 Ապրիլ 1802[1][2][3][…] |
Ծննդավայր | Hampden, Փենոբսկոտ շրջան, Մեն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Մահացած է | 17 Յուլիս 1887[2][4] (85 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Թրենթոն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Քաղաքացիութիւն | Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[5] |
Մասնագիտութիւն | սոցիալական բարեփոխիչ, հանրային գործիչ, գրագէտ |
Ծնողներ | հայր՝ Joseph Dix?[6], մայր՝ Mary Bigelow?[6] |
Ստորագրութիւն |
Կենսագրութիւն
Խմբագրել1821-ին Պոսթոնի մէջ միայն աղջիկ աշակերտերու համար եղող վարժարան մը բացած է: Մինչեւ 1835 շարունակեց իր ուսուցչութեան ասպարէզը, որ միշտ կ'ընդհատուէր իր առողջական խնդիրներուն պատճառաւ: 1841 թուականին Քեմպրիճ (Մասսաջուսէթս) բանտէն եկող հրաւէրը ընդունեց, որ Կիրակի օրերը դաս տար: Հոն դատապարտուած կնոջ եւ մարդոց հետ բանտարկուած հոգեկան հիւանդներէն շատ ազդուած է: Յառաջիկայ 18 ամսուան մէջ հոգեկան հիւանդներուն մնացած զանազան տեղերը պտտեցաւ: Տեսած սարսափելի տեսարաններուն մասին նահանգի խորհուրդին հետ հաղորդակցած է (1843): Անհրաժեշտ բարեփոխութիւններէ վերջ ուշադրութիւնը դրացի նահանգերու եւ անկէ վերջն ալ արեւմուտքին եւ հարաւային նահանգերուն վրայ կեդրոնացուց: Ապրած տարիներու ընթացքին15-էն աւելի նահանգներու եւ Քանատայի մէջ յատուկ հոգեկան հիւանդանոցներ բացուեցան: Նոյն ժամանակ ըլլալով երկրի զանազան կողմերը, յառաջացած բուժման միջոցներ որոնելու սկսուեցաւ: Իր աշխատութիւններով Ամերիկայէն զատ Եւրոպայի մէջ ալ հոգեկան հիւանդանոցներու համար յաջողեցաւ ուշադրութիւն գրաւել: