Ցիքնոփեմփթի․ (յուն․՝ Τσικνοπέμπτη) մաս կը կազմէ յունական բարեկենդանի (Ափոքրիես Απόκριες) աւանդական տօնակատարութիւններուն։ Բառացի թարգմանութեամբ՝ «ծխոտ Հինգշաբթի» (τσικνα ցիքնա=բոհրած միսի հոտ եւ Πέμπτη փեմփթի=Հինգշաբթի)։ Այդ օրը Յունաստանի ամբողջ տարածքին կը սպառի մեծ քանակութեամբ խորոված, բոհրած մսեղէն։

Հակիրճ տեղեկութիւններ

Խմբագրել
 
Փիթըր Պռիւկել․ «Բարեկենդանի եւ Պահքի կռիւը», 1559 թ

Յունական Բարեկենդանը՝ Ափոքրիես, կը տեւէ երեք շաբաթ։ Շաբաթները կարգով՝

  • Փրոֆոնի (Προφωνή, նախածանուցման շաբաթ),
  • Քրէաթինի (Κρεατινή, միսի շաբաթ․ κρέας=միս)
  • Թիրինի (Τυρινή, պանիրի շաբաթ. τυρί=պանիր)

Ցիքնոփոմփթին Քրէաթինի շաբթուան Հինգշաբթին է։ Այդ օրը յոյները մեծ քանակութեան խորոված միս կը սպառեն։ Մարդիկ մսեղէնի կերուխումը ընդհանրապէս տունէն դուրս կը տօնեն հաւաքներով եւ պարախմբումներով։

Տեղական սովորութիւններ

Խմբագրել
  •  
    Ֆանոս, Քոզանի
    Ըստ յունական ժողովրդագրութեան, Թիվա Ցիքնոփեմփթիին օրը, կը սկսի երկու երիտասարներու ձեւական միջնորդական ամուսմնութիւնը՝ գիւղական հարսանիքը (վլահիքոս ղամոս βλάχικος γάμος), եւ կը վերջանայ Փակեալ Խորանի օրը հարսին օժիտի շքերթով եւ խնամիներուն խնճոյքով։ Այս «հարսանիքին» տեւողութեան ընթացքին, անպակաս են ճակաճանութեան խօսքերը, քէֆը եւ պարը։ Այս սովորութիւնը կապ ունի հին Յունաստանի մէջ Տիոնիսոս աստուծոյ պաշտամունքին հետ։
  • Փաթրա քաղաքին «Փաթրինօ քարնավալի» (Փաթրայի բարեկենդանի տօնախմբութիւն)․ հարիւրաւոր փաթրասցիներ, Ցիքնոփեմփթիին օրը, կանուխէն քաղաքին բոլոր կէտերուն խորովարաններ կը զետեղեն, նոյնիսկ խանութներուն առջեւ։ Անօ Փոլիին Թասի թաղամասը այս տօներուն կեդրոնը կը հանդիսանայ։ Կը սպառեն մեծ քանակութեամբ խորոված միս եւ գինի։
  • Քերքիրայի մէջ կը կատարեն «Քորֆիաթիքա Փեթեղոլեցա» (Κορφιάτικα Πετεγολέτσα կամ փեթեղոլիա πετεγόλια եւ կամ փեթեղոլա πετέγολα)․ յայտնի է իբրեւ «քերքիրացիներու բամբասանքը» որ Քերքիրայի Բարեկենդանի տօնակատարութիւններուն մաս կը կազմէ։
  • Քոզանի քաղաքին մէջ տօնական ճրագվառ՝ «ֆանոս» (φανός) կ՛ ընեն։ Քաղաքին թաղամասերու մէջ մարդիկ ճրագվառ կ՛ ընեն, կը պարեն, գինի կը խմեն եւ մսեղէն կը սպառեն։
  • Քսանթի․ Ժողովրդակագրական միութիւններ քաղաքի կեդրոնական հրապարակին կը ձեռնարկեն «Աւանդական ճաշատեսակներու իրիկուն», ուր առատ գինի եւ մսեղէն կը մեծարուի երաժշտութեան ընկերակցութեամբ։
  •  
    Փիթըր Պռիւկել․ «Բարեկենդանի եւ Պահքի կռիւը», նկարէն բաժին մը, 1559 թ․
    Ֆլորինա քաղաքին Քսինօ Ներօ շրջանը, բարեկենդանեան պարհաւաքոյթ (դիմակը պարտաւորիչ է) կը կազմակերպուի աւանդական երաժշտութեամբ։
  • Սերես․ քաղաքին թաղամասերուն մէջ մարդիկ խարոյկ կը վառեն ու մսեղէն կը խորովեն։ Ապա, կրակին վրայէն կը ցատկեն։ 

Նոյնանման տօներ

Խմբագրել

Նոյնանման տօներ կարգ մը երկիրներու մէջ ծանօթ են իբրեւ «Ուտիք Հինգշաբթի», ինչպէս օրինակ՝ Լեհաստան, Գերմանիա, Իտալիա, Սպանիա, եւայլն։ Լիբանան ծանօթ է իբրեւ «Խամիս ալ սաքարա» Khamis El sakara (խմելու Հինգշաբթի)։

[1] [2] [3] [4] [5] [6]

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել
  1. Khamis El sakara (խմելու Հինգշաբթի)(անգլերէն)
  2. Փաթրայի բարեկենդանը(յունարէն)
  3. Քսինօ Ներօ Ֆլորինա․ բարեկենդանը(յունարէն)
  4. Քսանթիի բարեկենդանը(յունարէն)