Ցոլինէ Շամլեան Աֆարեան

Ցոլինէ Շամլեան Աֆարեան (ծնած է 3 Ապրիլ 1961-ին,Պէյրութ, Լիբանան - 13 Յուլիս 2019-ին Մոնթրէալ, Գանատա): Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի նախկին փոխ տնօրէն եւ «Հորիզոն»ի երկարամեայ աշխատակից:

Ցոլինէ Շամլեան Աֆարեան
Ծնած է 3 Ապրիլ 1961
Մահուան վայր Գանատա, Մոնթրէալ
Ազգութիւն Հայ
Կարողութիւն լրագրող
Մասնագիտութիւն քիմիագիտութեան
Աշխատավայր Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհի ապա փոխ տնօրէնուհի
Ամուսին Վիգէն Աֆարեան
Երեխաներ Արեւիկ

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ցոլինէ Շամլեան Աֆարեան նախնական եւ երկրորդական ուսումը ստացած է Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ, ապա յաճախած է AUB համալսարանը եւ մասնագիտացած՝ քիմիագիտութեան մէջ:

1984-ին փոխադրուած է Գանատա, Մոնթրէալ, ուր շարունակած է իր ուսումը UdeM-ի մէջ՝ հաղորդակցութեան ապա կրթական բաժանմունքներուն դասընթացքներուն հետեւելով:

1991-ին ամուսնացած է Վիգէն Աֆարեանի հետ, եւ բախտաւորուած են դուստրով մը՝ Արեւիկ:

Ցոլինէն կնքեց իր մահկանացուն Շաբաթ, 13 Յուլիս 2019-ին, Sacre Cœur հիւանդանոցին մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան: Տան կարգը տեղի պիտի ունենայ Ս. Յակոբ Առաջ. Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Երեքշաբթի, 16 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, եկեղեցւոյ կարգը՝ Չորեքշաբթի, 17 Յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, իսկ գերեզմանի կարգը՝ L’Éspérance գերեզմանատան մէջ, Ste Dorothée:

Ուսուցչական ասպարէզ Խմբագրել

Ցոլինէ Շամլեան Աֆարեան Մոնթրէալ հաստատուելէն անմիջապէս ետք, 1986-2016 պաշտօնավարած է Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանին մէջ, նախ որպէս շաբաթօրեայի եւ ամէնօրեայի հայերէնի ուսուցչուհի, ապա որպէս փոխ տնօրէնուհի:

Մամուլի աշխատակից եւ «Հայ կեդրոնի ձայն» ռատիոժամ Խմբագրել

1995-2008 Ցոլինէ Շամլեան Աֆարեանանխափան կերպով աշխատակցած է «Հորիզոն» շաբաթաթերթին «Գանատական Հորիզոն» եւ «Գանատահայ Հորիզոն» սիւնակներով, ինչպէս նաեւ 15 տարիէ ի վեր կը ղեկավարէր «Հայ կեդրոնի ձայն» ռատիոժամը:

Անդամակցութիւն Խմբագրել

Ցոլինէ Շամլեան Աֆարեան Լիբանանի մէջ անդամակցած է ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, իսկ Գանատա փոխադրուելէն ետք եղած է ՀՅԴ Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի եւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ, Կեդրոնական կոմիտէի գործավար եւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի գործավար: Ան եղած է նաեւ հաւատաւոր ՀՕՄ-ուհի:

Պարգեւներ Խմբագրել

  • 2004-ին, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի 25-ամեակին, Ցոլինէ Շամլեան Աֆարեան պարգեւատրուած է յատուկ յուշանուէրով մը՝ իր երկարատեւ կամաւոր աշխատակցութեան համար:
  • 2003-ին, Ցոլինէ Շամլեան Աֆարեան պարգեւատրուած է Ethnic Press Council of Canada-ի կողմէ՝ որպէս գանատական լրատուական աշխարհին մէջ ներդրում կատարած «Հորիզոն»ի լրագրող։

Աղբիւրներ Խմբագրել