Փազըլը խաղ, խնդիր կամ խաղալիք մըն է, որ ստեղծուած է 1767-ին[1]: Անիկա կը յայտնաբերէ մարդուն հնարամտութիւնը կամ գիտելիքները:

Փազըլ լուծողէն կ'ակնկալուի, որ տրամաբանական ձեւով կազմէ կտորները (կամ բաժնէ զանոնք)՝ «հանելուկին» լուծումը գտնելու համար:

Փազըլ հնարելու գաղափարը

Խմբագրել

Ճոն Սփիլզպըրիի գործը քարտէսներ պատրաստելն էր: Աշխարհագրութեան դասերը աւելի հաճելի դարձնելու համար այս անգլիացին կը յղանայ գաղափարը` տախտակի մը վրայ փակցնելու քարտէսները, ապա զանոնք կտորներու բաժնել: Աշակերտները պէտք էր զանոնք վերակազմէին` հաճելի ձեւով աշխարհագրական քարտէսները սորվելով: Այս ձեւով է, որ կը ծնի առաջին փազըլի խաղը 1766-ին:

Ձեռքով պատրաստուած փազըլներ

Խմբագրել

Սկզբնական շրջանին փազըլները շատ սուղ էին, որովհետեւ անոնք ամբողջովին  ձեռքով կը պատրաստուէին: Պէտք էր սպասել մինչեւ 1920 թուականին, որպէսզի անոնք մատչելի դառնային մեծ թիւով անձերու:

Անոնց գինը կը նուազի` շնորհիւ պատրաստութեան աշխատանքներու համար գործածուած մեքենաներուն եւ փայտին փոխարէն` խաւաքարտի գործածութեան: Այդ շրջանին արդէն, քարտէսներու կողքին, կարելի էր գտնել փազըլներ, որոնք կը ներկայացնէին տեսարաններուեւ անասուններու գծագրութիւններ[2]:

Փազըլները կազմելու ձեւեր

Խմբագրել

Գոյութիւն ունին բազմաթիւ միջոցներ` փազըլները կազմել սկսելու: Կարգ մը անձեր կը սկսին ծայրերէն, ուրիշներ կը նախընտրեն սկսիլ գունաւոր բաժիններէն:

Կարելի է փազըլները կազմել առանձին, կամ բազմաթիւ անձերու հետ:

Տեսակներ

Խմբագրել

Խաղը աւելի հետաքրքրական դարձնելու համար փազըլ կազմողները հնարած են 3D եւ աւելի մեծ ծաւալ ունեցող փազըլներ: Անոնք կարելիութիւնը կու տան վերարտադրելու, օրինակի համար, նշանաւոր կառոյցներ, մաքեթներու նման: Գոյութիւն ունին նաեւ սքէյփ փազըլներ, այս պարագային նկարը վերակազմելը բաւարար չէ, պէտք է ապա լուծել անոր մէջ գտնուող հանելուկները: Կարելի է գտնել նաեւ աւելի խրթին խաղեր` գաղտնիքներու փազըլները: Այս փազըլներուն մէջ տուփին վրայի նկարը չէ, որ պէտք է կազմել: Պէտք է երեւակայել տեսարանը` կերպարներու տեսողութեան ընդմէջէն կամ տարբեր ժամանակաշրջանի մը: Կան նաեւ համացանցին վրայ միայն տեսողական ձեւի տակ փազըլներ:

Փազըլի մը դժուարութիւնը կախեալ է անոր կտորներու թիւէն: Ամէնէն դիւրին խաղերը ունին քանի մը կտորներ, մինչ ամէնէն դժուարները կազմուած են հազարաւոր կտորներէ[3]:

2016-ին մրցանիշ կ'արձանագրէ «Ռավընս պըրկըր» ընկերութիւնը, որ շուկայ կ'իջեցնէ 40.320 կտորէ կազմուած փազըլ մը:

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել