Փայլակ Ահարոնեան

Փայլակ Ահարոնեան (3 Յունուար 1928, Պէյրութ, Լիբանան - 15 Յունուար 2019, Լոս Անճելըս, ԱՄՆ) [1] [2]վաստակաշատ ուսուցիչ, մանկավարժ, ազգային քաղաքական ու հասարակական գործիչ, ֆութպոլի աչքառու խաղացող, ՀԵԸի «Անդրանիկ-Սեւան» ակումբի վարիչ քարտուղար, ՌԱԿի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանակի կուսակցական գործիչ, Փասատինա-Կլենտէյլի շրջանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան նորակազմ մասնաճիւղի հիմնադիր:

Փայլակ Ահարոնեան
Ծնած է 3 Յունուար 1928
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Մահացած է 15 Յունուար 2019
Մահուան վայր Լոս Անճելըս
Քաղաքացիութիւն  ԱՄՆ
Մասնագիտութիւն մանկավարժ
Գործունէութիւն Ուսուցիչ
Կուսակցութիւն ՌԱԿ
Ամուսին Մարի Յովսէփեան
Ծնողներ Մինաս եւ Արտեմիս
Երեխաներ Արա-Գարեգին եւ Արփի

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Պէյրութ, 3 Յունուար 1928ին, խարբերդցի ծնողներէ՝ Մինաս եւ Արտեմիս, ըլլալով անոնց երկրորդ մանչ զաւակը: Փոքր տարիքին ծնողքին հետ կը տեղափոխուի Թրիփոլի (հիւսիսային Լիբանան), ուր կը յաճախէ տեղւոյն Նուպարեան նախակրթարանը: Այնուետեւ՝ Ֆրերներու վարժարանը մինչեւ միջնակարգ, ապա երկրորդական ուսումը կը շարունակէ Կիպրոսի ՀԲԸՄի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ:

  • 1947ին կը ստիպուի վերադառնալ Թրիփոլի, Խորհրդային Հայաստան ներգաղթելու համար, սակայն իր երազը չ'իրականանար եւ նոյն տարին որպէս ՀԲԸՄի ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ տեղւոյն Խրիմեան Ազգային վարժարանին մէջ:
  • Կ'ամուսնանայ 1951ին, Թրիփոլիի ծխական հովիւ Ղեւոնդ Ա. քհնյ. Յովսէփեանի դստեր՝ Մարիին հետ եւ կը բախտաւորուին երկու զաւակներով՝ Արա-Գարեգին եւ Արփի:
  • Կրթական, երիտասարդական ու կուսակցական աւելի քան 35 տարիներու ծառայութենէն ետք, Լիբանանի ծանօթ դէպքերը կը ստիպեն զինք, որ իր ընտանիքին հետ հեռանայ Լիբանանէն եւ 1980ին հաստատուի Լոս Անճելըս:
  • ԹՄՄի Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ կը նշուի Փայլակ Ահարոնեանի կրթական, ազգային եւ հասարակական գործունէութեան յիսնամեակը, Փետրուար 12, 2000ին, Փասատինայի ՀԲԸՄի «Ալեք Մանուկեան» կեդրոնի հանդիսասրահին մէջ:
  «Այսօր, Հայ Դատի հետապնդումը դարձած է ոգեղինացած իմաստը մեր գոյութեան: Ան պէտք է դառնայ նաեւ համազգային մենաշնորհը հայրենիքի եւ Սփիւռքի բովանդակ հայութեան»:
- Փայլակ Ահարոնեան
 


«Բագրամեան»ի եւ ՀԵԸի «Անդրանիկ» ֆութպոլի խումբեր

Խմբագրել
  • Օժտուած ըլլալով մարզական ձիրքերով, յատկապէս ֆութպոլի մէջ, ան կը դառնայ աչքառու խաղացող մը, հսկողութեանը տակ Յակոբ Աճէմեանի: Կը խաղայ արաբական տեղական խումբերէն եւ Պէյրութի «Բագրամեան»ի եւ ՀԵԸի «Անդրանիկ» ֆութպոլի խումբերէն:

ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՅ ՄՇԱԿԸ

Խմբագրել
  • 1947էն մինչեւ 1966, ամբողջ 19 տարիներ կը պաշտօնավարէ Թրիփոլիի Ազգային վարժարանին մէջ եւ իր պաշտօնին գիտակցութեամբ ալ կը նուիրուի հայ մանուկներու եւ պատանիներու կրթութեան գործին:
  • 1966ին ընտանիքով կը փոխադրուի Պէյրութ, պաշտօնավարելու համար Վահան Թէքէեան վարժարանին մէջ: Իրեն կը վստահուի վարժարանի ուսումնական բաժինի պատասխանատուութիւնը: Իր շրջանին եւ տնօրէն Երուանդ Պապայեանի հսկողութեամբ, աշակերտութիւնը կ'արձանագրէ բացառիկ յաջողութիւններ պետական քննութեանց մէջ, որոնց մասին կ'արձագանգեն տեղական թերթերը:

ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՀԲԸՄ-Ի ԵՒ ՀԵԸ-Ի ՄԷՋ

Խմբագրել
  • 1953ին կը ստանձնէ ՀԵԸի Թրիփոլիի մասնաճիւղին ատենապետութիւնը, զոր կը վարէ բազմաթիւ տարիներ: Գաղութին մէջ Փայլակ Ահարոնեան կ'ունենայ ազգային քաղաքական ու հասարակական աշխոյժ գործունէութիւն: Երկար տարիներ կը ստանձնէ ՀԲԸՄի Թրիփոլիի ատենադպիրի պաշտօնը:
  • 1966էն 1979 եղած է ՀԵԸի «Անդրանիկ-Սեւան» ակումբի վարիչ քարտուղարը: Իր պաշտօնավարութեան շրջանին ակումբը ծաւալած է եռուն գործունէութիւն:
  • Ահարոնեան հիմնական դեր վերցուցած է ՀԵԸի Սին էլ Ֆիլի «Զապէլ Մովսէսեան» կեդրոնի ծրագիրին իրականացման մէջ, եւ իր վարիչ քարտուղարութեան պաշտօնի շրջանին է որ կատարուած է կեդրոնին հիմնարկէքը:
  • 1969ին կը ստանայ ՀԲԸՄի վեթերանի վկայականը, իսկ 1972ին՝ իր 25 տարիներու կրթական ծառայութեանց որպէս գնահատանք՝ կ'արժանանայ ՀԲԸՄի վաստակաւոր ուսուցիչի կոչումին:

ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆԸ ԵՒ ԳՈՐԾԻՉԸ

Խմբագրել
  • 1949ին կը մտնէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերը, կնքահայրութեամբ՝ մեթր Հրաչեայ Սեդրակեանի: Սկզբնական տարիներուն Թրիփոլիի մէջ կ'ունենայ յիշատակելի աշխատանք տեղւոյն ՌԱԿ «Մկրտիչ Աւետիսեան» ակումբին մէջ: Պէյրութ գալով՝ մաս կը կազմէ ՌԱԿի «Միհրան Տամատեան» ակումբին, վարելով վարչական պատասխանատու պաշտօններ:
  • 1976-79 տարիներուն, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին մաս կը կազմէ լիբանանահայութեան միացեալ մարմինին, ուր գործօն մասնակցութիւն կը բերէ հայ աղէտեալներու օժանդակութեան աշխատանքերուն:
  • 1980-81 տարիներուն, Միացեալ Նահանգներ ժամանելէն ետք, կուսակցական տենդը զինք կը մղէ վերսկսելու ազգային-հասարակական գործունէութեան, Քալիֆորնիոյ մէջ: Ան կը վարէ վարիչ-քարտուղարի պաշտօնը ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի շինութեան յանձնախումբին:
  • Կը ստանձնէ «Նոր Օր» եռօրեայի վարիչ-տնօրէնի պաշտօնը, զոր կը վարէ մինչեւ 1997 թուականը: Առընթեր նաեւ ան կը դառնայ ՌԱԿի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանակի կուսակցական գործիչը ու երբեմն ալ մաս կը կազմէ պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմին:

«Վահան եւ Նարդուհի Պէշկէօթիւրեան» կեդրոն

Խմբագրել
  • 1980ին ան կը դառնայ գլխաւոր հիմնադիրներէն մին Փասատինա-Կլենտէյլի շրջանի Թէքէեան Մշակութային Միութեան նորակազմ մասնաճիւղին եւ դեր կ'ունենայ ԹՄՄ «Վահան եւ Նարդուհի Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի իրականացման, Ճանիկ Միսիրեանի, Երուանդ Եթենեքեանի եւ այլ գաղափարի ընկերներով:

«Գերսամ Ահարոնեան» եւ «Համբարձում Գարայեան» զոյգ ակումբներ

Խմբագրել
  • 1981ին անդամ կ'ընտրուի ՌԱԿի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան, երկու տարուան շրջանի մը համար: Նոյն տարին առաւելաբար իր ջանքերով կեանքի կը կոչուին ՌԱԿի նորակազմ զոյգ ակումբները՝ «Գերսամ Ահարոնեան» եւ «Համբարձում Գարայեան»:

Լոս Անճելըսի «Նոր Հայաստան» օրաթերթի թարգմանիչ

Խմբագրել

Փայլակ Ահարոնեան կ'աշխատակցի Վահան Ճանսըզեանի հրատարակած ու խմբագրած Լոս Անճելըսի «Նոր Հայաստան» օրաթերթին, ստանձնելով թարգմանական բաժինն ու լիբանանեան լուրերու սիւնակը:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել