Փարասեթամոլ
Փարասեթամոլ, դեղամիջոց, որ ծանօթ է Ասեթամինոֆէն անունով, կ'օգտագործուի իբրեւ ջերմիջեցնող[1]։
Անիկա սովորաբար կ'օգտագործուի մեղմ եւ չափաւոր ցաւի պարագաներուն։ Երեխաներու ջերմութիւնը իջեցնելու նպատակով կիրարկման վերաբերեալ կան տարբեր ապացոյցներ։ Անիկա յաճախ կը վաճառուի այլ դեղամիջոցներու հետ զուգակցուած, օրինակ՝ պաղարութեան դէմ կիրարկուող դեղամիջոցներու շարքին։ Փարասեթամոլը ցաւազրկողներուն հետ միասին, կ'օգտագործուի նաեւ այնպիսի ծանր ցաւերու պարագային, օրինակ՝ քաղցկեղային ցաւը եւ յետվիրահատական ցաւը։ Անիկա սովորաբար կ'օգտագործուի բերանացի կամ ուղիղ աղիքային ճամբով, ինչպէս նաեւ ներերակային ներմուծման եղանակով։ Արդիւնքները կը պահպանուին երկուքէն մինչեւ չորս ժամ։
Փարասեթամոլ, ընդհանուր առմամբ, անվտանգ է առաջարկուած դեղաչափերով։ Առաջարկուած ամէնէն շատ դեղաչափը ամէնօրեայ կիրարկման պարագային երեքէն չորս կրամ է չափահասներու պարագային։ Աւելի բարձր դեղաչափերը կրնան հասցնել թունաւորման, մինչեւ անգամ լեարդային անբաւարարութեան։ Անիկա ապահով է յղութեան եւ կուրծքով կերակրելու ատեն։ Լեարդի հիւանդութիւններու առկայութեան պարագային անիկա կրնայ օգտագործուիլ, սակայն աւելի քիչ դեղաչափերով։ Անիկա կը դասակարգուի իբրեւ մեղմ ցաւազրկող դեղամիջոց։ Անիկա չունի յատուկ հակաբորբոքային ազդեցութիւն։
Փարասեթամոլը առաջին անգամ ստեղծուած է 1877-ին։ Անիկա Միացեալ Նահանգներուն մէջ եւ Եւրոպայի մէջ ամէնէն տարածուած դեղամիջոցն է, որ կիրարկուին ցաւի եւ ջերմութեան պարագային։ Անիկա ներգրաւուած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հիմնական դեղերու ցանկին մէջ, առողջապահական համակարգին մէջ ամէնէն արդիւնաւետ եւ ապահով դեղերու շարքին։ Փարասեթամոլը հասանելի է իբրեւ դեղամիջոց հետեւեալ վաճառքային անուանումներով՝ Թայլենոլ եւ Փանատոլ։
Փարասեթամոլի չափազանց դեղաչափի ախտանիշները կրնան ի յայտ գալ օրերու ընթացքին, եւ նոյնիսկ եթէ անոնք ակնյայտ դառնան, կրնան նմանիլ կրիփի կամ պաղարութեան ախտանշաններու: Մեծահասակներու համար փարասեթամոլը ներկայիս առաւելագոյն յանձնարարուած չափաբաժինը օրական 4000 միլիկրամ է, այդ չափաբաժինի գերազանցումէ խուսափելու համար`
- Պէտք չէ օգտագործել փարասեթամոլ պարունակող մէկէ աւելի OTC արտադրանք:
- Պէտք չէ օգտագործել միաժամանակ դեղագիրով եւ առանց անոր մէկէ աւելի փարասեթամոլ պարունակող դեղեր:
- Պէտք չէ օգտագործել փարասեթամոլ պարունակող որեւէ դեղի յանձնարարուած չափաբաժինը:
Ապաւինիլ առողջապահական մասնագէտներու
ԽմբագրելՓարասեթամոլը կ'օգտագործուի սովորաբար դեղագրուող ցաւազրկիչ դեղերուն հետ համատեղ, ինչպիսիք են` codeine-ը, oxycodone-ը եւ hydrocodone-ը: Յունուար 2011-ի ամսուան դրութեամբ, FDA-ը յայտնած է, որ փարասեթամոլ պարունակող դեղերու չափազանց տոզերը կը կազմեն ԱՄՆ-ի մէջ փարասեթամոլի հետ կապուած լեարդի վնասուածքի բոլոր դէպքերու գրեթէ կէսը:
Նոյնիսկ եթէ տաքութիւնը կամ ցաւը բազմանայ, պէտք չէ առնել նշուած դեղաչափէն աւելին, կը նշէ FDA-ի վերահսկող բժիշկ Շարոն Հերց, բայց զգուշ պէտք է ըլլալ, «փարասեթամոլ» բառը միշտ չէ, որ ամբողջութեամբ կը գրուի պիտակին վրայ: Փոխարէնը կրնան օգտագործուիլ յապաւումներ կամ հոմանիշներ, ինչպիսիք են Acetaminophen-ը, APAP-ը, Acetaminoph-ը, Acetaminop-ը, Acetamin-ը կամ Acetam-ը:
OTC դեղեր գնած ժամանակ Հերց կ'առաջարկէ սովորութիւն դարձնել դեղագործին գործածած այլ դեղերուն կամ յաւելումներուն մասին տեղեակ պահելը:
Երբ դեղը նախատեսուած է երեխաներու համար, դեղին պիտակի «Ուղղութիւններ» բաժինը ցոյց կու տայ, թէ արդեօ՞ք այս դեղը երեխային տալը ճիշդ է, եւ եթէ`այո, որքանո՞վ պէտք է տալ: Եթէ երեխային ծանրութեան կամ տարիքին չափաբաժինը չէ նշուած պիտակին վրայ, եւ կարելի չէ ըսել, թէ որքա՛ն պէտք է տալ, հարցուցէք ձեր դեղագործին կամ բժիշկին, թէ ի՛նչ պէտք է ընել:
Փարասեթամոլն ու ալքոլը լաւ խառնուրդ չեն: Եթէ օրական երեք կամ աւելի ալքոլային խմիչք օգտագործէ հիւանդը, փարասեթամոլ պարունակող դեղ օգտագործելէ առաջ անպայման պէտք է տեղեկացնել բուժաշխատողը[2]:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Acetaminophen»։ The American Society of Health-System Pharmacists։ արխիւացուած բնօրինակէն հունիսի 5, 2016-ին։ արտագրուած է՝ սեպտեմբերի 16, 2016
- ↑ Փարասեթամոլ