Փիանեփսիոն․ հին Յունաստանի Ատիկեան օրացոյցի չորրորդ ամիսը (23 Սեպտեմբերէն - 23 Հոկտեմբեր) որ Ափոլոնաս աստուծոյ նուիրուած էր։

Ամիսը անունը առած է Փիանեփսիա գլխաւոր տօնէն, որ կը տօնուէր Ափոլոնասի ի պատիւ։ Փիանեփսիա․ Փիանոս (Πυάνος բակլայ)+էփսօ (έψω կը խաշեմ)=բակլա կը խաշեմ։

Ըստ աւանդութեան, երբ Թիսէաս ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Կրետէ Մինոթաւրոսը սպաննելու համար, Տիլոս կանգ կ՛առնէ եւ Ափոլոնաս աստուծոյ զոհաբերութիւն մը կ՛ընէ, խոստանալով թէ եթէ յաղթէ, անոր պիտի ընծայէ ձիթենիի զարդարուած ճիւղեր։ Թիսէաս երբ կը վերադառնայ, խոստումը կը կատարէ։ Նաեւ վերադարձի ճամբուն վրայ, նաւուն մէջ ուտելիքի պաշարը սպառած ըլլալով, եօթներորդ օրը անոր ընկերները ինչ որ գտնեն կը հաւաքեն եւ կը պատրաստենի բակլայով ճաշ մը։ Այս սովորութիւնը Ափոլոնասի ի պատիւ կ՛անուանուի Փիանեփսիա եւ անունը այդ ամիսին կու տայ։

[1] [2] [3] [4] [5]

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Էքաթոմվէոն

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել