Փինք Ֆլոիտ
Փինք Ֆլոիտ (անգլ.՝ Pink Floyd), Բրիտանական փրոկրեսիվ/փսիքոտելիկ ռոք խումբ է։ Յայտնի է իր ստեղծագործութիւններուն մէջ շօշափուող փիլիսոփայական եւ հայեցակարգային թեմաներով, ձայնային եւ լուսատեսողական փորձարկումներով եւ շքեղ համերգներով։ Հիմնադրուած է 1966 թուականին: Վերջին ալպոմը՝ The Endless River, հրապարակուած է 2014 թուականին[1]։
Փինք Ֆլոիտ |
---|
Պատմութիւն
ԽմբագրելԽումբը ստեղծուած է 1966 թուականին Քէմպրիճի քոլէճի շրջանաւարտներ Սիտ Պարրըթի եւ Ռոճըր Ուոթըրսի կողմէ։ Պարրըթը այդ ժամանակ արդէն իսկ բազմաթիւ երգերու եւ բանաստեղծութիւններու հեղինակ էր, իսկ Ուոթըրսը 1965-էն ռիթմ-էնտ-պլիւզ կը նուագէր "SIGMA-6" խումբին մէջ, որուն անդամները՝ Ռիք Ռայթը (ստեղնաշարային գործիքներ) եւ Նիք Մէյսընը (հարուածային գործիքներ) եւս ներգրաւուեցան Փինք Ֆլոիտի կազմին մէջ։ Զանոնք ցնցեց Պարրըթի անսովոր, սիւրռէալիստական փոէզիի միախառնումը Ուոթըրսի իւրայատուկ փսիքոտելիկ էֆֆեքտներուն հետ։ Կարճ ժամանակով անոնց միացաւ կիթառահար Պոպ Քլոուզը, իսկ նախապէս "The Screaming Abdabs" կոչուած խումբը Պարրըթի առաջարկով վերանուանուեցաւ "The Pink Floyd Sound" (պլիւզմէններ Փինք Անտըրսընի եւ Ֆլոյիտ Քաունսիլի անուններուն համատեղումով)։ Խումբը ելոյթներ կ՚ունենար լոնտոնեան ակումբներուն մէջ, իսկ 1966 թ. Դեկտեմբերին մենեճէրներ՝ Էնհրիւ Քինկի եւ Փիթըր Ճեննըրի ղեկավարութեամբ ձայնագրեց առաջին սինկլը՝ "Arnold Layne"։ Բրիտանական ազգային ռատիոն հրաժարեցաւ հեռարձակել երգը, այդուհանդերձ անիկա մտաւ բրիտանական հիթ-շքերթ եւ վերջին հաշւով նուաճեց 6-րդ հորիզոնականը։ Պարրըթի փոէզին՝ համեմուած Կրէմի եւ Քերոլի կերպարներով, լայն ճանաչում գտաւ։ Այդ ընթացքին Պարրըթը աւելի ու աւելի կը տարուէր թմրադեղերով (յատկապէս LSD-ով) եւ կ՚իյնայ տեսիլքներու մէջ, երթալով կը կտրուէր շրջակայ աշխարհէն եւ կ՚ընկղմէր իր ներքին խնդիրներուն մէջ[2]։
Ստեղծուեցաւ խումբին առաջին մեծածաւալ շօն - "Games for May", որով նշանաւոր դարձաւ խումբին յետագայ ճանապարհը։ "See Emily Play"-ը եւս մտաւ հիթ-շքերթ, խումբը գրաւեց մամուլի ուշադրութիւնը։ Ինչպէս յետագային գրեցին քննադատները, երեւան կու գար նոր՝ այսպէս կոչուած «ելեկտրոնային փուլսէյշընի» ոճը, որու ծիրին մէջ կը միախառնուէին ինչպէս՝ դասական եւ ճազ, այնպէս ալ՝ հնագոյն անգլիական եւ շոթլանտական մեղեդիները, իսկ մօտ ապագային պէտք է յայտնուէր հիփփիական պսիքոտելիկան։
1967-ին հրապարակուեցաւ խումբին առաջին ալպոմը՝ ի դէպ, ձայնագրուած լեկենտար "Abbey Road" ստուտիոյի եւ The Beatles-ի հաւանական ազդեցութեամբ՝ "The Piper at the Gates of Dawn" (Սրինգահարը արեւածագի դարպասներուն մօտ), ուր Պարրըթի անդրաշխարհային թեքսթերը եւ խելագար ձայնային երանգաւորումները թերեւս իրենց գագաթնակէտին կը գտնուէին։ Անիկա մեծ հռչակ բերաւ խումբին, իսկ Սիտի արուեստի որոշ սիրահարներու կարծիքով՝ դարձաւ լաւագոյնը խումբի ողջ պատմութեան ընթացքին։
1967-ին տեղի ունեցաւ Փինք Ֆլոիտի առաջին Բրիտանական համերգային շրջագայութիւնը, որ մեծ աղմուկ յառաջացուց։ Սակայն այն ունեցաւ եւ բացասական երանգ՝ երբեմն Պարրըթը բեմին վրայ կը դադրէր նուագելէ, եւ հայեացքը ուղղած դահլիճին՝ կ՚ընկղմուէր ինքն իր մէջ։ Ուժեղ թմրադեղերը իրենց քայքայիչ ազդեցութիւնը կը ձգէին Պարրըթի գիտակցութեան վրայ։ Վերջիվերջոյ, անոր փոխարէն խումբ հրաւիրուեցաւ Ուոթըրսին ընկերը՝ արտակարգ կիթառահար եւ նաեւ երգիչ Տէյվիտ Կիլմորը, որն ալ որոշ ժամանակ անց պաշտօնապէս զբաղեցուց Պարրըթի տեղը։ 1968-ին յայտնուեցաւ խումբին նոր ծրագիրը - "A Saucerful of Secrets". կրկին մեծ յաջողութիւն, մասամբ շնորհիվ "Corporal Clegg" երգի, որ կը պատմէ փայտէ ոտքով եւ թագուհիի շնորհած մետալով հայրենիք վերադարձած զինուորին մասին։
Սիտի հեռացումէն յետոյ Ուոթըրսի քաղաքական ձախ հայեացքները եւ Կիլմորի սէրը կատարեալ պլիւզի եւ զանգուածային աննկարագրելի շօերու նկատմամբ պէտք է վճռորոշէին խումբին հիմնական ոճը։ Նոյն 1968-ին Փինք Ֆլոիտը շրջագայեցաւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, Ճափոնի եւ Աւստրալիոյ մէջ՝ մեծապէս խթանելով ձայնապնակներու վաճառքը եւ հետաքրքրութիւնը խումբին հանդէպ[3]։ «Մեծ, լաւագոյն եւ համապարփակ» շօ ստեղծելու ցանկութեամբ խումբը համերգ կազմակերպեց լիճին վրայ՝ հրավառութեան, պայթիւններու, վեր լողացող հսկայական փչովի ութոտանիի եւ ձուկերու ուղեկցութեամբ, ինչը հերթական սքանտալի մը պատճառը դարձաւ։
1969 թ. հրապարակուեցաւ "More" ծրագիրը եւ "Ummagumma" կրկնակի ալպոմը՝ երկու խիստ տարբեր աշխատանքներ։ Եթէ առաջինը կազմուած էր լիրիկական հանգիստ երգերէ, ապա երկրորդը կը ներկայացնէր ելեկտրոնային աղմկոտ մետիթէյշըն (առաջին սկաւառակին), ինչպէս նաեւ՝ համերգային կատարումներ (երկրորդ սկաւառակին)։
Յաջորդ ալպոմը - "Atom Heart Mother" (1970), մեծ յաջողութիւն ունեցաւ։ Ալպոմի "If" երգին մէջ կը զգացուի չիրականացած յոյսերու եւ առանձնութեան ցաւը, անելանելիութեան ճիչը։
Նոյն թուականին խումբը համերգներ կու տայ տարբեր երկիրներուն մէջ, ներկայացնելով հին երգերը ("Relics") եւ նոր ծրագիրը ՝ "Meddle", որ նկարահանուեցաւ Փոմփէոսի ամֆիթատրոնին մէջ։ Միքելանճելօ Անթոնիոնիի "Zabriskie Point" ֆիլմին համար խումբին գրած երաժշտութիւնը մրցանակի արժանացաւ։ Յայտնի հնչիւնային ռեժիսէոր Ալան Փարսընսի, սաքսոֆոնահար Տիք Փէրրիի եւ վոքալ խումբի մասնակցութեամբ 1972 թ. Յունիսին սկսաւ եոթամսեայ աշխատանքը "The Dark Side of the Moon" (Լուսինի մութ կողմը) ալպոմի վրայ, որ մրցանիշային նուաճումներ ունեցաւ եւ անուանուեցաւ բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռոք-ալպոմներէն մէկը։ Տասնեոթ տարուան ընթացքին այն մշտապէս Միացեալ Նահանգներու լաւագոյն ալպոմներու ցանկին վրայ էր (1995-ի տուեալներով վաճառուած էր ալպոմի 28 միլլիոն օրինակ)։ Քննադատները զայն կոչեցին «ձայնագրութեան մասին պատկերացումներու յեղաշրջում»։ Հոս Ուոթըրսի թեքսթերը կը բարձրացնեն այն տեսակի կարեւոր խնդիրներ, ինչպէս՝ հիասթափութիւնը կեանքէն, մահուան վախը, կեանքը բարեփոխելու ձգտումները, երիտասարդութեան անտաղանդ վատնումը ("Time"), հակառակումը անձնասիրութեան եւ բռնութեան ("Money", "Us and them"), անհատի հիւանդագին օտարումը իրականութենէն ("Brain damage")։
1974-75 թուականներուն ձայնագրուած "Wish You Were Here" ալպոմը նուիրուած էր Պարրըթի տաղանդի վաղաժամ շիջումին։ Ալպոմի երգերէն յատկապէս յիշարժան է "Shine on You Crazy Diamond" (Շողա խելագար ադամանդ)։
Յաջորդ ալպոմը ("Animals") վերադարձ էր դէպի դաժան իրականութիւն, դրամի եւ իշխանութեան անասնական տիրակալութիւն, որ խստօրէն կը ծաղրուէր Ուոթըրսի փոէզիին մէջ։ Նոյնանուն շօյի մը մէջ սոցիումը հանդիսատեսին առջեւ կը բարձրանայ որպէս ոչխարներով, խոզ-տիրակալներով, շուն-հսկիչներով բնակեցուած աշխարհ։ "Pigs on the Wing"-ը հիթ կը դառնայ, իսկ թռչող հսկայ փչովի խոզերը, որ ի վերջոյ կը պայթին՝ խումբի համերգներուն մշտական ուղեկից։
1979 թ. կը յայտնուի "The Wall"-ը։
“The Wall”-ը կրկնակի ձայնասկաւառակն էր։ Այն իրմէ էփիքական ռոք օփերա կը ներկայացնէր՝ գրուած մէկ շունչով։ Ինչպէս եւ նախորդ ձայնասկաւառակը, “The Wall”-ը ամբողջականութիւն մըն էր եւ ստեղծագործութիւնները զիրար կը յաջորդէին առանց միջերգային դադարներու։ Այս ձայնասկաւառակը կը դառնայ Փինք Ֆլոիտի լաւագոյն աշխատանքներէն մէկը, շատերուն կարծիքով լաւագոյնը, գերազանցելով “The Dark Side of the Moon”-ին։ Թողարկումէն յետոյ խումբը կը մեկնի համաշխարհային մեծ շրջագայութիւններու։
1980 թ. Ռոճըր Ուոթըրսը կ՚առաջարկէ բեմադրիչ Ալան Փարքըրին նկարահանել ֆիլմ՝ “The Wall” ձայնասկաւառակի երգերու եւ իր՝ Ուոթըրսի գրած սենարիոյով։ Գլխաւոր դերին մէջ նկարահանուած է Պոպ Կելտոֆը՝ “Boomtown Rats” խումբէն, աւելի յայտնի որպէս “Live Aid” և “Live 8” բարեգործական համերգ-նախագիծերու հեղինակ եւ կազմակերպիչ։
Ֆիլմը տպաւորիչ էր եւ ատոր որպէս հետեւանք “The Wall” ձայնասկաւառակը ա՛լ աւելի ճանաչում ձեռք բերաւ խումբին։
Սիտ Պարրըթի հեռանալէն յետոյ միանձնեայ առաջատարի դերը ստանձնած էր Ռոճըր Ուոթըրսը.այդ հանգամանքը խումբին միւս անդամներուն հաճելի չէր։ “The Wall” ձայնասկաւառակիէն յետոյ այդ խնդիրները աւելի կը սրուին եւ ի վերջոյ Ռիչըրտ Ռայթը կը ձգէ խումբը։
1983 թ. Փինք Ֆլոիտը կը թողարկէ հերթական ձայնասկաւառակը “The Final Cut” անուանումով, բայց արդէն առանց Ռայթի։ Այս հանգամանքը նկատելի էր։ Չնայած Ռայթին փոխարինող գտնուած էր ի դէմս Մայքըլ Քամէնի եւ Էնտի Պոուի, այնուամենայնիւ անոնք չկրցան լիովին փոխարինել անոր։
Ձայնասկաւառակի բոլոր ստեղծագործութիւններու հեղինակը Ռոճըր Ուոթըրսն էր, այլ կերպ ըսած, ձայնասկաւառակը կարելի էր համարել Ուոթըրսի անհատական նախագիծը, կատարուած՝ Փինք Ֆլոիտի միւս երկու անդամներուն հետ։ Ձայնասկաւառակը ընդգծուած հակապատերազմական բնոյթ կը կրէր։ Շատերուն կարծիքով Ուոթըրսը չափէն դուրս քաղաքականացուցած էր զայն եւ ոչ պատշաճ ուշադրութիւն դարձուցած երաժշտութեանը։ Չնայած ձայնասկաւառակի քանի մը երգեր «հիթ շքերթ»-ին տեղեր զբաղեցուցին՝ այնուամենայնիւ “The Final Cut” Փինք Ֆլոիտի վերջին տարիներու թողարկած ամէնատկար ձայնասկաւառակը ստացուեցաւ։
Սովորաբար ձայնասկաւառակ թողարկելէն յետոյ խումբը կը մեկնէր շրջագայութիւններու, այս անգամ խախտեցաւ այդ աւանդոյթը, աւելին՝ ձայնասկաւառակի թողարկումէն յետոյ Ուոթըրսը կը յայտարարէ խումբէն հեռանալու մասին, այդպիսով վերջ դնելով Փինք Ֆլոիտի գոյութեանը։
Չորս տարի անց՝ 1987 թ. Կիլմորը եւ Մէյսընը կ՚որոշեն վերածնել Փինք Ֆլոիտը, բայց առանց Ուոթըրսի։ Կը սկսին ձայնագրութիւններ նոր՝ “A Momentary Lapse of Reason” անուանումով ձայնասկաւառակի համար։ Ձայնագրութիւններուն կը մասնակցէր նաեւ խումբի երրորդ անդամը՝ Ռիչըրտ Ռայթը, բայց որպէս հրաւիրուած երաժիշտ։
Ձայնասկաւառակը ջերմօրէն ընդունուեցաւ Փինք Ֆլոիտի սիրահարներուն կողմէն, այն պատրաստուած էր դասական Փինք Ֆլոիտեան ոճով։ Այսպէս խումբի անդամները ապացուցեցին, որ առանց Ուոթըրսի ալ, որ Pink Floyd-ի երգերէն շատերուն հեղինակն էր, խումբը կրնայ արդիւնքի հասնիլ։
Ձայնասկաւառակի թողարկումը անհետեւանք չմնաց։ Թողարկումէն յետոյ, Ուոթըրսը Կիլմորին եւ Մէյսընին դատի կու տայ "Pink Floyd" անունը օգտագործելու համար։ Երկարատեւ քաշքշուկներէն յետոյ այնուամենայնիւ Կիլմորի եւ Մէյսընի կը յաջողուի պահպանել "Pink Floyd" անունը օգտագործելու իրաւունքը։ Այնուհետեւ Փինք Ֆլոիտը կը մեկնի համաշխարհային մեծ շրջագայութիւններու, որ կը տեւէ գրեթէ երկու տարի։ Այս շրջագայութիւնները խումբի պատմութեան մէջ ամէնաերկարատեւը եւ ամէնահամերգաշատն էր։ Խումբը տուաւ շուրջ 100 համերգ, որմէ 45-ը՝ Եւրոպայի մէջ։ Համերգները աչքի ինկան նաեւ հարուստ տեքորներով՝ բեմային մեծ էքրանով, 300 աւելի թարթող լոյսերով, լազերային էֆեքտներով եւ այլն։ Այս ամէնը տեղէ տեղ տանելու համար 45 բեռնատար մեքենաներ կը պահանջուին։ Շրջագայութիւններու ընթացքին կը թողարկուի “Delicate Sound of Thunder” ձայնասկաւառակը, որուն կէսէն աւելին այս շրջագայութիւններու համերգային ձայնագրութիւններն էին, մաս մըն ալ խումբի աւելի վաղ շրջանի դասական ստեղծագործութիւնները։
Երկամեայ շրջագայութիւններէն յետոյ կը տիրէ երկարատեւ դադար։ Յաջորդ ձայնասկաւառակը կը թողարկուի 1994 թ. անուանուելով՝ “The Division Bell”։ Այս ձայնասկաւառակին մէջ Ռայթը հանդէս եկաւ արդէն խումբի որպէս լիիրաւ անդամ։
“The Division Bell”-ը բաւականին մեծ յաջողութիւն ունեցաւ եւ շատ հիթ շքերթներու մէջ զբաղեցուց առաջին հորիզոնականները։ Ձայնասկաւառակի թողարկումէն յետոյ, սովորութեան համաձայն, խումբը նորէն կը մեկնի շրջագայութիւններու։
1995 թ. Կը թողարկուի կրկնակի ձայնասկաւառակ “P*U*L*S*E” անուանումով։ Հոս տեղ գտած էին խումբի հին և նոր համերգային ձայնագրութիւնները։ 2005 թ. Յուլիս 2-ին, մէկ կողմ ձգելով բոլոր վիրաւորանքներկ եւ անհամաձայնութիւնները, Փինք Ֆլոիտը կը հաւաքուի իր դասական կազմով՝ Ռոճըր Ուոթըրս, Տէյվիտ Կիլմոր, Նիք Մէյսըն, Ռիչըրտ Ռայթ, եւ շատ ուրիշ հանրայայտ խումբերու հետ կը մասնակցի Պոպ Կելտոֆի կազմակերպած “Live 8” բարեգործական համերգ նախագիծին։ Սակայն այս վերամիաւորումը միայն մէկ համերգի համար էր։ Ատկէ ետք Ուոթըրսի հետ յետագայ համագործակցութիւն չեղաւ։
“The Division Bell”-էն յետոյ, խումբը նոր "The Endless River" ձայնասկաւառակը հրապարակեց 2014 թ.-ին։
2008 թուականի Սեպտեմբեր 15-ին 65 տարեկան հասակին քաղցկեղէ կը մահանայ Ռիչըրտ Ռայթը՝ ի չիք դարձնելով Փինք Ֆլոիտի լիարժէք վերամիաւորուելու յոյսերը։
Սկավառակագրություն
ԽմբագրելԱլպոմներ
Խմբագրել- The Piper at the Gates of Dawn (1967)
- A Saucerful of Secrets (1968)
- Soundtrack from the Film More (1969)
- Ummagumma (1969)
- Atom Heart Mother (1970)
- Meddle (1971)
- Obscured by Clouds (1972)
- The Dark Side of the Moon (1973)
- Wish You Were Here (1975)
- Animals (1977)
- The Wall (1979)
- The Final Cut (1983)
- A Momentary Lapse of Reason (1987)
- The Division Bell (1994)
- The Endless River (2014)
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ http://www.saberingles.com.ar/reading/pink-floyd.html
- ↑ http://www.angelfire.com/biz/velvetlounge/editorial.html
- ↑ «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2008-04-18-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-10