Փոլ Տոլան (անգլերէն՝ Paul Dolan, 10 Մայիս 1968(1968-05-10), Լոնտոն, Միացեալ Թագաւորութիւն), բրիտանացի գիտնական, գրող եւ ակադեմական[1]: Լոնտոնի տնտեսագիտութեան եւ քաղաքական գիտութիւններու դպրոցին մէջ վարքային գիտութիւններու բաժինի ղեկավար եւ փրոֆէսոր:

Փոլ Տոլան
Ծնած է 10 Մայիս 1968(1968-05-10) (56 տարեկան)
Ծննդավայր Լոնտոն, Միացեալ Թագաւորութիւն
Քաղաքացիութիւն  Միացեալ Թագաւորութիւն
Ուսումնավայր Swansea University?
«Եորք» Համալսարան
Մասնագիտութիւն համալսարանի դասախօս, հասարակական գիտությունների ոլորտում գիտնական
Աշխատավայր Լոնտոնի Տնտեսութեան համալսարան
London School of Economics and Political Science Department of Psychological and Behavioural Science?

Գիտնականին հետաքրքրութիւնները կապուած են երջանկութեան երեւոյթի ուսումնասիրութեամբ, անոր պատճառներուն եւ հետեւանքներուն ինչպէս անհատի, այնպէս ալ ընդհանրապէս հասարակութէան համար:

Միշտ երջանիկ` փախչելով կատարեալ կեանքի առասպելէն» գիրքին մէջ բացայայտած է մեր երջանկութեան աղբիւրներուն շարք մը առասպելները` պնդելով, որ կրնան այլ, անսպասելի ուղիներ ըլլալ` մնայուն երջանկութեան:
- Փոլ Տոլան


Գիրքեր

Խմբագրել
  • «Happiness by Design»,
  • «Happy Ever After»:

Պարգեւներ

Խմբագրել

2002 թուականին ստացած է Ֆիլիփ Լեւերհուլմի մրցանակն առողջապահութեան տնտեսութեան մէջ ներդրած աւանդին համար, մասնաւորապէս՝ տարիներու ընթացքին կեանքի որակի վերաբերեալ հետազօտութեան ոլորտին մէջ կատարած աշխատանքին համար (QALY)[2]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Ձախողիլ` Յաջողելո՞ւ Համար...»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2019-07-26։ արտագրուած է՝ 2021-02-28 
  2. «Philip Leverhulme Prizes 2002»։ The Leverhulme Trust [permanent dead link]