Քաապայի տաճար (արաբերէն՝ الكعبة‎), խորանարդաձեւ կառոյց Մեքքայի կեդրոնը[1], իսլամներու գլխաւոր սրբավայրը[2]։ Վաղ ժամանակներէն սկսեալ ողջ աշխարհի իսլամները աղօթելու ատեն կ'ուղղուին դէպի Քաապա։ Ըստ իսլամներու՝ Քաապան Ալլահին առաջին տունն է, որ կը խորհրդանշէ իսլամներու միասնութիւնը. իսլամները դէպի Մեքքա կ'ուղղեն իրենց սիրտերն ու մարմինները։

Քաապայի յատակագիծը

Ի սկզբանէ եղած է հեթանոսական տաճար, ուր գոյութիւն ունեցած են արաբական տարբեր կուռքեր։ Մուհամմէտ մարգարէին՝ Մեքքայէն Մատինա (Եասրիպ) փախուստի ժամանակաշրջանին՝ 622, իսլամները աղօթելու ատեն կ'ուղղուէին Երուսաղէմ, իսկ Մեքքայի ազատագրումէն ետք՝ Քաապա։

Պատմութիւն

Խմբագրել

Ըստ Աւանդութեան՝ երբ կը ծնի Աբրահամի եւ Հաժարի որդի Իսմայիլը, Աբրահամի միւս կինը՝ Սառան, կը նախանձի ու ու Աբրահամէն կը խնդրէ, որ զիրենք հեռու տեղ մը ուղարկէ։ Այն ատեն ամենազօր Ալլահ (Աստուած) կը լուսաւորէ Աբրահամի միտքը (արաբերէն՝ Իպրահիմ), որ ան զիրենք տանի Մեքքա, ուր մերթ ընդ մերթ կ'այցելէր զիրենք։

Օր մը, Աբրահամ կը տեսնէ, թէ Իսմայիլ նետեր կ'արձակէր Զամզամ աղբիւրին մօտակայքը։ Ան կ'ըսէ, թէ Ալլահ հրամայած է, որ հոն տուն մը կառուցուի։

Այսպիսով՝ Աբրահամ եւ Իսմայիլ կը կառուցեն Ալլահին Տան պատերը։

Մէկ այլ աւանդութեան համաձայն՝ Քաապան կառուցած էր Ադամը, իսկ Աբրահամն ու Իսմայիլը միայն վերակառուցած են զայն[3]։ Կը պատմուի նաեւ, որ քարերը ուղարկուած են դրախտէն եւ անոնց գոյնը ձիւնի պէս սպիտակ եղած է, սակայն մարդոց մեղքերը զանոնք սեւցուցած են:

Ծանօթագրութիւն

Խմբագրել
  1. Al-Azraqi (2003)։ Akhbar Mecca: History of Mecca։ էջ 262։ ISBN 9773411273 
  2. Wensinck, A. J; Kaʿba. Encyclopaedia of Islam IV p. 317
  3. Wensinck, Arent Jan (1978). "Kaʿba". In van Donzel, E.; Lewis, B.; Pellat, Ch. & Bosworth, C. E. (eds.). The Encyclopaedia of Islam, New Edition, Volume IV: Iran–Kha. Leiden: E. J. Brill. pp. 317–322. OCLC 758278456.