Քաղաքական եւ ընկերային կացութիւնը 1920-1945 տարիներուն

Մեկնակէտի այս տուեալներէն՝ ինչպէ՞ս կը զարգանայ հայութեան քաղաքական եւ ընկերային կեանքը

Խմբագրել

Սփիւռքահայութեան կացութիւնը պէտք է քննել՝ զայն տեղադրելով ապաստան-երկիրներու կացութեան մեջ. գոնէ Արեւմտեան աշխարհի եւ Միջին Արեւելքի երկու գլխաւոր գօտիներու հոլովոյթին մէջ։

Ասոնցմէ՝ Արեւմուտքը (Եւրոպա ու Ամերիկայի Միաց. Նահանգներ) պատերազմէն ետք կը ձգտին բնակչային եւ տնտեսական վերականգնումի։ Ճիգին մասնակից հայ գաղթականութիւնը կ՛ապրի տեղական ժողովուրդներուն խառնուած, տնտեսապէս համարկուած անոնց։ Գաղութային կառոյցներէն՝ գործօն են եկեղեցին, քաղաքական, մշակութային, ընկերա-բարեսիրական եւն. կազմակերպութիւնները, մամուլը՝ (յաճախ՝ քաղաքական-կուսակցական մամուլ), գրեթէ լրիւ կը բացակայի կենսական կառոյց մը՝ հայ դպրոցը։

Միջին Արեւելքի պայմանները տարբեր են. հոն՝ առաւելաբար որբանոնցներէ ելած նոր սերունդ մը կ՛աճի եւ կեանք կը մտնէ։ Ան կ՛ապրի շատ աւելի համախումբ, յաճախ եւ տնտեսապէս մեկուսացած տեղական ժողովուրդներէն, որոնցմէ զինք հեռու կը պահեն որոշ տարբերութիւններ՝ մշակութային, կրօնական եւ այլն, նոյն այս պատճառներով՝ աւելի կարեւոր է եկեղեցիի դերը։

Սակայն հոս, մանաւանդ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն մէջ որդեգրուած Ազգային Սահմանադրութեան հիմամբ, ազգային-թեմական գործերուն մէջ նախաձեռնող դեր ունի աշխարհականութիւնը-գաղութներու ժողովուրդը։

Նոյնպէս, աւելի գործօն են քաղաքական եւ այլ կազմակերպութիւններ։ Ու կը գործէ դպրոցական խիտ ցանց մը։

Հինէն սփիւռքեան տիպի մշակոյթ զարգացուցած, թէեւ արեւելահայերէն լեզուով, Իրանի հայութիւնը աւելի կամ նուազ կը մասնակցի Միջին Արեւելքի մնացեալ հայութեան կեանքի պայմաններուն։

Այս կենսունակութիւնը անկայուն է սակայն, քանի կարեւոր մասով՝ կախում ունի արտաքին-առակայական պայմաններէ եւ հայութեան արուեստականօրէն մեկուսացեալ վիճակէն։

Արեւելահայութիւնը՝ հայրենի հայութիւն դարձած է. բայց ան եւս կ՛ապրի քաղաքական եւ ընկերային վերիվայրումներ։ Համայնավար գաղափարաբանութեան ու խարհրդային քաղաքական պլոքին պատկանիլը՝ զայն կարեւոր չափով կ՛առանձնացնէ մնացեալ հայութենէն։ Զայն աւելի եւս կը տկարացնէ «եղբայրական հանրապետութիւններու» կողմէ խլումը յարակից հայկական նահանգներու։ Արդէն, ջանք կը թափուի ստեղծել ընկերային նոր կառոյցներ ու մարդկային նոր տիպար, ազգայինէն հեռու ու տարբեր ներշնչումներով։ Կը գործածուին նաեւ բռնամիջոցներ՝ յատկապէս առաջին այս քսանամեակին, եւ դեռ քիչ մը աւելի ետք։

Այս բոլորով մէկտեղ՝ նոր ու ամենադրական տուեալ է, պետականօրէն կազմակերպեալ հայութիւնը։ Ան պիտի տայ հաւատարմութեան իր տուրքը, բայց պիտի յաջողի կերտել տնտեսական ու քաղաքացիական սեփական ենթակառոյցներ, գոնէ մասամբ։

Խստացումի պահերուն, ինչպէս 1930-ականներու կէսէն ետք, կամ 40-ականներու աւարտին, հալածանք, աքսոր եւ մեծաթիւ մահապատժումներ՝ այս նվաճումներուն սուղ փոխ-հատուցումը պիտի կազմեն։